Յովհաննէսեան Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ Լաւ Մտածելու` Վերջնական Արդիւնքները Հրապարակելէ Առաջ

Բազմահազար ցուցարարներ ձիւնին տակ` Գիւմրիի մէջ

Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած շտապ հանրահաւաքին ընթացքին ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն նախագահական ընտրութեան վերջնական արդիւնքները հրապարակելէ առաջ լաւ մտածելու: Ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ամէնէն ուշը այսօր պէտք է հրապարակէ այդ արդիւնքները:

«Ասիկա Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ այդ յանձնախումբին ճշմարտութեան պահն է: Լաւ թող մտածեն` օրէնքով, իրաւունքով, ժողովուրդով եւ համեստութեամբ: Ոչ մէկը աւելի բարձր է, քան Հայաստանի ժողովուրդը եւ Հայաստանի քաղաքացին», ըսաւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան:

Այսօր յանձնախումբի նիստէն մէկ ժամ ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի գնահատէ հրապարակուած արդիւնքները: Ապա յաջորդ օրուընէ ան պիտի վերսկսի իր մարզային այցելութիւններուն: 26 փետրուարին Յովհաննէսեան պիտի այցելէ Արմաւիր, Մեծամօր, Էջմիածին, Մասիս եւ Արտաշատ: Այցելութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Արարատ, Սուրէնաւան, Արենի, Եղէգնաձոր եւ Վայք: 27 փետրուարին Յովհաննէսեան պիտի ուղեւորուի Հայաստանի հարաւ` Ագարակ, Մեղրի, Քաջարան, Ղափան Գորիս եւ Սիսիան: «Սիւնիքի մարզպետին մեր յաղթանակը պիտի տանինք», ըսաւ Յովհաննէսեան:

28 փետրուարին ընդդիմադիր գործիչը պիտի այցելէ Չարենցաւան, Բիւրեղաւան, Նոր Հաճըն, Աբովեան, եւ նոյն օրը աւելի ուշ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կայացնէ հանրահաւաք մը, որ արդէն արտօնուած է քաղաքապետարանին կողմէ: «Ասիկա ոչ թէ արեան ու չարութեան, այլ իրաւունքի, ժպիտի եւ բարեւի յեղափոխութիւն է», յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան:

Երէկուան հանրահաւաքը արտօնուած չէր, Րաֆֆի Յովհաննէսեան նախապէս պայմանաւորուած էր ոստիկանութեան հետ, որ միայն ինք ելոյթ պիտի ունենայ եւ հանրահաւաքը վերջ պիտի գտնէ: «Ազատութեան հրապարակը այլեւս կուսակցութիւն չի ճանչնար», յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան` վստահեցնելով, որ հրապարակին վրայ են տարբեր կուսակցութիւններու` նոյնիսկ հանրապետականին ձայն տուած քաղաքացիները: Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն, սկսած է մեծ հոլովոյթ մը, Ազատութեան հրապարակ տարբեր հոսանքներ մուտք կը գործեն` քաղաքականէն մինչեւ քաղաքացիական: Ըստ Յովհաննէսեանի ասիկա հզօր, պատմական ջրհեղեղ մըն է, որուն ալիքին տակ պիտի խեղդուի ստրկամտութիւնը` տանելով գողերը, յանցագործները, կեղծարարները եւ ձգելով նոր Հայաստանի հովիւը:

Ազատութեան հրապարակէն Րաֆֆի Յովհաննէսեան համակիրներուն ուղեկցութեամբ գնաց եռաբլուր` յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին:

Յայտնենք, որ նախանցեալ օր Րաֆֆի Յովհաննէսեան սկսած էր իր մարզային այցելութիւններուն: Աշտարակի, Ապարանի, Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցան բազմամարդ հանրահաւաքներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES