Նալբանդեան Ընդունեց ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Եւրոպայի Եւ ԱՊՀ-ի Երկիրներու Շրջանային Գրասենեակի Տնօրէնի Տեղակալին

22 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի Եւրոպայի եւ ԱՊՀ-ի երկիրներու շրջանային գրասենեակի տնօրէնի տեղակալ Հաոլինկ Հուն:

Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ անցեալ տարի Հայաստան նշեց ՄԱԿ-ին իր անդամակցութեան 20-ամեակը եւ կարելի է փաստել, որ այս երկու տասնամեակի ընթացքին Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է կազմակերպութեան աշխատանքներուն մէջ: Նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի 20-ամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեան առնչութեամբ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Հաոլինկ Հու բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին միջեւ առկայ համագործակցութիւնը եւ նշեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները տարուէ տարի աւելի արդիւնաւէտ եւ ընդգրկուն կը դառնան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )