ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ . ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ
Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 12 մայիս 2011-ին` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած հանդիսութիւն:
Ներկայ էին Այնճարի տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն:
Հանդիսութիւնը սկսաւ վարժարանի տնօրէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի բարի գալուստի խօսքով. ան շեշտը դրաւ ծնողներուն դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ` յայտնելով, որ անոնց պարտականութիւնը կը սկսի նոյնիսկ երեխային ծնունդէն առաջ: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւն` նշելով, որ պէտք է քաջալերել մեր զաւակները եկեղեցի յաճախելու:
Ապա խօսք առաւ վարժարանի մանկապարտէզպան Նաթալի Քէնտիրճեան, որ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելէ ետք շեշտը դրաւ հայ մօր կարեւոր, առանցքային եւ հիմնական դերակատարութեան վրայ` նոր սերունդներու կերտման ու կազմաւորման իմաստով: Ապա ան դիմաւորեց մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք հանդէս եկան երգերով ու արտասանութեամբ: Նարոյ Ադամեան ասմունքեց «Ե՞րբ են մայրերն ուրախանում», իսկ վարժարանի «Նարին» պարախումբը ներկայացուց գաւառական պար մը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտաւէրտեան, որ խօսեցաւ զաւակներուն ինքնավստահութեան ներշնչման մասին: Ան հաստատեց, որ մարդուն մօտ եւ նոր աճող սերունդներուն մօտ յատկապէս ինքնավստահութիւնը անցագիր է դէպի յաջող կեանք եւ առողջ հոգեկան աշխարհ: Անոր համաձայն, մանուկին կեանքի առաջին չորս տարիներուն անոր ուղեղը շատ արագ թափով կ՛աճի եւ բոլոր սորվածները կը դրոշմուին հոն:
Բանախօսը հաստատեց, որ պէտք է գնահատել մեր զաւակներուն ձիրքերն ու տաղանդները, անոնց կատարած դրական աշխատանքները` հեռու մնալով անտեղի որակումներէ: Անոր համաձայն, պէտք է գրկել մանուկներն ու պատանիները, գոհացում տալ անոնց կարիքներուն եւ անոնց հետ վայելել անոնց տարիքային իւրայատկութիւնները: Ան աւելցուց, որ այս բոլոր հանգրուաններէ անցնելէ ետք ծնողքը առիթ կ՛ունենայ տեսնելու իր տարած աշխատանքին արդիւնքը. «Դիտեցէ՛ք ձեր ձեռակերտը, այն հրաշալիքը, որ կը կոչուի ինքնավստահ, առողջ կազմաւորում ունեցող զաւակ մը», նշեց ան:
Աւարտին Գայեանէ Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին եւ ներկաներուն, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն. ներկաներուն բաժնուեցան մայրերու նուիրուած երգերու խտասալիկներ:
Հաճելի եւ օգտաշատ ժամեր անցընելէ ետք ներկաները մեկնեցան գոհունակ սրտով եւ բարձր տրամադրութեամբ:
ԹՂԹԱԿԻՑ