Նախագահ Սլէյման Արսալի Թաղապետերուն Հետ Քննարկեց Յանցագործները Բանակին Յանձնելու Կարելիութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արսալի թաղապետերուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց յանցագործները բանակին յանձնելու կարեւորութիւնը:
Թաղապետերը ընդգծեցին, որ Արսալ գիւղաքաղաքը կ՛ենթարկուի օրէնքին եւ անոր բնակիչները կը յարգեն բանակն ու անոր զինուորները: Անոնք պահանջեցին Արսալի միջադէպին մասին թափանցիկ եւ արդար հետաքննութիւն մը բանալ:
Նախագահ Սլէյման իր կարգին հաստատեց, որ Արսալի միջադէպին մասին առողջ հետաքննութիւնը կը սկսի յանցագործները հարցաքննութեան ենթարկելու քայլէն: Ան կոչ ուղղեց Արսալի բնակիչներուն գործակցելու պետութեան հետ եւ Արսալը չէզոք պահելու շրջանային հարցերէն, յատկապէս Սուրիոյ իրավիճակէն:
CATEGORIES Լիբանանեան