Մարդկութեան Ներկան. Աշխարհի Տարածքին Արտադրուած Սննդեղէնին Կէսը Կը Թափուի

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՎԵՐՋԵՐՍ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՑՆՑԻՉ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ. ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԹԷ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻՆ ԿԷՍԸ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ ՍԵՂԱՆ, ՈՉ ԱԼ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻ ՉՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, ԱՅԼ ԿԸ ՎԱՏՆՈՒԻ, ԳԼԽԱՒՈՐԱԲԱՐ` ՍՊԱՌՈՂՆԵՐՈՒ ԱՆՏԵՂԻ ԲԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ:  «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՄՕԹԱԼԻ ՊԱՏԿԵՐԸ:

Նոր հրապարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, ամէն տարի շուրջ երկու միլիառ թոն կշռող սննդեղէն, այսինքն աշխարհի մէջ արտադրուած սննդեղէնի քանակութեան կէսը կը թափուի:

Վատնումը հետեւանք է անբաւարար ենթակառոյցներու եւ մթերելու կարելիութիւններու, չափէն աւելի խիստ սպառման ժամկէտերու, «Վճարէ մէկի համար` գնէ երկու» առաջարկներու եւ սպառողներու անտեղի բծախնդրութեան, ինչպէս կ՛ըսէ Ինսթիթուշըն աֆ մեքանիքըլ էնճինիրզ (մեքենական գիտութիւններու մասնագէտ ճարտարագէտներու հիմնարկ) կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրը:

Աշխարհի երկիրները ամէն տարի կ՛արտադրեն շուրջ չորս միլիառ թոն սննդեղէն:

Սակայն այս ընդհանուր քանակութեան 30 առ հարիւրէն 50 առ հարիւրը , այսինքն 1.2 միլիառէն 2 միլիառ թոն քանակութեամբ սննդեղէնը երբեք չի սպառիր, կ՛ըսէ «Համաշխարհային սննդեղէն. մի՛ վատներ, մի՛ պահանջեր» վերնագիրով տեղեկագիրը:

Բրիտանիոյ տարածքին բանջարեղէնի բերքին մինչեւ 30 առ հարիւրը չի հաւաքուիր, որովհետեւ արտադրութեան արտաքին տեսքը չի գոհացներ սպառողներուն պահանջները:

Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գնուած սննդեղէնին կէսը կը թափուի գնուելէ ետք, կ՛աւելցնէ տեղեկագիրը:

Հաստատուած է նաեւ, որ աշխարհի տարածքին հսկայական քանակութեամբ ջուր կը սպառի սննդեղէնի արտադրութեան համար:

Տեղեկագիրին համաձայն, շուրջ 550 միլիառ խորանարդ մեթր ջուր կը գործածուի աճեցնելու համար ցանքեր, որոնք երբեք չեն հասնիր սպառողին:

Կ՛ըսուի, թէ 1 քկ միսի արտադրութեան համար 20-50 անգամ աւելի ջուր կը սպառի, քան` նոյն ծանրութեամբ բանջարեղէնի արտադրութեան:

Սննդեղէնի արտադրութեան համար անհրաժեշտ ջուրին  պահանջը մինչեւ 2050 կրնայ հասնիլ տարին 10-13 թրիլիոն խորանարդ մեթրի, ինչպէս կը նշէ վերոնշեալ հիմնարկը:

Ասիկա 3.5 անգամ աւելի է, քան` ներկայիս մարդկութեան կողմէ օգտագործուած անուշ ջուրի  քանակը, ինչ որ մտածել կու տայ ջուրի վտանգաւոր տագնապներու մասին:

Թիմ Ֆոքս, որ կը գլխաւորէ Ինսթիթուշըն աֆ մեքանիքըլ էնճինիրզի ուժանիւթի եւ կենսոլորտի բաժանմունքը կ՛ըսէ. «Աշխարհի տարածքին վատնուած եւ կորսուած սննդեղէնի քանակութիւնը սարսափելի է»:

«Այս քանակութիւնը բաւարար պիտի ըլլար սնուցելու աշխարհի աճող բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ` այսօր սովի մատնուած անձերը»:

«Ասիկա նաեւ անտեղի մսխում է հողի, ջուրի եւ ուժանիւթի աղբիւրներու, որոնք կը գործածուին վատնուած սննդեղէնի արտադրութեան, պատրաստութեան եւ բաժանումին համար», կ՛ըսէ Ֆոքս:

Ան ստեղծուած կացութեան համար կը մեղադրէ ճարտարագիտական եւ երկրագործական միջոցները, փոխադրութեան եւ մթերումի անյարմար ենթակառոյցները եւ հանրախանութները, որոնք կը պահանջեն գեղեցիկ տեսքով արտադրութիւններ եւ սպառողներուն կը քաջալերեն գնել մեծ քանակութեամբ «Վճարէ մէկի համար` գնէ երկու» առաջարկով ուտելիքներ:

ՄԱԿ կը նախատեսէ, թէ մինչեւ 2075 աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 9.5 միլիառի, ինչ որ պիտի ստեղծէ յաւելեալ 3 միլիառ հոգի սնուցելու կարիքը:

Ինքզինք կերակրելու աշխարհի կարողութիւնը յաւելեալ ճնշումի տակ կը դրուի ընդհանրական ջերմացումի եւ միսի սպառումի հետզհետէ աճող ժողովրդականութեան պատճառով: Միսի արտադրութիւնը տասնապատիկ յաւելեալ աղբիւրներ կը պահանջէ, քան` բրինձի եւ գետնախնձորի նման բուսական սննդեղէնի արտադրութիւնը:

Ֆոքս աշխարհի պետութիւններուն, բարգաւաճումի ընկերութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի նման կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ «գործակցելու եւ շրջելու մարդոց մսխելու մտածելակերպը, ինչպէս նաեւ` վերջ դնելու մշակներու, սննդեղէն արտադրողներու, հանրախանութներու եւ սպառողներու մսխելու սովորութիւններուն»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )