ԱՄԲՈՂՋ ՕՐ ՄԸ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ ՀԵՏ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակը պարբերաբար գիտաժողովներ կը կազմակերպէ Երեւանի համալսարանին հետ գործակցաբար: Ապա այս գիտաժողովներուն տրուած զեկոյցները կը հրատարակուին առանձին գիրքով: Արդէն տեղի ունեցած են Տիգրան Մեծի, Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Համաստեղի նուիրուած գիտաժողովներ, որոնց առթիւ հրատարակուած զեկոյցները յստակ պատկերացում մը կու տան անոնց ընթացքին արծարծուած հարցերուն եւ կարծիքներուն մասին: Այսօր, ապրիլի 28-ին, տեղի ունեցաւ նման գիտաժողով մը` նուիրուած արեւմտահայ վիպագիր, թատերագիր եւ գրաքննադատ Յակոբ Օշականին:
Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Աբովեան փողոցի վրայ գտնուող Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի մասնաշէնքին մէջ: Առաւօտեան ժամը 10:30-ը նշուած էր` որպէս գիտաժողովը սկսելու ժամը: Շէնքի մուտքին զետեղուած էր հսկայ պաստառ մը` Օշականի նկարով, որ կը նշէր գիտաժողովին թուականը եւ կազմակերպիչները, Օշականի խօսքերէն հետեւեալ մէջբերումով.
«Ունի՞նք աւելի կախարդ յուռութք մը, քան` մեր գրականութիւնը, որ մեր տղաքը կապէր մեր ցեղին ու մեր ճակատագրին: Անոնք, որ գիրք մը կը տպեն, նեցուկ կը կապեն հոգիին խորտակուած սիւներուն»:
Առաջին րոպէէն յայտնի դառձաւ, որ գիտաժողովը կազմակերպուած է բծախնդրութեամբ: Սրահի մուտքին արձանագրուեցան հրաւիրեալները եւ ստացան գեղեցիկ կաշուէ թղթապանակներ, որոնց մէջ կը գտնուէին Համազգայինի 80-ամեակին նուիրուած գրքոյկը, նոթատետր մը, որուն կողքը կը կրէր Օշականի նկարը եւ վերեւ արտագրուած մէջբերումը, գրիչ մը, գիտաժողովի յայտագիրը եւ զեկուցողներուն ցանկը, ինչպէս նաեւ` այս գիտաժողովին հրաւիրեալներուն ցանկը:
Գիտաժողովը սկսաւ ժամը 11:00-ին: Սրահի բեմին վրայ կար համալսարանի մուտքին զետեղուած պաստառին կրկնօրինակը: Հրաւիրեալներու կողքին, ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով բանասիրականի ուսանող-ուսանողուհիներ: Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն (ԵՊՀ բանասիրական ֆակուլտետի դեկան) Արծրուն Աւագեանը դիմեց ներկաներուն իր բացման խօսքով եւ ապա նախագահեց առաջին նիստին: Կարդացուեցաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի ուղերձը, ապա խօսք առաւ Համազգային հիմնադրամի նախագահ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երեսփոխան Լիլիթ Գալստեանը, որ այս գիտաժողովին շարժիչ ուժն էր: Ողջոյնի խօսք ունէր նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը:
Կային 13 զեկուցողներ, որոնց չորսը հրաւիրուած էր սփիւռքէն` Պօղոս Սնապեանը` Լիբանանէն, Մարկ Նշանեանը եւ Ռուբինա Փիրումեանը` Ամերիկայէն եւ Գրիգոր Պըլըտեանը` Ֆրանսայէն: Մնացեալը տիտղոսաւոր տեղացիներ էին, համալսարանի դասախօսներ, գրականագէտներ, գրաքննադատներ, որոնք անդրադարձան Օշականի բեղուն վաստակի զանազան կողմերուն… Յատկանշական էր Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող Հրաչ Սարիբեկեանի խօսքը, որ բաղդատականներ ըրաւ Ճէյմս Ճոյսի «Եուլիսիս» վէպին, Մարսել Բրուստի «Կորսուած ժամանակներու փնտռտուքներում» վիպաշարին եւ Օշականի «Մնացորդաց» անաւարտ վէպին միջեւ: Մարկ Նշանեանը խօսեցաւ Օշականի գործին մասին: Գրիգոր Պըլըտեանը` Օշական գրաքննադատին մասին, Պօղոս Սնապեանը` «Մնացորդաց» վէպին մասին, Սիրանուշ Թւոյեանը` «Խոնարհներ»ուն մասին, կային երկու տարբեր զեկոյցներ «Ծակ պտուկ»ին մասին: Այլ զեկոյցներ անդրադարձան Օշականի գործերուն մէջ պատկերացուած թուրք հերոսներուն, Մեծ եղեռնի անդրադարձին` իր գործին մէջ, Սիամանթոյի մասին անոր գնահատականը, Արամ Հայկազը` Օշականի մասին եւ այլն:
Կէսօրուան դադարին մատուցուեցաւ թեթեւ ճաշասեղան, բրդուճներու եւ անուշեղէնի տեսականիով եւ զովացուցիչներով, առիթը ընծայելով ներկաներուն` իրարու ծանօթանալու եւ զրուցելու: Երկրորդ նիստը վարեց Մարկ Նշանեանը:
Ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով, կարելի չեղաւ հարցազրոյցի բաժին մը ընդգրկել` այսպիսով երկխօսութիւն մը սկսելով ներկաներուն միջեւ: Ինչպէս նկատեց Պօղոս Սնապեանը, կը պակսէր նաեւ Յակոբ Օշական թատերագիրին մասին անդրադարձը: Անշուշտ մէկ օրուան մէջ կարելի չէ պատկերացնել Օշականի նման բազմաշերտ եւ բազմատաղանդ մեծութիւն մը, սակայն, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ անծանօթ կը մնայ անոր վաստակը, այս գիտաժողովը պատկառելի քայլ մըն էր զայն ծանօթացնելու երեւանեան մտաւորական խաւին եւ բանասիրականի ուսանողներուն: Կը հաւատանք, որ զեկոյցներու առանձին հատորով հրատարակութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ Յակոբ Օշականի ծանօթացման, հայրենիքի մէջ:
Գովելի է Համազգայինի երեւանեան գրասենեակին այս նախաձեռնութիւնը եւ մանրամասնութիւններուն հանդէպ բծախնդիր կեցուածքը:
Պիտի ուզէի ընել քանի մը ընդհանուր խորհրդածութիւն` այս առիթով:
Միայն հայրենիքի մէջ կարելի է այս տարողութեամբ գիտաժողովներ կազմակերպել եւ այս թիւով զեկուցողներ ունենալ: Սփիւռքի մէջ 13 զեկուցող խմբելը անկարելիութեան համազօր է, առնուազն` նիւթականի պակասի պատճառով:
Դասական եւ աբեղեանական ուղղագրութիւններուն հարցը տակաւին կը մնայ անլոյծ: Հակառակ կազմակերպողներու անկեղծ ճիգերուն` Արեւմտահայ անունները եւ անոնց ներկայացուցած նիւթերը դասական ուղղագրութեամբ պահելու, կային սայթաքումներ: «Պօղոս»ը գրուած էր «Պողոս», «Յակոբ»ը երբեմն կը ներկայանար որպէս «Յակոբ», երբեմն ալ` որպէս «Հակոբ»: Ուղղագրութեան հարցը կարիք ունի շուտափոյթ լուծման: Անհանգստացնող է տեսնել վէպ բառը թէ՛ որպէս վէպ եւ թէ՛ «վեպ», նոյն էջին վրայ, զեկուցողի արեւելահայ կամ արեւմտահայ ըլլալը զանազանելով: Այս անջրպետին մասին պէտք է մտածել` առանց տեղի տալու մեր զգացումներուն եւ գտնել միջին եզր մը` կարելի եղածին չափ շուտ…
Համազգայինի նման կազմակերպութիւնները տակաւին մեծ դեր ունին կատարելիք` արեւելահայ գրողները սփիւռքի մէջ եւ արեւմտահայ գրողները հայրենիքի մէջ ծանօթացնելու, այսպիսով մեղմացնելով այն անջրպետը, որ գոյութիւն ունի այսօր: Լիլիթ Գալստեանի ողջոյնի խօսքերէն դատելով` Համազգայինի երեւանեան գրասենեակը լիապէս ըմբռնած է այս իրողութիւնը,- «Անդրադառնալով եւ արժեւորելով սփիւռքահայ գրականութեան, գրականագիտութեան ու գեղագիտութեան, իսկ աւելի ճիշդ` հայ մտքի երախտաւորներին, կարծում եմ մեր համեստ ներդրումն ենք բերում մեր երկու հատուածների, առհասարակ հայ իրականութեան փոխլրացմանը, ամբողջականացմանն ու ինքնութեան վաւերացմանը:
«Մեր հերթական գիտաժողովը գալիս է արժեւորելու ու գրականագիտական արդիական հայեացք ուղղելու Յակոբ Օշականի պատկառելի ու բազմաշերտ ժառանգութեանը», ըսաւ ան:
Կը մաղթենք, որ նման ձեռնարկները ըլլան յաճախակի, եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի նմանատիպ ձեռնարկութիւններուն:
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Ուշի