Արցախէն Նախիջեւան… Հայ Ազատամարտիկներուն
ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ
Ազատ Արցախը Գոյամարտ կը մղէ,
Մինչ ազերին նենգ` դաւեր կը լարէ.
Ահաւոր կռուին մէջ այս մահու եւ կենաց,
Հայու Սուրբ Դատը կը թուի կորած:
Վատ ազերին դեռ չի գիտեր,
Որ Հայ Ազգին մահ չէ գրուեր…
Արցախ աշխարհ հայրենի,
Մահ չունիս դուն Յաւիտեան`
Քանի ունիս ժայռի նման,
Վեհ Իշխաններ Խաչէն սարի,
Հայրենապաշտ ու քաջարի.
Բռնագծեալ սահմանի տեղ,
Ունիս Բազուկ Սահմանաքանդ…
Մինչեւ Գորիս, Հայաստան,
Այսօր ունիս հզօր սահման,
Մինչեւ Լաչին ու Կապան`
Նոր Կենսուղի Յաղթութեան…
Վատ ազերին դեռ չի գիտեր,
Որ Հայ Ազգին Մահ չէ գրուեր…
ՇՈՒՇԻ բերդ իմ ամրաշէն,
Նորաքաղաք հայաշէն,
Քաջ մարտիկներդ կու գան հեռուէն,
Մեխուելու սէգ ժայռերուդ`
Քարվաճառէն Ֆիզուլի,
Ու Աղտամէն Գետաշէն…
Կամրջընկէց Արաքսը`
Ալ չի փախչիր լալագին,
Քանի հասաւ իր ափին`
Ազատասէր Արցախին:
Դեռ պիտի գան բիւրաւոր Այրեր,
Մահն զգետնող քաջ հերոսներ,
Որ Արցախը Յաւէտ մնայ,
Նախիջեւանն ալ Մայր Գիրկ դառնայ…
Վատ ազերին քանի տայ վիշտ:
ՀԱՅ ԱՐՑԱԽԸ ԱՆՄԱՀ Է ՄԻՇՏ..
Պէյրութ` 10/02/2013