ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ. ԿԱՐԵՒՈՐ «ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ» ՄԸ` 1960-1961 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ (ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ)

Զարեհ կաթողիկոս

Տասնամեակներ շարունակ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու մէջ ծառայելէ ետք, երբ 2011-ի փետրուարին վեհափառ հայրապետին հաւանութեամբ վերջնականօրէն վերադարձայ հոգեւոր տունս` Անթիլիասի մայրավանք, առաջին գործերէս մէկը եղաւ վերահաստատել մտերմութիւնս գիրքերու աշխարհին` մատենադարանին հետ: Նպատակս էր հաւաքել այն նիւթերը, որոնք օգտակար պիտի դառնային ինծի` կարենալ ամբողջացնելու համար կարգ մը ուսումնասիրութիւններ, որոնց ձեռնարկած էի տարիներ առաջ, սակայն չէի կրցած աւարտել անոնց անհրաժեշտ աղբիւրներու բացակայութեան պատճառով:

Երբ կը թղթատէի կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ` «Հասկ»ի 1961 տարուան յունուարի թիւը, յանկարծ հաճելի անակնկալի մը առջեւ գտնուեցայ: Այնտեղ էջ 38-39 լոյս ընծայուած էր Գրիգոր վրդ. Փիտեճեանի ստորագրութեամբ կարեւոր գրութիւն մը` «ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԱՍԻՆ» խորագիրով: Սոյն տեղեկագիրը ներկայացուած էր այդ օրերու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Բնականօրէն ես մեծապէս հետաքրքրուած էի այս տեղեկագիրով: Առաջին հերթին անոր բովանդակութեան ծանօթանալը կարեւոր էր ինծի համար, մանաւանդ որ այս օրերուն Քուէյթի համայնքը զանազան հանդիսութիւններով կ՛ոգեկոչէ Քուէյթի ազգային վարժարանի հիմնադրութեան 50-ամեակը: Ես ուրախ էի նաեւ հետեւեալ պատճառով:

Առաջնորդական ծառայութեանս տարիներուն առաջնահերթ սկզբունք եղած էր ինծի համար, ո՛ր թեմի մէջ ալ գտնուէի, ջանալ առաւելագոյն չափով ծանօթանալ առհասարակ այդ երկրի եւ ի մասնաւորի տուեալ թեմի ժողովուրդի անցեալի պատմութեան, որպէսզի ճանչնալով իմ ժողովուրդիս անցեալն ու ներկան` կարենայի լաւագոյն ձեւով ծառայել անոր:

Կը յիշեմ երբեմնի Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմի պարագան` իր Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի առաջնորդանիստ կեդրոնով, ուր ապրած ու գործած էի շուրջ քառորդ դար եւ այդ ընթացքին շատ բան սորված էի այդ պատմական թեմի անցեալին մասին: Որքան կը պեղէի անոր պատմութիւնը, աւելի կ’անդրադառնայի այն իրողութեան, որ տակաւին բազմաթիւ չուսումնասիրուած աղբիւրներ կան անոր մասին` թէ՛ Նոր Ջուղայի վանքին եւ թէ՛ այլ երկիրներու զանազան արխիւներուն մէջ: Այդ նիւթերը կա՛մ չէին բացայայտուած եւ կա՛մ ալ անոնց վրայ դարերու փոշին նստած ըլլալով` ամէն ինչ մոռացութեան տրուած էր:

Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի անցեալին եւ ներկային մասին յաճախ հարցազրոյցներ ունեցած էի հայկական մամուլի եւ հեռատեսիլի միջոցով: Դիւրին էր խօսիլ անոր ներկայ վիճակին մասին, սակայն 50-ական եւ 60-ական թուականներու քուէյթահայութեան առաջին սերունդին մասին իմ ունեցած տեղեկութիւններս սահմանափակ էին:

Ունեցած էի մտերմիկ զրոյցներ հին սերունդի հազուագիւտ ներկայացուցիչներուն հետ, որոնցմէ քաղած էի որոշ հիմնական տեղեկութիւններ: Համայնքը երկրի քաղաքական եւ տնտեսական ցնցումներու պատճառով անցած էր տարբեր փուլերէ, թուականօրէն աճած էր եւ ապա` մեծապէս նուազած: Նաեւ գիտէի, որ Քուէյթի առաջին բազմավաստակ քահանան եղած էր Պարոյր քհնյ. Սարգիսեանը, որ շրջան մըն ալ պաշտօնավարած էր որպէս դպրոցի տնօրէն:

Ես անձամբ ծանօթ էի տէր հօր, քանի որ ան 1961-1962 ուսումնական տարեշրջանին Անթիլիասի Քահանայից դասարանի ուսանողներէն էր եւ այդ տարին, որպէս դպրեվանքի հայերէն լեզուի ուսուցիչ կը դասաւանդէի նաեւ քահանայացուներուն: Սակայն չէի գիտեր` ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Քուէյթի նորակազմ գաղութը իր վարչական կապը հաստատած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ, որուն դրական արդիւնքը եղած էր ընդհանրապէս համայնքին կրօնական եւ ազգային կեանքի կազմակերպումը եւ յատկապէս Քուէյթի ազգային վարժարանի հիմնադրութիւնը, որուն 50-ամեակը կը տօնուի անցեալ տարուընէ ի վեր, Քուէյթի մէջ:

Կրկին անգամ կարդալով  Գրիգոր վրդ. Փիտեճեանի «ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ»ը` ինծի համար պարզ դարձան հետեւեալ իրողութիւնները:

1960-ին Քուէյթի մէջ եղած է շուրջ 5000 հաշուող հոծ հայութիւն: Նորահաստատ գաղութը այդ թուականին արդէն իսկ ունեցած է համայնքի կեանքը կառավարող մարմին մը, որուն կ՛ակնարկէ հայր սուրբը իր տեղեկագրին մէջ, որպէս հոգաբարձութիւն: Ահա այդ հոգաբարձութիւնն է, որ խորապէս մտահոգ գաղութի հայութեան վիճակով` պաշտօնապէս դիմած է Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի տէր եւ պաշտպան կանգնի «կեանքի պայմաններու բերումով անհովիւ մնացած» Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներուն:

Վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով անոնց խնդրանքին, Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով Քուէյթ ուղարկած է Անթիլիասի երիտասարդ միաբաններէն Գրիգոր վրդ. Փիտեճեանը:

Երուանդ Պարսումեան, Գարեգին կաթողիկոս եւ Պարոյր քհնյ. Սարգիսեան

Հայր սուրբը 1960-ի դեկտեմբեր 29-ին օդանաւով մեկնած է Քուէյթ, ուր արժանացած է ամբողջ Քուէյթի հայութեան ջերմ ընդունելութեան: Հիւրը եղած է հոգաբարձութեան ատենապետ Երուանդ Պարսումեանին: Մնացած է Քուէյթի մէջ շուրջ չորս շաբաթներ, որուն ընթացքին պատարագած, քարոզած եւ կարդացած է Զարեհ կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը` նուիրուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յԱնթիլիաս հաստատման եւ դպրեվանքի հիմնադրութեան երեսնամեակին, շեշտելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ դպրեվանքին վերապահուած իւրայատուկ դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը:

Այս հոգեւոր առաքելութիւնը նաեւ առիթ մը եղած է հայր սուրբին` «անձամբ հաստատելու այն ազնիւ զգացումներն ու անվերապահ սէրը, որ [Քուէյթի հայերը] կը տածէին ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ, բայց մասնաւորապէս Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին եւ անոր արժանընտիր [Զարեհ Ա.] գահակալին հանդէպ»:

Հոգաբարձութեան քարտուղարը եղած է Յակոբ Յովհաննէսեան, որուն ընկերակցութեամբ հայր սուրբը մասնակցած է քրիստոնէական յարանուանութեանց հետ գումարուած ժողովին` որպէս Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ:

Այստեղ ի միջի այլոց կ՛ուզենք յայտնել, որ հաճելի զուգադիպութեամբ մը վերոյիշեալ երկու անձնաւորութիւններէն առաջինին` հոգաբարձութեան ատենապետ  Երուանդ Պարսումեանին հետ իմ անձնական բարեկամութիւնը, որպէս գրչեղբայրի, սկսեալ Լիբանանէն մինչեւ Լոնտոն, շուրջ 50 տարուան անցեալ ունեցած է: Ան որպէս բանաստեղծ եւ արձակագիր` իր հեղինակած գէթ ինծի ծանօթ տասը հատորներով դարձաւ սփիւռքահայ գրական շրջանակներուն ծանօթ անուն մը, իսկ որպէս ճարտարապետ` Ֆրանսայէն վկայեալ, Քուէյթի պետութեան համար իր կառուցած հսկայական շէնքերով արդէն իսկ այդ օրերուն կը վայելէր բարձր հեղինակութիւն Քուէյթի մէջ:

Յակոբ Յովհաննէսեան

Ինչ կը վերաբերի ժամանակի հոգաբարձութեան քարտուղար` Յակոբ Յովհաննէսեանին, Քուէյթի մէջ երախտաշատ ազգային-հասարակական գործիչ ըլլալէ առաջ, ան եղած էր 1952-1954 տարիներու ընթացքին իմ սիրելի ուսուցիչը Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասի Լուսինեան ազգային վարժարանին մէջ, այն տարիներուն, երբ նոյն դպրոցին տնօրէնն էր յայտնի մտաւորական Սարգիս Բախտիկեանը, որ հետագային դարձաւ միաբան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Այս անուններուն յայտնաբերումը հայր սուրբի տեղեկագրին մէջ` իմ մէջ կ՛արթնցնէր աւելի քան կէս դարու անցեալ ունեցող յիշատակներ, որոնց ընդմէջէն ես կը տեսնէի մեր գաղութներու կրօնական ու ազգային, կրթական ու մշակութային կեանքի կազմակերպչական ճիգերը եւ անոնց մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած դէմքերն ու դէպքերը:

Յատկանշական է, որ հայր Գրիգոր Փիտեճեանը կը յիշէ, որ` «կարգ մը անհատներու ձեռնարկութեամբ կազմակերպուած է դպրոց մը` Քուէյթի հայ վարժարան անուամբ, որուն կ՛աշակերտին նաեւ արաբ ուսանողներ»:

Նոր տարիին, հոգաբարձութեան գիտութեամբ եւ հաւանութեամբ, ներկայ կը գտնուի այս վարժարանի Ամանորի հանդէսին: «Այս առիթով տպաւորութիւնս է,- կ՛ըսէ հայր սուրբը,- դպրոցին կը պակսի անհրաժեշտ կազմակերպութիւնը, եւ անմիջապէս միջոցներ պէտք է ձեռք առնուին անմիաբանութիւն յառաջացնող այս հարցը լուծելու…»:

Ըստ երեւոյթին, տակաւին Ազգային վարժարանի չվերածուած այս դպրոցին շուրջ այդ օրերուն գոյութիւն ունեցած են վէճեր: Որքան որ ծանօթ ենք, անհատներու պատկանող կամ անհատական նախաձեռնութեամբ հիմնուած այս նոյն դպրոցն է, որ հետագային վերածուած է Ազգային վարժարանի, եւ որուն յիսնամեայ պատմութեան ընթացքին այդ վէճերը առաւել կամ նուազ չափով միշտ ալ եղած են: Երբեմն անոնք այնքան սուր բնոյթ ստացած են, որ ամբողջ համայնքին կեանքը փոթորկած են…:

Փա՛ռք Աստուծոյ, վերջին 5-6 տարիներու ընթացքին Քուէյթի ազգային վարժարանը ունեցած է կայուն վիճակ: Հաւաքական ճիգերով արձանագրած է կարեւոր վերելք: Անոր կրթական մակարդակը բարձրացած ու աշակերտութեան թիւը աճած է: Ներկայիս ճանչցուած է որպէս Քուէյթի լաւագոյն դպրոցներէն մէկը: Ունի մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան,  ուր աշակերտները կը պատրաստուին Քուէյթի պետական պաքալորէայի քննութեանց:

Այս կապակցութեամբ կ՛ուզենք անձնական վկայութիւն մը կատարել: 2002-ին 316 աշակերտ ունեցող դպրոցը այժմ` 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանին, ունի 440 աշակերտ: Դպրոցին կալուածը կը պատկանի ազգին, դպրոցական շէնքերը բարեզարդուած են եւ` նոր շինարարութիւններով օժտուած: Դպրոցի ուսուցչական կազմին անդամները մեծամասնութեամբ հայեր են:

Վստահ ենք, որ եթէ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ նոր մեծ ցնցումներ չյառաջանան, յառաջիկային, ամէն տարի, միջին հաշուով 13-15 նոր աշակերտներով պիտի աւելնայ դպրոցի աշակերտներուն թիւը:

Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը Քուէյթ. կողքին՝ Կորիւն արք. Պապեան

Նաեւ առ ի գիտութիւն կ՛ուզենք յայտնել, որ Ազգային վարժարանի բոլոր աշակերտները հայ են, իսկ հայ դպրոցը միակն է Քուէյթի մէջ, ուր հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, Հայ դատի կողքին, համայնքի ծխատէր քահանայ եւ բազմավաստակ ուսուցիչ տէր Արտակ Քէհեաեանի միջոցով, կը դասաւանդուի կրօնի դասը:

Մէկ այլ հետաքրքրական տեղեկութիւն կը գտնենք այս տեղեկագրին մէջ, երբ ան կ’ըսէ, թէ Սուրբ Ծննդեան պատարագէն եւ ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, նոյն օրը, յետմիջօրէին, մասնակցած է նորակազմ Կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ կատարուած հանդէսի մը: Ուրեմն, նախքան ամէնօրեայ ազգային վարժարանի հիմնադրութիւնը, գաղութը արդէն իսկ ունեցած է իր Կիրակնօրեայ վարժարանը, որուն հիմնադիրներն ու ուսուցիչները, Հալէպէն բերած իրենց փորձառութեամբ, յաջողութեամբ կատարած են կրօնական-հայեցի դաստիարակութեան գործը, որ այսօր ալ կը շարունակուի տէր հօր վերահսկողութեամբ:

Կ՛իմանանք, որ գաղութը տագնապեցնող գլխաւոր խնդիրը եկեղեցի չունենալու հարցն է: Առ այդ, հայր սուրբը կը գրէ հոգաբարձութեան մեծագոյն իղձն է, որ օր առաջ իրականանայ եկեղեցի մը ունենալու ծրագիրը…»: Նկատի ունենալով, որ սեփական եկեղեցի ունենալու հարցը ինքն իր մէջ առանձին յօդուածի մը նիւթ կրնայ դառնալ, ուստի, զանց ընելով այս կապակցութեամբ մեր ունեցած լայն տեղեկութիւնները, կ’անցնինք տեղեկագրի եզրափակիչ բաժնին, ուր  Գրիգոր վարդապետ կ՛ըսէ, թէ վերոյիշեալ դժուարութիւնները լուծելու համար իրենք` իրենց յոյսը դրած են ու աչքերը յառած` այս հաստատութեան [Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան], որմէ կը սպասեն ե՛ւ հայրական խնամք ե՛ւ բարոյական մեծ քաջալերութիւն, «որ արդէն իսկ վայելած ըլլալու քաղցր երախտագիտութիւնը ունին»:

Ի պատասխան այս թախանձագին խնդրանքին, Զարեհ Ա. երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետը, տածելով իր հայրական խնամքը քուէյթահայութեան վրայ, նոյն տարուան վերջաւորութեան համայնքը օժտած է մնայուն ծխատէր քահանայով մը: 1961-ի դեկտեմբերին տէր Պարոյր Սարգիսեանը ուղարկած է Քուէյթ, որմէ ետք Քուէյթի հայ համայնքը դարձաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ աճող ու զարգացող, Միջին Արեւելքի գաղութներէն գոյացած նոր ու բարգաւաճ գաղութ մը, որ շարունակաբար ստացած է իր հոգեւոր սնունդը Անթիլիասէն:

Տասնամեակներ ետք Քուէյթի հովուութիւնը վերածուեցաւ «Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմ»ի, երբ Ծոցի Էմիրութեանց մէջ նաեւ հաստատուեցան մեծ թիւով հայեր, որոնք ունենալով իրենց Ազգային վարչութիւնները` թեմը ստացաւ իր ներկայ վիճակը:

Այս տեղեկագիրը ներածական գրութեամբ մը վերահրատարակելու մեր գլխաւոր նպատակը եղած է առաջին հերթին ցոյց տալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս Քուէյթի մէջ ազգային կառոյցներ ստեղծուած են 1961-էն սկսեալ:

Երկրորդ` մեր փափաքն էր կրկին անգամ բացայայտել այն իւրայատուկ եւ անփոխարինելի, օրհնաբեր եւ փրկարար դերակատարութիւնը, որ ունեցած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր անձնուէր միաբանութեամբ եւ դպրեվանքով, ինչպէս նաեւ յարակից բազմաթիւ կրօնական ու դաստիարակչական, կրթական ու մշակութային, մարդասիրական եւ բարեսիրական, տնտեսական ու կալուածական մարմիններով` ողջ սփիւռքահայութեան հայօրէն գոյատեւելու սրբազան պայքարին մէջ:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 1930-ին Անթիլիաս հաստատուելէն ետք եւ յատկապէս վերջին 50 տարիներու ընթացքին, սկսեալ Զարեհ Ա. եւ անոր յաջորդած Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներով, իսկ ներկայիս Արամ Ա. շնորհազարդ հայրապետի իմաստուն եւ քաջարի հովուապետութեամբ, կը շարունակէ իր բոլորանուէր ծառայութեան առաքելութիւնը` գրաւելով իր անփոխարինելի տեղը մեր եկեղեցւոյ զաւակներու սրտերուն մէջ:

Այսօր ալ Հայ եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հայորդիները իրենց աչքերը յառած են այս պատմական Սուրբ Աթոռին` հոգալու իրենց հոգեւոր կարիքները, իրականացնելու մեր համազգային իղձերը եւ առաջնորդելու Հայ եկեղեցւոյ  փրկարար նաւը խաղաղ նաւահանգիստ:

ԿՈՐԻՒՆ   ԱՐՔ.  ՊԱՊԵԱՆ

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԱՍԻՆ

 

ՆՍՕՏՏ ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս

Վեհափառ Տէր,

Ձերդ Սուրբ Օծութեան մասնաւոր հրահանգով եւ բարձր հաւանութեամբ, որ ինքնին ընդառաջում մըն էր Քուէյթի հայ գաղութին հոգաբարձութեան մատուցած խնդրանքին, մօտաւորապէս չորս շաբաթներ առաջ հոգեւոր առաքելութեամբ մեկնեցայ Քուէյթ` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու առթիւ, Հայ եկեղեցւոյ յատուկ ծիսական արարողութիւններով եւ սուրբ Աւետարանի քրիստոսատուր պատգամներու ճամբով հոգեկան մխիթարութիւն տալու կեանքի պայմաններու բերումով անհովիւ մնացած շուրջ 5000 հաշուող հայ նորահաստատ գաղութին: Ըսեմ անմիջապէս, որ չորս շաբաթներու համեմատաբար կարճ այս շրջանը հոգեկան բաւարարութեան եւ մեծ ուրախութեան առիթ մը եղաւ ինծի համար անձնապէս, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ պատեհութիւնը կ՛ունենայի որպէս հովիւ ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտնելու մեր պատուական ժողովուրդին հետ եւ անձնապէս հաստատելու այն ազնիւ զգացումներն ու անվերապահ սէրը, զորս կը տածէին ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ, բայց մասնաւորաբար Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին եւ անոր արժանընտիր գահակալին հանդէպ: Իւրաքանչիւր օր առիթ մը եղաւ սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութեան: Արդարեւ, տրուած հակիրճ տեղեկատուութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` այս բոլորին գրաւոր արձանագրութիւնը:

1960-ի դեկտեմբերի 29-ին օդային ճամբով մեկնեցայ Քուէյթ, ուր արժանացայ ջերմ ընդունելութեան մը, բոլոր քուէյթահայերէն` անխտիր: Հիւրը եղայ հոգաբարձութեան ատենապետ Երուանդ Պարսումեանի: Յաջորդ օրն իսկ` ուրբաթ, մատուցի սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին կարդացի նաեւ ձերդ սուրբ օծութեան սրբատառ կոնդակը` նուիրուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յԱնթիլիաս հաստատման եւ դպրեվանքի հիմնադրութեան երեսնամեակին, ինչպէս եւ քարոզեցի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ դպրեվանքին ունեցած դերը շեշտելով: Յաջորդող մի քանի օրերուն ծանօթացայ հոգաբարձութեան պատուարժան անդամներուն, որոնք հարկ եղած ծանօթութիւնները տուին ինծի գաղութի ներքին կեանքի մասին: Այցելեցի տեղւոյն բողոքական եւ անկլիքան հովիւներուն` շնորհաւորելու Նոր տարին եւ պատշաճ բարեմաղթութիւնները ընելու: Եդուարդ Պարսումեանի ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցայ նաեւ հնդիկ (մալապար) հոգեւոր հովիւին ի պատիւ տրուած թէյասեղանին*:

Յունուարի 6-ին` Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, տեղի ունեցաւ մեծահանդէս սուրբ պատարագ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն` ի ներկայութեան մեծ բազմութեան մը: Նոյն օր,  յետմիջօրէին ներկայ գտնուեցայ օրուան տօնին առթիւ նորակազմ Կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ պատրաստուած հանդէսի մը: Իսկ յաջորդող օրերուն կատարեցի գերեզմանօրհնէքի եւ տնօրհնէքի արարողութիւնները:

Եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքի այս բոլոր արտայայտութեանց ընթացքին, վեհափառ տէր, զգացուեցաւ բացարձակ անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ նիւթական շէնքին, որուն սրբազան կամարներուն տակ իւրաքանչիւր քուէյթահայ անհատ կը ցանկայ կեդրոնացնել իր ազգային ու եկեղեցական կեանքը: Կը հաւատամ, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ տեղւոյն Ազգային մարմինին հեղինակութեան եւ վարկի բարձրացման, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ տեսանելի վկայութիւնը եւ շօշափելի արդիւնքը մինչեւ այժմ տարուած գնահատելի եւ վարձատրելի աշխատանքներուն: Հոգաբարձութեան մեծագոյն իղձն է, որ օր առաջ իրականանայ եկեղեցի մը ունենալու ծրագիրը` ի շահ եւ ի միութիւն քուէյթահայութեան: Այստեղ պէտք է յիշել, որ կարգ մը անհատներու ձեռնարկութեամբ կազմակերպուած է դպրոց մը` «Քուէյթի հայ վարժարան» անուամբ, որուն կ՛աշակերտին նաեւ արաբ ուսանողներ:

Նոր տարիի հոգաբարձութեան գիտութեամբ եւ հաւանութեամբ ներկայ գտնուեցայ այս վարժարանի Ամանորի հանդէսին, հայերու կողմէ ներկայացուող ձեռնարկի մը որպէս քաջալերութիւն: Այս առթիւ տպաւորութիւնս է,  որ դպրոցին կը պակսի անհրաժեշտ կազմակերպութիւնը, եւ անմիջապէս միջոցներ պէտք է ձեռք առնուին անմիաբանութիւն յառաջացնող այս հարցը լուծելու, մանաւանդ երբ ներկայիս բաւական լուրջ փափաքներ կան առ այդ ծնողական շրջանակին մէջ:

Դպրոցի շուրջ ծագած անցաւոր վէճէն դուրս,  ուրախութիւն էր ինծի համար նկատել, որ հայեր սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մը մէջ կ՛ապրին եւ իրարու չեն զլանար հարկ եղած աջակցութիւնը:

Նոյնպէս հայ համայնքը քրիստոնէական միջյարանուանական կեանքին մէջ տեղի ունեցող ժողովներուն կամ եկեղեցական համագործակցութեան այլ արտայայտութիւններուն կը բերէ իր մասնակցութիւնը: Այսպէս, «Քուէյթ քրիշչընզ քաունսըլ»ի հերթական ժողովին, որուն հրաւիրուած էր Հայ եկեղեցին եւս, մասնակցեցայ ես անձնապէս` ընկերակցութեամբ հոգաբարձութեան քարտուղար Յակոբ Յովհաննէսեանի եւ Հայց. եկեղեցւոյ անունով արտայայտուեցայ Քուէյթի քրիստոնեաները հետաքրքրող օրակարգի հարցերուն շուրջ:

Ահաւասիկ, վեհափառ տէր, ամփոփ գիծերու մէջ պատկերը այն չորս շաբաթներուն, զորս անցուցի Քուէյթ, տեղ մը, ուր սովորական դարձած կարծիքի մը համաձայն, եթէ երբեք հայեր գացած են նիւթական ակնկալութիւններով, սակայն եւ այնպէս իրենց կարելին կ՛ընեն` փոքրիկ այլ բարգաւաճ գաղութ մը կազմակերպելու հոն, միացեալ ջանքերով եւ նոյն մտահոգութիւններու առաջնորդութեամբ: Կառավարութեան բարի վերաբերումը եւ երբեմն նոյնիսկ նիւթական ու բարոյական անգին քաջալերանքը մեծապէս կ՛օգնէ անշուշտ: Բայց անոնք իրենց յոյսը դրած են ու աչքերը յառած` այս հաստատութեան, որմէ կը սպասեն ե՛ւ հայրական խնամք, ե՛ւ բարոյական մեծ քաջալերութիւն, զոր արդէն իսկ վայելած ըլլալու քաղցր երախտագիտութիւնը ունին:

Ու այդ երախտագիտութեան որպէս արտայայտութիւն` ես կը բերեմ Ձեզի անոնց որդիական յարգանքն ու սէրը Ձեր Ս. Աջը համբուրելով, անոնց մեծ կարօտին հետ միասին:

Որդիական Յարգանօք
Մնամ Խոնարհ Որդի
ԳՐԻԳՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՓԻՏԵՃԵԱՆ

—————————————————-

* Ծանօթ. Խմբ. Մալապարի եկեղեցին (Հնդկաստան) կապուած է Ասորի ուղղափառներու Անտիոքի պատրիարքութեան, ուրուն այժմու գահակալն է Իգնատիոս Եագուպ պատրիարք եւ կեդրոնատեղին` Դամասկոս:



Share this Article
CATEGORIES