Մարդկութեան Ներկան. Ամերիկեան Երազը Եւ Անհաւասարութեան Խորացումը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՄԷՆԷՆ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ 1 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ, ԱՅԺՄ ՏԷՐ ԵՆ ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ 25 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԻՆ: ՇԱՏ ԱՒԵԼԻՆ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ` ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, Կ՛ԸՍԷ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ ժՈԶԵՖ ՍԹԻԿԼԻՑ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՆՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ:
Անհաւասարութիւնը արդիւնք է Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան 1 առ հարիւրը կազմող ամէնէն հարուստ խաւին հարստութեան կրկնապատկումին` 1980-էն ի վեր, ըսած է Սթիկլից` Տաւոսի մէջ այս տարուան Աշխարհի տնտեսութեան համագումարին:
Ի տարբերութիւն` երկրին տարածքին միջին եկամուտը անփոփոխ կը մնայ 1990-ական տարիներէն ի վեր, նշած է ան:
Այսուհանդերձ, ան գովասանքի խօսքեր ուղղած է Պրազիլի եւ սկանտինաւեան երկիրներուն:
Մթիկլից կոչ ուղղած է յաւելեալ ճիգ թափելու եւ բարելաւելու Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան ստորին խաւը կազմող բնակչութեան, այսինքն` ամերիկացիներուն 50 առ հարիւրին կրթութեան առիթները, բարձրացնելու անոնց նուազագոյն աշխատավարձը եւ յաւելեալ դիւրութիւններ ընծայելու աշխատավայրերու մէջ:
«Ամերիկացիք կը սիրեն իրենց երկիրը ներկայացնել իբրեւ հաւասարութեան եւ առիթներու երկիրը: Այսպէս կոչուած ամերիկեան երազը շատ խոր տեղ կը գրաւէ մեր ինքնութեան զգացողութեան մէջ», ըսած է ան «Պի. Պի. Սի.»ի տնտեսական լուրերու խմբագիր Սթեֆընի Ֆլենտըրզի:
«Սակայն վիճակագրութիւնները այլ պատկեր մը կը պարզեն. Միացեալ Նահանգներ յաջողութեան ամէնէն նուազ առիթներու համեմատութիւնը կ՛ընձեռեն, բաղդատած` բարգաւաճ տնտեսութիւններ ունեցող այլ երկիրներու: Ամերիկացի մանուկի մը կեանքի յաջողութեան առիթները շատ աւելի կախեալ են անոր ծնողներուն եկամուտէն, բաղդատած` ճարտարարուեստականացած բազմաթիւ այլ երկիրներու մանուկներուն», բացատրած է տնտեսագէտը:
Սթիկլից վերջին 30 տարիներու Միացեալ Նահանգներու վիճակը բաղդատած է Բ. Աշխարհամարտէն մինչեւ 1980 երկրին տնտեսութեան մէջ արձանագրուած «սրընթաց այն բարգաւաճումին, որուն մէջ հասակ նետեցինք բոլորս», ինչպէս ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներէն դուրս Սթիկլից գովաբանած է Պրազիլը, որ միացեալ ճիգերով յաջողած է վերջին 20 տարիներուն ուշագրաւ կերպով բարելաւել հաւասարութեան մակարդակը երկրին տարածքին:
Միւս կողմէ` ան ըսած է, թէ սկանտինաւեան երկիրները յառաջապահ դիրք կը գրաւեն` ընկերային հաւասարութեան իրենց ամէնէն բարձր համեմատութիւններով:

