«Թաթուլի Շունչով Հասակ Նետած Բոլոր Երիտասարդները Իմ Հարազատ Քոյրերս Ու Եղբայրներս Կը Նկատեմ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ասպրամ Կրպէեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Ասբրամ Կրպէեան

Արցախի ազատագրական պայքարի 25-ամեակին շրջագիծին մէջ ահաւասիկ կը հրատարակենք, 1991-ին զոհուած Գետաշէնի արծիւ Թաթուլ Կրպէեանի դստեր Ասպրամ Կրպէեանի հետ «Ազդակ»-ին ունեցած հարցազրոյցը, որ կատարուած էր վերջերս անոր Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին:

Նշենք, որ Ա. Կրպէեան Լիբանան այցելած էր իբրեւ պատուոյ հիւր ներկայ գտնուելու Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) կազմակերպած դէպի Քաշաթաղ գործուղման առաքելութեան տարեկան եզրափակիչ ձեռնարկին:

Ասպրամ Կրպէեան աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ ստացած է իր մագիստրոսի աստիճանը` միջազգային օրէնքի ճիւղին մէջ եւ ներկայիս կ՛աշխատի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ` իբրեւ միջազգային օրէնքի մասնագէտ:

Ազգային գիտակցութեամբ եւ հայկական իր արմատներուն կառչած երիտասարդուհի Ասպրամ Կրպէեան հաստատ քայլերով եւ բացառիկ իրապաշտութեամբ կը հաստատէ, որ այն հանգամանքը, որ ինք Ասպրամ Թաթուլ Կրպէեանն է, անսահման հպարտութիւն կը պատճառէ իրեն, ինչպէս նաեւ իր ուսերուն կը դնէ հսկայ պատասխանատուութիւն մը` արժանի ժառանգը դառնալու այդ իրականութեան: «Ես իմ մէջս ունիմ նման մեծ զգացում, իսկ ինչ կը վերաբերի բոլոր այն պատանիներուն, երիտասարդներուն, տղոց եւ աղջիկներուն, որոնք համակուած են Թաթուլի շունչով եւ կը հպարտանան այդ հերոսին գաղափարները կրելով, ապա այդ իրականութիւնը զիս աւելի եւս կը հպարտացնէ եւ կ՛ոգեւորէ: Ես բոլոր այդ երիտասարդներն ու պատանիները կը նկատեմ իմ քոյրերն ու եղբայրները, որոնք այնքան հարազատ են, աշխարհի որ ծայրն ալ որ ըլլան անոնք», ըսաւ Ասպրամ Կրպէեան:

Ան հաստատեց, որ ինք կը փափաքի նման բոլոր երիտասարդ ու երիտասարդուհիներուն հետ ծանօթանալ եւ անոնց հետ կապ մը ստեղծել, իմանալ անոնց գաղափարները եւ բարեկամութիւն հաստատել:

«Երբ մէկուն մէջ կը տեսնես քու մասնիկդ, այն ատեն կ՛իմանաս, որ ինք քու հայրդ է, բայց ան բոլորին մէջ է: Եւ ես ըլլալով հօրս մէկ մասնիկը, զայն կը տեսնեմ շա՜տ շատերու մէջ: Ինծի համար այդ զգացումը անբացատրելի է, հսկայ է եւ մեծ պարգեւի կը նմանի, որովհետեւ կը տեսնես, թէ մարդիկ որքան կը գնահատեն եւ կ՛արժեւորեն քու հօրդ աշխատանքը», նշեց ան:

Թաթուլ Կրպէեանի անուան դպրոցին մէջ

Ասպրամ Կրպէեան շեշտեց, որ այդ պատասխանատուութիւնը շատ ծանր է, սակայն ինք այդ մէկը կ՛ընդունի կատարեալ համոզումով, ճակատաբաց եւ լաւ գիտակցելով, թէ ինք ո՛վ է, ուրկէ՛ կու գայ եւ դէպի ո՛ւր կ՛երթայ: «Եթէ այդ գիտակցութիւնը չըլլար եւ իմ զգացումներս  ինծի պարտադրուած ըլլային եւ յստակ ապրելակերպի մը սահմաններուն մէջ զետեղած ըլլային, ապա ինքզինքիս դաւաճանած կ՛ըլլայի եւ իմ մօտեցումս կ՛ըլլար այնպիսին, թէ այս խաչը ինծի պարտադրուած է եւ ես զայն պիտի կրեմ: Ո՛չ, երբեք այդպէս չէ իմ մօտեցումս, ինծի համար մեծ հպարտութիւն է եւ պատասխանատուութիւն կու տայ ինծի իմ իրականութիւնս: Պատասխանատու եւ ազգային գիտակցութեամբ կ՛առնեմ քայլերս, կ՛արատասանեմ բառերս եւ կը կատարեմ իւրաքանչիւր գործ: Նախքան Ասպրամ Կրպէեան ըլլալս, ես ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի զաւակն եմ, եւ այդ մէկը արդէն կ՛ենթադրէ որոշ ուղի մը ունենալ եւ որոշ սկզբունքներու կառչած մնալ», յայտնեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս հսկայ պատասխանատուութիւնը զինք չի՞ կաշկանդեր, Ասպրամ Կրպէեան պատասխանեց` ըսելով, որ ինք ազատախոհ ընտանիքի մէջ հասակ նետած է եւ բնաւորութեամբ շատ կը նմանի իր հօր, որ եղած է ազատ: «Ինծի կ՛ըսեն, թէ ոգիով, խառնուածքով եւ դէմքի գիծերով կը նմանիմ հօրս, եւ ոչինչ կրնայ իմ ազատութիւնս սահմանափակել, որովհետեւ ես կը հաւատամ, որ ազատութիւն չունի ան ո՛ր մտքով եւ հոգիով ազատ չէ: Կեանքի մէջ կան որոշ սկզբունքներ, որոնք կ՛ենթադրեն համապատասխան չափանիշներ: Ինծի համար այդ է կացութիւնը եւ այդ իրականութիւնը ես բնաւ չեմ նկատեր իմ ազատութիւնս կաշկանդող իրականութիւններ: Այդ մէկը հայկական սկզբունքներու պահպանումն է, որ իւրաքանչիւր հայու համար անհրաժեշտ է», ըսաւ ան:

Ազատ եւ անկաշկանդ ըլլալու մասին Ա. Կրպէեան ըսաւ, որ իրեն համար Հայաստանը եւ Արցախը երբեք անջատ չեն եղած: «Ինծի համար Հայաստանը, Շուշին եւ Երեւանը մէկ ամբողջութիւն են, նկատի ունենալով, որ ես մանկութիւնս անցուցած եմ Շուշիի մէջ եւ հոն շատ հարազատ կը զգամ: Այդ եղած է հօրս փափաքն ու երազանքը, որ գայ օրը, եւ մենք ունենանք Երեւան – Կարս – Շուշի, նկատի ունենալով, որ հայրս կարսեցի է: Այդ երազը միշտ իմ մտքիս մէջ է», նշեց Ասպրամ Կրպէեան եւ իր հօր խառնուածքին ու իր նմանութիւններուն վերաբերող հասարակ մէկ յայտարարի մը մասին խօսելով` ըսաւ, որ այդ մէկը յամառութիւնն է եւ սկզբունքայնութիւնը: «Եթէ բան մը ըսեմ եւ որոշեմ, որ այդ մէկը պէտք է այդ ձեւով ըլլայ, ոչ մէկը կրնայ խանգարել զայն:  Հակառակ աղջկայ կերպարիս, իմ մէջս ընդգծուած են հօրս բնաւորութեան եւ էութեան գծերը», շեշտեց ան:

ԶՈՄ-ականներուն հետ։ Նկարին մէջ կ՛երեւի նաեւ Ասպրամի մայրը Իրինա Կրպէեան

ԶՈՄ-ի տղոց հետ իր հանդիպումին մասին խօսելով` Ասպրամ Կրպէեան հաստատեց, որ իր կեանքին մէջ զուգադիպութիւններ չկան, աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, որ ամէն ինչ պիտի կատարուի ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ վայրին մէջ:

«Ես խոր համոզումով կ՛ըսեմ, որ ԶՈՄ-ականներուն հետ իմ հանդիպումս երբեք պատահականութիւն չէր: Ուրեմն, բարեկամուհի մը ունիմ, որ Միացեալ Նահագներէն եկած էր եւ բարեսիրական աշխատանքի մը համար կ՛ուզէր Արցախ երթալ եւ այցելել նաեւ Կովսական, ուր ես ինքս այնքան հարազատ կը զգամ: Հայրիկիս հետ կապուած ամէն վայրի մէջ ես անոր հոգին ու ներկայութիւնը կը զգամ: Կովսականի մէջ իմ հօրս անուան դպրոցին մէջ ես տակաւին կը զգամ յետպատերազմեան շունչը եւ անիկա ինծի համար լուսաւոր կէտ մըն է, որ ուժ ու ոգի կը ներշնչէ ինծի: Մինչ ես համաձայն գտնուած էի եւ բարեկամուհիիս հետ մեկնած` Կովսական, մօրս հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են ԶՈՄ-ի երիտասարդները եւ փափաք յայտնած` մեր տունը այցելել եւ ծանօթանալ մեզի հետ, համաձայն իրենց տարեկան ծրագիրին: Մայրս ԶՈՄ-ականներուն յայտնած է, թէ ես արդէն Կովսական կը գտնուիմ, եւ եթէ իրենց գտնուած վայրին մասին յայտնեն, կրնամ երթալ անոնց մօտ ու հանդիպիլ անոնց: Իմանալէ ետք, որ 15 ԶՈՄ-ականներ կը գտնուին հօրս անուան դպրոցին մէջ, անմիջապէս ուղղուեցայ հոն եւ այդ օրը անմոռանալի դարձաւ ինծի համար: Շատ տպաւորիչ էր, շատ յուզիչ: Ես երբեք չէի պատկերացներ, որ օտար միջավայրի մէջ հասակ նետած երիտասարդներ գտնուին տեղ մը, ուր կան արցախցի երեխաներ եւ անոնց միջեւ ստեղծուած է կապ մը ու միաժամանակ կը հնչեն արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, այնքան ջերմութեամբ, ոգիով ու հայրենասիրութեամբ:

«Շատ գեղեցիկ էր այդ գուրգուրանքը, սէրը եւ պատրաստակամութիւնն ու վճռակամութիւնը: Իսկ ԶՈՄ-ականներուն աչքերը, որոնք ուղղուած էին ինծի եւ իմ մէջս կը փնտռէին Թաթուլ Կրպէեանը եւ Ազգային հերոսի զաւակը փնտռելու զգացումը, ինծի համար շատ յուզիչ, տպաւորիչ եւ միաժամանակ ուրախութիւն պատճառող զգացում մըն էր: Կ՛ուզէի ուրախութենէս գոռալ, միաժամանակ լալ, բոլորին գրկել, համբուրել. ճի՛շդ է, որ մենք առաջին անգամն էր, որ իրարու կը տեսնէինք, բայց այնքան հարազատ էր ամէն բան, կարծես ես քոյրս ու եղբայրս տեսած ըլլայի», ըսաւ ան:

Այնճարի մէջ Ա. եւ Ի. Կրպէեաններ ԶՈՄ-ական ընկերներու եւ Այնճարի պատասխանատուներու հետ

Ասպրամ Կրպէեան յայտնեց, որ ինք միշտ հետեւած է սփիւռքի աշխատանքներուն, յատկապէս` Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային, աւելցնելով, որ իրենք սփիւռքահայ շատ ծանօթներ ունին, որոնք միշտ կ՛այցելեն իրենց, աւելցնելով, որ ինք վարժ է լսելու արեւմտահայերէնը:

Անդրադառնալով ԶՈՄ-ի կողմէ Քաշաթաղի մէջ կատարուած գործուղման աշխատանքին, Ասպրամ Կրպէեան հաստատեց, որ այդ աշխատանքը հիանալի է: «Երբ Արցախի մէջ կը տեսնեն երեխաներուն աչքերուն փայլքը, երբ անոնք կը սպասեն Լիբանանէն եկած հայ երիտասարդները, կը զգաս անոնց ոգեւորութիւնը եւ կարօտը` իրենց այցելող երիտասարդներուն նկատմամբ: Շատ ողջունելի է այդ նախաձեռնութիւնը, որ պէտք է աւելնայ եւ շարունակական ըլլայ, որովհետեւ անիկա այդքան յոյս ու ոգեւորութիւն կը ներշնչէ Քաշաթաղի երեխաներուն», յայտնեց ան:

Իր մասնագիտութեան մասին եւ այդ մասնագիտութիւնը ազգին ծառայութեան ի սպաս դնելու առումով Ասպրամ Կրպէեան յայտնեց, որ իրաւաբան ըլլալու ցանկութիւնը յստակ եղած է իրեն համար, որովհետեւ իր մէջ միշտ գերակշռած է արդարութեան համար պայքարը: «Արդարութեան եւ ազատութեան տենչը, միշտ արդարի յաղթանակին կարեւորութիւնը եւ այդ բոլորին մասին իմ մէջս եղող պայքարը պատճառ էին, որ ես դառնամ իրաւաբան: Իմ մեծագոյն փափաքս նաեւ այն է, որ դառնամ այնպիսի մէկը, որ մարդիկ ըսեն. «Ասպրամ Կրպէեանն է, եւ գիտէ՞ք, ան Թաթուլ Կրպէեանի աղջիկն է»: Իմ հօրս անունը ինծի համար շատ բարձր տեղ կը գտնուի եւ ես այդ անունը երբեք վար չեմ առներ` իմ անձնական յաջողութիւնս ապահովելու համար: Ես ամէն ջանք ի գործ կը դնեմ, որ իմ ճիգերովս եւ հնարաւորութիւններովս փորձեմ հասնիլ այդքան բարձր գտնուող այդ անուան, որ ազգին ու մեր ընտանիքին հպարտութիւնն է»:

Ան ընդգծեց, որ պատահական չէր նաեւ, որ ինք ընտրած էր միջազգային օրէնքը իբրեւ մասնագիտութիւն: «Հայրիկս եւ անոր սերնդակիցները հայրենասիրութեան իբրեւ վեհագոյն զգացում` անձնազոհ դարձած են. նման մարդիկ հարիւր տարին անգամ մը կը ծնին: Մեր հայրենասիրութիւնը մենք պէտք է դրսեւորենք դառնալով լաւագոյնը, դառնալով անթերի, իւրաքանչիւրը` իր ընտրած մարզին մէջ: Փա՛ռք Աստուծոյ, մեր հերոսները իրենց անձնազոհութեամբ մեզի համար ապահովեցին խաղաղ ներկայ մը, որուն բարգաւաճման եւ ծաղկումին պատասխանատուն ենք մենք», ըսաւ ան:

Ա. Կրպէեան Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երկու կրտսեր անդամներուն հետ

Ա. Կրպէեան նշեց, որ ինք մագիստրոսի իր թեզին ուղղութիւնը տարած է դէպի ուժի կիրարկման իրաւաչափութիւնը` միջազգային օրէնքին համաձայն, ի մտի ունենալով արցախեան հարցը:

«Հետագային կը մտածեմ այդ ուղղութեամբ խորանալ, ուսումնասիրութիւններ կատարել, եւ եթէ կարենամ փոքր ներդրում մը ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման մէջ, ապա անիկա ինծի համար մեծ ձեռքբերում կը դառնայ», ըսաւ Ա. Կրպէեան` ապագայի իր նպատակներուն մասին խօսելով:

Սփիւռքին հետ իր կապերուն մասին խօսելով` ան նշեց, որ ինք «Սփիւռք» արտայայտութիւնը չի սիրեր, որովհետեւ իրեն համար անիկա մէկ ամբողջ հայութիւն է: «Այո՛, Հայաստանի մէջ չեն անոնք, բայց իրենց մէջ այնքան հայութիւն եւ հայրենասիրութիւն կայ, այնքան որ ես հոս, ձեզմով շրջապատուած պահուն ինքզինքս Հայաստանի մէջ կը զգամ: Այսինքն ինծի համար ուղղակի ամբողջական ըլլալու զգացում է սփիւռքի հետ յարաբերութիւնը: Սփիւռք-Արցախ-Հայաստան զգացումը ամբողջական ըլլալ է, եւ եթէ անոնցմէ մէկը բացակայի, ապա ինծի համար անիկա տկարութիւն է», շեշտեց Ա. Կրպէեան:

Իր խօսքը ուղղելով ամբողջ աշխարհի հայութեան` Ա. Կրպէեան յայտնեց, որ հայրենիքը մնայուն կարօտը ունի անոնց, որովհետեւ այդ մասնիկին պակասը միշտ զգալի է: «Ինծի համար այդ պատկերը լաւագոյնս կը բացատրուի փազըլին ընդմէջէն, Հայաստանը այսօր փազըլ մըն է, որ ունի բացակայող շատ մասնիկներ եւ անիկա կը գեղեցկանայ միայն երբ այդ փազըլը ամբողջական է, հետեւաբար այնքան ատեն որ մէկը կարողութիւն եւ հնարաւորութիւն ունի վերադառնալու դէպի արմատները, ապա պէտք չէ վարանի եւ նպաստէ մեր երազած հայրենիքին պատկերը ամբողջացնելու առաքելութեան», եզրափակեց Ասպրամ Կրպէեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )