Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Ճշմարի՛տ Գոհունակութեան Ու Տեւակա՛ն Երջանկութեան Համար…

ՄԵՍՐՈՀ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, Մեծ պահքին մէջ ենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը առաջադրած է կատարել նիւթական կամ հոգեկան, բարոյական կամ ընկերային զոհաբերութիւն մը` իբրեւ հատուցում եւ քաւութիւն, բայց մանաւանդ` հաւատքի ու սիրոյ իբրեւ արարք, որ ըլլայ հաճոյակատարութիւն եւ ըլլայ փառատրութիւն մեր երկնաւոր Հօր:

Այս կիրակիին աւետարանէն (Մտթ. 5,13-24) լսեցինք մեր Աստուածային Վարդապետին խօսքերը, որոնցմով կը փոխանցէ մեզի դասեր ու հրահանգներ` մեր պահեցողութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ ան, աւելի գործնականացնելու եւ ոգեղինացնելու համար:

Նաեւ, այս իր յստակ խօսքերով` Յիսուս կը ցուցաբերէ մեծ վստահութիւն ու համարում մեր վրայ, թէ կրնանք գործադրել զանոնք` ապաւինելով Անոր, որուն հասցէին յայտարարուեցաւ. «Որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ.1,37):

Քրիստոսի այս վստահութիւնն ու համարումը մեզմէ իւրաքանչիւրին կը ներշնչեն համոզուիլ եւ կրկնել. «Ամէն բանի կարող եմ Անով, որ զօրացուց զիս» (Փիլ. 4,13):

Հետեւաբար Յիսուս լաւագոյնս գիտէր, թէ ի՛նչ կը խօսէր, երբ մեզմէ պահանջեց.«Դուք էք աղը երկրին: Եթէ աղը կորսնցնէ իր համը, ինչո՞վ պիտի համեմուի: Ուրիշ բանի չի ծառայեր, եթէ ոչ` թափուելու եւ մարդերու ոտքի կոխան ըլլալու» (Մտթ.5,13):

«Մարդերէն իր իմաստութիւնը չառած» մեր Վարդապետը ամէնօրեայ կեանքէն կ՛առնէ իր հոգեմտաւոր ու բարոյախօսական շեշտաւորումները, որպէսզի մեզի օգտակար ըլլայ ճի՛շդ առօրեային մէջ ընթանալու ի՛ր ուզած եւ քալած ուղեգիծը:

Մեզի համար պարզ ու բնական է, որ աղով կը համեմենք մեր կերակուրը, այլապէս մեր կերածը կը դառնայ անհամ: Նոյնպէս յստակ ու գերբնական ըլլալու է, որ համեղաճաշակ աղն ըլլանք թէ՛ մարդերուն եւ թէ՛ երկնայիններուն:

Դարձեալ կեանքէն առնուած իմաստագեղ սահմանուն մը. «Դուք էք լոյսը աշխարհին:… ճրագը չեն վառեր գրուանին տակ դնելու  համար, այլ` աշտանակին վրայ, որպէսզի լոյս տայ բոլոր տնեցիներուն» (Մտթ.5,14-15):- «Գրուան» հոս կը նշանակէ «ծածկոց»:

Ուրեմն, մենք չենք կանչուած թաքնուելու եւ պահուըտելու մեր գործերուն պատճառով, այլ ընդհակառակն` ինչպէս Յիսուս կը հրահանգէ. «Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդերու աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Հօր, որ երկինքն է» (Մտթ.5,16):

Եւ քանի, դժբախտաբար, չենք գործադրեր մեր Դաստիարակին այս հրահանգը, մենք կը մնանք այն տրտմադէմ ու տխրասիրտ քրիստոնեաները, որոնց հասցէին գերմանացի փիլիսոփան` Ֆ. Նիցչէ կը շպրտէր այս պախարակութիւնը. «Աւելի ուրախ դէմքեր պէտք է ունենային, եթէ ես պէտք էր հաւատայի անոնց Աստուծոյն»:

Գուցէ մեր լոյսը կը շողայ, բայց` մեր եսին փառաւորութեան եւ մեր աշխատանքին հրապարակումին համար: Այո՛, կը տենչանք, որ նոյնիսկ մեր «բարի գործերը» տեսնուին, սակայն համարեա միշտ «ի ցոյց մարդերուն` գրաւելու համար անո՛նց ուշադրութիւնը» եւ ոչ` սփռելու փառքը եւ շահելու հաճութիւնը մեր «Հօր, որ երկինքն է»:

Աստուծոյ մեր փառատրութեան ու հաճոյակատարութեան հիմնատարրերէն մին է մեր հետեւողական կանոնապահութիւնը, մեր համապարփակ արդարամտութիւնը:

Օրինապա՞հ ենք Աստուծոյ, Եկեղեցիին, Ազգին, Հայրենիքին եւ Ընկերոջ, թէ՞ մեր անձին հանգստաւէտութեան ու մեր եսին քմահաճոյքին: Արդա՞ր ենք նկատմամբ Աստուծոյ, Եկեղեցիին, Ազգին, Հայրենիքին եւ Ընկերոջ, թէ՞ միայն մեր անձին, գործին ու խօսքին հանդէպ:

Յիսուս Քրիստոս, որուն ճշմարտացիութեան մասին վկայեցին Հայր Աստուած եւ Սուրբ Հոգին (Մտթ. 3,16-17), անգամ մը եւ ընդ միշտ հաստատեց. «Մի՛ կարծէք, թէ եկած եմ Օրէնքն ու Մարգարէները ջնջելու: Չեմ եկած ջնջելու, այլ` լրացնելու» (Մտթ. 5,17):

Մենք, սակայն, կը ջնջենք Աստուծոյ եւ Եկեղեցիին կանոնները, երբ ինքնակո՛չ

օրէնսդիրները կը դառնանք` զանոնք պատշաճեցնելով ու սկզբունքներ յարմարցնելով մեր անձին, ինչպէս նաեւ` քմածին օրէնքներ հնարելով մեր ապրելաձեւին, մեր խօսելակերպին ու մեր վարմունքին համար:

Մինչ «Օրէնքն ու Մարգարէները» լրացնող մեր Վարդապետին հոգեկանութեամբ, մենք պէտք է պատշաճինք Աստուծոյ ու Եկեղեցիին, եւ ո՛չ մեզի ու մեր տրամադրութեան կը յարմարցնենք մեր Աստուածը եւ Եկեղեցին:

Իր խօսքերը հասկցնելու դիտաւորութեամբ, Քրիստոս օրինակներ եւ առիթներ կը յիշեցնէ: Անոնցմէ կ՛առնեմ մեր առօրեային գուցէ ամէնէն աւելի երկու պատկանածները:

«Մի՛ սպաններ»: Չե՞նք սպաններ մենք: Անշուշտ, մեր արագ եւ կտրուկ պատասխանն է` «Ո՛չ»: Սակայն Յիսուս կու գայ այսօր մեզի տալու ուղի՛ղ պատասխանը:

«Այո՛, սպաննիչներ էք, եթէ կը բարկանաք ձեր եղբօր, եթէ յիմար կը կոչէք զինք, եթէ ուրացող կ՛ըսէք անոր, եթէ կը վարկաբեկէք անոր անունը, եթէ կը չարախօսէք անոր մասին: Եւ քանի ա՛յսպէս սպաննողներն էք, ապա, ուրեմն, պարտաւոր պիտի ըլլաք դատաստանին, ինչպէս ալ արժանի պիտի դառնաք գեհենի կրակին» (Մտթ. 5,21-22):

Դեռ աւելի՛ն: Մարդասէր ու ներողամիտ Տէրը կը հրամայէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ չդառնայ զոհը ոխակալութեան եւ քինախնդրութեան.«Երբ երթաս ընծադ նուիրելու խորանին առջեւ եւ հոն յիշես, որ եղբայրդ ոխ ունի քու դէմդ, ձգէ՛ ընծադ խորանին առջեւ, գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ապա եկո՛ւր, նուիրէ՛ ընծադ» (Մտթ. 5,23-24):

Յիսուս Քրիստոս շատ պահանջկոտ ու խստապահա՞նջ է: Այո՛: Բայց ի նպաստ մեզի նաեւ միշտ իրապաշտ եւ առարկայական է ու յա՜ր` յաւերժատե՛ս:

Եզրակացութի՞ւնը: Հաշտութիւնը կենսական է, որ քու աղօթքդ լսուի: Ներումդ անհրաժեշտ է, որ քու պահեցողութեամբդ պտղաբերես:

 

Այնճար, 17 փետրուար 2013 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )