Միքաթի. «Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Անկարելի Է Վաւերացնել»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծը անկարելի է վաւերացնել, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի Լիբանանի գոյութեան էութեան եւ ազգային համերաշխութեան ոգիին հետ:
«Մենք բոլորս պէտք է մտածենք լիբանանեան համայնքներուն իսկական ներկայացուցչութեան մասին` սակայն մշակելով ընտրական օրէնք մը, որ չի հարուածեր Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմն իսկ չկրցաւ բաժնել լիբանանցիները, որովհետեւ լիբանանցիները ընդգծեցին ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահելու իրենց վճռակամութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ եթէ որոշուի խորհրդարանի լիագումար նիստի մը ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան դնել, ապա ան կրնայ պոյքոթի ենթարկել իր մասնակցութիւնը: