Պըրրի Ընդունեց Արսլանը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց ազգային կուսակցութիւններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով Քասեմ Սալեհ յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Պըրրիի հետ քննարկած է ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Սալեհ նշեց, որ պատուիրակութիւնը պահանջած է Լիբանանը վերածել մէկ ընտրաշրջանի եւ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրութիւններ կատարել:
Ան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը քաղաքական լուծումն է: Սալեհ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու բոլոր փորձերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն զինումն ու ֆինանսաւորումը, որ պատճառեց Սուրիոյ քանդումը:
Սալեհ աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Մարուան Ապու Ֆատելի:
Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ իրենք համաձայն են Պըրրիի կողմէ համախոհական օրինագիծերու գոյացման` աւելցնելով, որ Պըրրի մնայուն կերպով լիբանանցիները միասնականացնելու դերակատարութիւն ստանձնած է, որքան ալ խոր ըլլան անոնց միջեւ տարակարծութիւնները:
«Պըրրի ազգային մեծ երաշխիք է եւ լիբանանցիները պէտք է անոր նեցուկ կանգնին` ամրապնդելու համար երկրին ազգային միասնականութիւնը», շեշտեց Արսլան:
Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պըրրիի տրամադրութիւնները բարձր են համախոհական ընտրական օրէնքի մը յանգելու գծով խորհրդակցութիւնները շարունակելու առումով, եւ ան պատրաստ է պէտք եղածին չափ ժամանակ տրամադրելու` յանգելու համար այդ օրինագիծին:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի նախանցեալ օր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պատուիրակին` նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ ինք պատրաստ է քննարկելու բոլոր կարելիութիւնները` համախոհական օրէնք մը մշակելու առումով: