Խմբային Հրաժարականներ` Հանրապետական Կուսակցութենէն

Շիրակի մարզպետ Աշոտ Գիզիրեան

Հայաստանի կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շիրակի մարզպետ Աշոտ Գիզիրեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին դիմում ներկայացուց իր պաշտօնէն ազատ կացուցուելու վերաբերեալ:

Մամլոյ մէջ վերջին օրերուն տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին Գիզիրեանի հաւանական հրաժարականին մասին: Հրաժարականի լուրերը մամուլը կը կը պայմանաւորէր Շիրակի մարզին մէջ` գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւաքած ցած տոկոսներով:

Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, Շիրակի մարզին մէջ Րաֆֆի Յովհաննէսեան հաւաքած է 67,805 քուէ, Սերժ Սարգսեան` 56,729: Իսկ Գիւմրիի մէջ Րաֆֆի Յովհաննէսեան մօտ 2.5 անգամ աւելի շատ ձայն հաւաքած է, քան գործող նախագահը` համապատասխանաբար` 69.5 եւ 27 առ հարիւր:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ նոյն պատճառներով հրաժարականի դիմում ներկայացուցած են նաեւ Վանաձորի քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեան եւ Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեան: Ըստ «Հետք»-ի, կը քննարկուի նաեւ Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանի եւ Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանի հրաժարականի հարցը:

«Իշխանութեան Դէմքը Պիտի Փոխուի»

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի կառավարութեան նիստի աւարտէն ետք լրագրողները կրթութեան եւ գիտութեան հանրապետական նախարար Արմէն Աշոտեանին հարցուցին, որ կառավարութեան կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը սպասուի՞ն:

«Վստահ եմ, որ իշխանութեան դէմքը պիտի փոխուի, իշխանութեան մէջ պիտի փոխուին դէմքեր եւ ատիկա բացարձակապէս կապ չունի ընտրութիւններու արդիւնքներուն, այս կամ այլ ընտրատեղամասին մէջ, այս կամ այն մարզին մէջ, այս կամ այն քաղաքին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն հետ: Վաղուց եկած է այդ պահը, որ պէտք է որոշակի փոփոխութիւններ կատարուին իշխանութեան ներքեւ, իշխանութեան բոլոր այն ճիւղերուն մէջ, որոնց կազմաւորման հոլովոյթը կը պայմանաւորուի նոր ընտրութիւններով, ընտրութիւններու արդիւնքներով եւ վերընտրուած նախագահի յետընտրական լիազօրութիւններով», յայտարարեց նախարարը:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հիմնաւորուած են այն լուրերը, թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին հաւանաբար վարչապետի պաշտօն առաջարկուի եւ առհասարակ իրատեսական կը նկատէ՞, որ այսպիսի առաջարկ կատարուի անոր, Աշոտեան յայտնեց, որ այսպիսի առաջարկ իրատեսական չի նկատեր:

Յայտնենք նաեւ, որ աւելի ուշ լուրեր շրջանառութեան դրուեցան այն մասին, որ շատ հաւանաբար Արմէն Աշոտեան պաշտօնանկ ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )