50 Տարի Առաջ (26 Փետրուար 1963)

Նախագահ Զօրավար Շեհապ Անթիլիասի Մէջ

«Զարեհ Ա.-Ի Մահը Մեծ Կորուստ Մըն Է
Լիբանանի
Համար», Ըսաւ Նախագահը

Ն. Վսեմութիւնը Մեծ Գովեստով Խօսեցաւ Երանաշնորհ Հայրապետի Արժանիքներուն Մասին` Իր Ցաւակցութիւնները Յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին, Կիլիկիոյ Միաբանութեան Եւ Պետական Երեսփոխաններուն

Երէկ` երկուշաբթի, 25 փետրուար, կէսօրուան ժամը 12:45-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապ այցելեց Անթիլիաս եւ պաշտօնապէս իր ցաւակցութիւնները ներկայացուց Խորէն արք. Բարոյեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն:

Նախագահին ժամանումէն առաջ զինուորական պահակագունդը, դպրեվանքի սաները, սարկաւագներ, քահանայ հայրեր, աբեղաներ եւ վարդապետներ վանքի մուտքէն մինչեւ վեհարանի դուռը շարուած էին` արժանի շուքով ընդունելու համար նորին վսեմութիւնը, որ կաթողիկոսարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ պետական չորս հայ երեսփոխաններուն` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Վարդգէս Շամլեանի կողմէ ու առաջնորդուեցաւ վեհարան:

Պաշտօնական այս այցելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբանութեան լուսարարապետ Հայրիկ արք. Ասլանեան, Բերիոյ, Թեհրանի, Ատրպատականի, Իրանա-Հնդկաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Մ. Նահանգներու կիլիկեան թեմերու առաջնորդները, կիլիկեան միաբանութեան անդամ  վարդապետներ, Իրանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն եւ Յունաստանէն վեհին յուղարկաւորութեան առթիւ եկած պատուիրակութեանց անդամները, ինչպէս նաեւ` ազգային վերին մարմիններու ներկայացուցիչները:

Ն. վսեմութիւնը իր խորազգաց վշտակցութիւնը ներկայացուց Խորէն արք. Բարոյեանին` մասնաւորաբար շեշտելով երանաշնորհ հայրապետին արժանիքները եւ ծառայութիւնները հայ համայնքին ու Լիբանանի: «Անոր մահը մեծ կորուստ մըն է Լիբանանի համար», յայտարարեց նախագահ Շեհապ` ընդգծելով, թէ ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը կ՛ողբայ անոր կորուստը:

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը նախագահին ներկայացուց պատրիարք հայրը, որուն նոյնպէս իր ցաւակցութիւնները յայտնեց նախագահը: Ապա, յաջորդաբար նախագահին ներկայացուեցան թեմակալ առաջնորդները, վարդապետները, ինչպէս նաեւ` արտասահմանէն եկած պատուիրակութեանց անդամները:

Նախագահական այցելութիւնը տեւեց քսան վայրկեան, որուն ընթացքին խօսակցութիւններ տեղի ունեցան նախագահին, առաջնորդ սրբազանին, պատրիարք հօր եւ հայ երեսփոխաններուն միջեւ: Բոլոր այս խօսակցութեանց միջոցին, ընդգծուեցաւ հանգուցեալ վեհափառին սկսած մեծ գործը շարունակելու կամքը:

Նախագահը հրաժեշտ առնելէ առաջ ստորագրեց կաթողիկոսարանի տոմարին մէջ եւ մեկնեցաւ յայտնօրէն զգացուած հայ ժողովուրդի կրած մեծ կորուստէն:

Վեհափառին Գերեզմանը Եօթը Օրէն Պիտի Գոցուի

ՆՍՕՏՏ Զարեհ Ա. թաղուեցաւ Անթիլիասի մայր տաճարին արեւելեան կողմը, Գարեգին կաթողիկոսի եւ Կարոյեան սրբազանի գերեզմաններուն միջեւ:

Թաղման օրը գերեզմանին փոսը կիսով լեցուեցաւ հաւատացեալներու կողմէ:

Ըստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութեան, եօթը օր շարունակ, ամէն առտու, եկեղեցական արարողութիւններէ ետք, վարդապետներ մասնաւոր աղօթքներով «Այգուց» պիտի կատարեն գերեզմանին վրայ եւ բարձրացնեն հողակոյտը:

Երէկ Գիշեր Իր Դռնփակ Նիստին Միաբանական Ժողովը
Միաձայնութեամբ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տեղապահ Ընտրեց
Տ
. Խորէն Արք.ը

Երէկ` երկուշաբթի, 25 փետրուար 1963, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ժողովը իր դռնփակ նիստին մէջ լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանը 20-ի վրայ 19 ձայնով կաթողիկոսական տեղապահ ընտրեց:

Նախապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իբրեւ աւագագոյն անդամ, համաձայն կանոնագրի, լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն սրբազան հետեւեալ շրջաբերականը հանած էր.

Շրջաբերական

Այսու կը հրաւիրենք զՁեզ ներկայ գտնուելու Միաբանական ժողովոյ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, 25 փետրուար 1963, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը ճիշդ 8:00-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, կատարելու համար ըստ կանոնագրի կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն:

Ի դիմաց Միաբանութեան

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Շրջաբերականին տակ ստորագրած էին եւ ժողովին ներկայ գտնուեցան հետեւեալ միաբանները.

Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, Ճեզիրէի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան, ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, յունահայոց առաջնորդ Սահակ  եպս. Այվազեան, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան,  Արտաւազդ վրդ. Թրթրեան, Ատրպատականի հայոց առաջնորդ Արսէն վրդ. Աւետիքեան, Կիպրոսի հայոց առաջնորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեան, Վարդան վրդ. Տեմիրճեան, Իրանա-Հնդկաստանի հայոց առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան, Տրդատ վրդ. Քէշիշեան, Մեսրոպ աբղ. Աշճեան, Մաշտոց աբղ. Յովսէփեան, Եզնիկ աղբ. Բալայեան, Կորիւն աբղ. Գոճապապեան, Գուրգէն աբղ. Թրթրեան, Սուրէն աբղ. Գաթարոյեան եւ Բաբգէն աբղ. Թոփճեան: Ընդամէնը` 20 միաբան:

Բացակայ էին հինգ միաբաններ` Գրիգոր վրդ. Փիտեճեան (Մ. նահանգներ), Վահրամ վրդ. Եղիայեան (Մ. Նահանգներ), Խոսրով վրդ. Էմիրզէեան (Պոլիս),  Սմբատ վրդ. Լափաճեան (Մ. Նահանգներ) եւ Տաթեւ վրդ. Սարգիսեան (Անգլիա):

1.- Դիւանի ընտրութիւն.

Միաձայնութեամբ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան եւ ատենադպիր` Մաշտոց աբղ. Յովսէփեան:

2.- Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն:

Գաղտնի քուէարկութեամբ 20-ի վրայ 19 ձայնով կաթողիկոսական տեղապահ ընտրուեցաւ լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան:

Իր ընտրութենէն ետք տեղապահ սրբազանը ըսած է.

«Խորապէս զգացուած եմ միաբանութեան եղբայրներէս` ինծի հանդէպ ցոյց տուած իրենց այս եղբայրական ջերմ զգացումներուն եւ ունեցած վստահութեան համար:

«Կը զգամ այն ծանր բեռը, որ ստիպեցիք դնել իմ ուսերուս: Կը զգաք նաեւ դուք, թէ որքան դժուարութիւններ կան մեր առջեւ մեր կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարելու համար:

«Մինչեւ հիմա, ինչպէս գիտէք, ի՛նչ պաշտօն, որ տրուած է ինծի, ի՛նչ պաշտօն, որ ստանձնած եմ, կատարած եմ մեծ սիրով եւ իմ կարողութեամբս:

«Այս պահուս ալ կը խոստանամ կատարել ձեր` ինծի վստահած այս ծանր պարտականութիւնը եւ կատարել ամենայն խղճմտութեամբ:

«Կը խոստանամ, համաձայն կանոնագրի, կատարել կաթողիկոսական ընտրութիւնը 40 օրուան սուգէն ետք, անմիջապէս եւ ոչ այնքան ուշ, քան վեց ամիս: Վստահ եմ, որ ինծի պիտի օգնեն իմ միաբանակից եղբայրներս, որոնք պիտի դառնան գործակիցներս մեր կաթողիկոսական ընտրութեան գործին մէջ:

«Կը կրկնեմ շնորհակալութեան խօսքերս` ուղղուած բոլորիդ եւ կը մաղթեմ, որ Աստուած մեր Աթոռը անսասան պահէ եւ մեր սիրելի ժողովուրդին խաղաղ ու բարգաւաճ կեանք պարգեւէ»:

Դիւանի ատենապետ Ղեւոնդ սրբազան կարճ խօսքով մը պատասխանած է տեղապահ սրբազանի շնորհակալական խօսքին եւ վստահեցուցած է զայն, թէ միաբանութիւնը իր կարողութեան ներած չափով պիտի օգնէ եւ սատար հանդիսանայ իրեն:

Այնուհետեւ, տեղապահ սրբազանի փափաքով ու թելադրանքով, միաբանական ժողովը կատարած է տնօրէն ժողովի ընտրութիւնը:

3.- Տնօրէն ժողովի ընտրութիւն: Միաձայնութեամբ ընտրուած է 3 հոգինոց տնօրէն ժողով մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէ.

Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, Արտաւազդ վրդ. Թրթրեան եւ Վարդան վրդ. Տեմիրճեան:

Ժողովը սիրալիր եւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած է եւ` տեղապահ սրբազանին աղօթքով վերջ գտած:

Ժողովէն ետք տեղապահի ընտրութիւնը հեռագրով տեղեկացուեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կիպրոսի պատկան իշխանութեանց, Էջմիածնի կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութեանց, թեմերուն եւ կրօնական պետերուն, ինչպէս նաեւ` ՀԲԸ Միութեան, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )