Ուատի Խալետի Հիշէ Գիւղաքաղաքը Սուրիական Ռմբակոծումի Թիրախ Կը Դառնայ
Ուատի Խալետի Հիշէ գիւղաքաղաքը եւ շարք մը այլ գիւղաքաղաքներ անցեալ շաբաթավերջին ենթարկուեցան սուրիական կողմի ռմբակոծումին:
Ռմբակոծումին պատճառով քանդուեցան եւ հրկիզուեցան բազմաթիւ բնակարաններ, ինչպէս նաեւ սպաննուեցաւ Հիշէի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ահմետ Շեհապ եւ վիրաւորուեցաւ անոր եղբայրը` Հանի Շեհապ:
Մաշթա Համմուտի քաղաքապետ Նաժի Ռամատան նշեց, որ այդ գիւղաքաղաքին մէջ ռմբակոծուած է Ասսաֆ ընտանիքին բնակարանը, ուր արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ:
Սուրիական կողմի ռմբակոծումը տակնուվրայութիւն ու սարսափ պատճառեց Ուատի Խալետի բնակչութեան` նկատի ունենալով անոր ստեղծած վտանգաւոր իրավիճակը:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, ռմբակոծումը արձանագրուեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող զինեալներուն եւ սուրիական բանակին միջեւ բախումներուն ընթացքին:
Հիշէի թաղապետ Մոհամետ Տըրղամ Ահմետ յայտնեց, որ գիւղաքաղաքին բնակիչները խիստ ընդվզած են սահմանին վրայ գտնուող զինեալներուն երեւոյթէն եւ կոչ ուղղեց բանակին դիրքաւորուելու հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներ զոհ կը դառնան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած զինուորական գործողութիւններու:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ չէզոք կեցուածքին եւ այլ պետութիւններու, յատկապէս Սուրիոյ հարցերուն միջամուխ չըլլալ: Ան կոչ ուղղեց սուրիական կողմին վերջ տալու լիբանանեան հողերուն ռմբակոծումին:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց լիբանանեան շրջաններուն ռմբակոծումը, որուն պատճառով արձանագրուած են զոհեր: Ան կոչ ուղղեց սուրիական իշխանութիւններուն դիմելու որոշ քայլերու, որպէսզի նման արկածներու առաջքը առնուի:
Վարչապետ Միքաթի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց սուրիական իշխանութիւնները պաշտօնապէս տեղեակ պահել, թէ Լիբանան կը մերժէ նման դէպքերու կրկնութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կը կռուի Իրանի հրահանգով: Ան նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ձախողած է չէզոք քաղաքականութիւնը գործադրելու իմաստով` աւելցնելով, որ այդ պատճառով է, որ Մարտ 14-ի քաղաքական կարգ մը ուժեր կը կռուին սուրիացի ժողովուրդին կողքին: