Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Խոստանայ Այսօր Իսկ Դիմել Մագլցողական Քայլերու
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը անցեալ շաբաթ օր հինգերորդ օրն ըլլլալով իր նստացոյցը կատարեց Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց` մեծ թիւով ապահովական ուժերու ներկայութեամբ:
Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին մէջ աշխատանքը ամբողջութեամբ դադրած է:
Նստացոյցին ընթացքին Ղարիպ շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը ուզէ վերջ տալ փտածութեան, ապա ան կրնայ ապահովել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը:
Ղարիպ խստիւ մերժեց հանգստեան կոչուած ուսուցիչներուն իրաւունքները կրճատելու առաջարկը` աւելցնելով, որ այսօր` երկուշաբթի, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը պիտի դիմէ մագլցողական քայլերու, ինչպէս նաեւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին կեդրոնական նստացոյց մը պիտի կատարէ Կեդրոնական դրամատան դիմաց:
Ղարիպ կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն իրենց զաւակները երկուշաբթի օր դպրոց չուղարկելու:
Սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ հաստատեց, որ պետական թէ սեփական բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան երկուշաբթի օր: Ան ընդգծեց, որ իրենք արգելք պիտի հանդիսանան, որ սենտիքայի անդամ ուսուցիչները հասնին իրենց դպրոցները:
Մահֆուտ հաստատեց դասադուլին յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Մահֆուտ նշեց, որ այս քայլը կառավարութեան դէմ որդեգրուած քայլ մըն է: