Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Ուրախալի երեւոյթ է, որ կարգ մը նուիրատու անհատներ, կամաւոր կիներ եւ դասախօսներ, միանալով Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի ճիգերուն, զանազան առիթներով կ՛օժանդակեն` կազմակերպելով հաւաքներ, նպատակ ունենալով հոգեւոր եւ ընկերային մթնոլորտ ստեղծել ու ուրախացնել այն տարեցները, որոնք առանձին կ՛ապրին ու կը դիմագրաւեն նիւթական եւ ընկերային դժուար պայմաններ:
Այս ծիրին մէջ 28 ապրիլ 2011-ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, տարեցներու համախմբում մը, տեղի ունեցաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի յարկին տակ:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր առողջապահական դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: Ան նաեւ օգտակար գիտելիքներ փոխանցեց քրոնիք հիւանդութիւններէ տառապող տարեցներուն եւ թելադրեց որդեգրել առողջ սննդականոն` զերծ մնալու համար հիւանդութիւններու ստեղծած բարդութիւններէն:
Յայտագիրի երկրորդ բաժնին մէջ «Լուսաւորիչի կանթեղ» հոգեւոր շարժումէն խօսք առաւ Ռուզաննա Սալխանեան: Ան խօսեցաւ Ս. Յարութեան տօնին մասին, խրախուսեց ներկաները` հոգեւոր վերելք եւ յոյս ներշնչելով անոնց:
Օրուան անակնկալն էր «Ուրախ տարեդարձ» խումբի կերպարներէն «Ճուտիկ»ին ներկայութիւնը, որ հաւկթախաղի ընթացքին պարերով եւ երգերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց եւ ուրախացուց ներկայ մամիկներն ու պապիկները: Օրուան ճաշը տրամադրուած էր «Մամիկզ» հաստատութեան կողմէ: Կամաւոր կիներ սիրայօժար կերպով օգնեցին ճաշի բաշխման աշխատանքներուն: Յայտագիրի աւարտին ներկաները մեկնեցան հոգեկան գոհացումով: