ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Բարեկենդանի Եւ Վարդանանց Տօներ

Երախտապարտ հայ ժողովուրդը հազար հինգ հարիւր վաթսուներկու երկար ու ձիգ տարիներ ետք ալ կը շարունակէ յիշել, նշել ու տօնել Աւարայրի ճակատամարտին խորհուրդը, զոր հայ քաջազունները կեանքի գնով նուիրաբերեցին իրենց ժողովուրդին:

Ըլլալ-չըլլալու, կեանքի, լինելութեան, գոյատեւումի ու արժանապատիւ շարունակելիութեան մեր  յարատեւ պայքարին  մէջ Աւարայրի փրկարար օղակը եղաւ այն իւրայատուկ հենքը, որուն վրայ գումարուեցան մեր մեծ ու փոքր յաղթանակները, պարտութիւնները, ընկրկումներն ու պոռթկումները միաժամանակ: Վարդանանց Աւարայրէն մինչեւ արցախեան ազատամարտ հայը միշտ մնաց անկոտրում` հաւատարիմ իր տեսակին:

Հայը քսանմէկերորդ դար մտաւ յաղթանակած:

Քսանմէկերորդ դարը յաղթանակներու դար պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին համար: Այս հաւատքով, այս տրամադրութեամբ ու տրամաբանութեամբ  է, որ մենք պէտք է զինենք մեր մատղաշ սերունդը, որպէսզի գալիքը իրօք պայծառ ըլլայ, եւ մենք աշխարհին ներկայանանք գիտութեան, արուեստի ու մշակոյթի մեր ուրոյն խօսքով:

Ահա այս սկզբունքով ալ ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին բոլոր աշակերտները դպրոցական սրահի կամարներուն տակ հաւաքուեցան` անգամ մը ե՛ւս նորոգելու իրենց ուխտը:

– Կ’ուխտենք արժանի յաջորդները դառնալ ինչպէս մեր քաջասիրտ նախնիներուն` Վարդանանց, այնպէս ալ մեր նորագոյն պատմութեան հերոսներուն:

Կարմիրեանցիները օրուան խորհուրդը ամբողջական դարձուցին երգով, խմբերգով, արտասանութեամբ եւ միշտ աւելին իրագործելու անկոտրում հաստատակամութեամբ:

Վարդանանց տօնը նշեցին նաեւ դպրոցի ամենափոքրերը` մանկապարտէզի աշակերտները: Պէտք է միայն լսել, թէ անոնք որպիսի՜ հաւատքով ու խանդավառութեամբ կ’արտասանեն «Հայ եմ ես, քաջ եմ ես» բոլորիս յայտնի տողերը, իրենց հայու աչուկներուն զարմանահրաշ փայլատակումով…

Վարդանանց տօնին նախորդած էր Բարեկենդանը, որուն նոյնպէս մեր փոքրիկները նախապատրաստուած էին ըստ արժանւոյն: Մանկապարտէզի յարկին տակ ուրախ երգեր, պարեր, Թումանեանի համանուն հեքիաթի ներկայացում, գունագեղ հագուստներ ու դիմակներ, ինչպէս նաեւ` աւանդական հատիկ, որ մանուկները ճաշակեցին մեծ ախորժակով ու հաճոյքով` չմոռնալով բաժին հանել նաեւ իրենց աւագ ընկերներուն:

Մեծ ու փոքր բոլոր կարմիրեանցիներուն համար հայկական աւանդական տօները ինքնաճանաչումի յաւելեալ առիթ են, իսկ տնօրէնութիւնը միշտ նախանձախնդիր է իր սաներուն ազգային դաստիարակութեան:

ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES