Չեխիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Ձախողեցուցած Են Ազրպէյճանական Ձեռնարկը
News.am կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ երէկ Չեխիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան, Ազրպէյճանաչեխական միութեան կողմէ` շարք մը ազրպէյճանցի գործարարներու եւ Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ տեղի ունեցած է Խոջալուի դէպքերու 21-ամեայ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկը: Հրապարակի անկիւններէն մէկուն վրայ տեղադրուած են 2 վրաններ, որոնց կողքին բարձրացուած է Ազրպէյճանի դրօշը: Վրաններէն մէկուն մէջ բաժնուած են միայն անվճար քաղցրեղէններ, հիւթեր եւ թէյ, միւսին մէջ` Խոջալուի դէպքերուն վերաբերեալ ստայօդ քարոզչական նիւթեր:
Ձեռնարկին սկսելէն անմիջապէս ետք հայ համայնքի քանի մը ներկայացուցիչներ սկսած են վրանի կողքին անցորդներուն բաժնել Խոջալուի իրադարձութիւններուն մասին իրականութիւնը ներկայացնող չեխերէնով պատրաստուած թռուցիկներ եւ «Խոջալու. Քարոզչութիւն ողբերգութեան միջոցով» գրքոյկը:
Հայ համայնքի գործիչները նախորդ տարուան նման մուտք գործած են ազրպէյճանցիներու վրանը եւ նշուած նիւթերը բաժնած նաեւ այնտեղ գտնուողներուն, ներառեալ` կազմակերպիչներուն եւ զայն լուսանկարած: Անոնք յաջողած են նաեւ գրաւել ազրպէյճանական քարոզչական նիւթերու զգալի մասը, ապա հանած նաեւ վրանի մուտքին մօտ փակցուած պաստառներէն մէկ քանին: Ազրպէյճանցիները կանչած են ոստիկանութիւնը, որ սակայն փաստած է, որ հայերու գործողութիւններուն մէջ որեւէ օրինախախտում չկայ, սակայն իրավիճակի սրումէն խուսափելու համար հերթապահութիւն սահմանուած է:
Քարոզչական ձեռնարկին մէջ ներգրաւուած ազրպէյճանցի ուսանողներու խուճապը դադրեցնելու եւ վերջիններս ոգեւորելու համար ձեռնարկի վայր ժամանած են Փրակայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցները,որոնք փաստացի յայտնուած են հայերու կողմէ շրջապատուած վրաններուն մէջ` առանց քարոզչական որեւէ գործողութիւն իրականացնելու կարելիութեան:
Ընդհանուր առմամբ հայերուն կողմէ բաժնուած է շուրջ 700 թռուցիկ եւ քանի մը տասնեակ քարոզչական գրքոյկ:

