«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով` Հայերէնին Տէր Կանգնիլը Բոլորիս Պարտականութիւնն Է Կը Պատգամէ Շահանդուխտ` Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան

Ամսուան մը վրայ երկարած հայագիտական մրցանքներէ ետք, հինգշաբթի, 21 փետրուարին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը արժանավայել հանդիսութեամբ մը նշեց «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը եւ այս առիթով կատարեց հայագիտական իր մրցանքներուն մրցանակաբաշխումը` ներկայութեամբ գրագիտուհի Շահանդուխտի:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով Թամար Ազնիկեան յայտնեց, որ փետրուար 21-ը «Մայրենի լեզուի միջազգային օր» է, հետեւաբար ան հայ լեզուի օր է, «Մեծարանքի պահ, հպարտութեան առիթ»: «Հայ լեզուն մեր հոգիի լոյսն է,- ընդգծեց ան,- լեզուի լոյսէն ծնունդ առին մեր գողթան երգիչները, մեր լեզուի ճարտարապետները, մեր պատմութեան խորենացիները, մեր աղօթքի նարեկացիները, մեր մատենագիրները, մեր ծաղկողները ու մեր յայտնի թէ անծանօթ գրիչները»: Դարերու ընթացքին բռնակալներ եկան ու անցան, սակայն հայ մարդը դիմացաւ ու տոկաց` շնորհիւ իր լեզուին, որ յատուկ դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուաւ իրեն, աւելցուց ան:

Բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Ասմունքով հանդէս եկան Անժելինա Սարգիսեան («Հայ լեզուն տունն է հայուն», Մ. Իշխան), Ժանեթ Օհանեան («Ներբողական», Սիամանթօ), Նաթալի Քելխաչերեան («Հայ մամիկին աղօթքը», Մ. Իշխան) եւ Գարին Գանտահարեան («Արցախեան մահարշաւ», Շահանդուխտ): Քոլեճին պարախումբը ներկայացուց պար մը` «Իմ անունը Հայաստան է»: Կատարուեցաւ նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Ցուցադրուեցաւ հայ մշակոյթի դարաւոր գանձերու պահապան Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանը ծանօթացնող տեսերիզ մը, պատրաստուած` 2012-ին, Երեւանի հայ գիրքի մայրաքաղաք հռչակման առիթով:

Այնուհետեւ խօսք առաւ տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ երրորդ տարին ըլլալով` քոլեճը կազմակերպած է միջնակարգի եւ երկրորդականի յատուկ հայագիտական մրցանքներ` «Ճանչնանք մեր լեզուն» անունով: Մրցանքը ընդգրկած է «Ճիշդ հնչենք»-ի, արտասանութեան եւ շարադրութեան մրցումներ միջնակարգի աշակերտութեան համար, իսկ գրաւոր աշխատանքի, բանաւոր խօսքի եւ շարադրութեան մրցումներ երկրորդականի աշակերտութեան համար: Բոլոր մրցանակակիրները իրենց նուէրները (նիւթական պարգեւ, գիրք եւ ամավերջին հայերէնի եւ հայոց պատմութեան քննութենէ զերծ կացուցուելու իրաւունք) կը ստանան հանդիսութեան աւարտին:

Իր խօսքին մէջ տնօրէն Վիգէն Աւագեան աշակերտութեան ներկայացուց վաստակաշատ գրագիտուհի Շահանդուխտը եւ անոր 32 գիրքերը: Ան խօսեցաւ նաեւ Շահանդուխտի հրապարակագրական յիսնամեայ վաստակին մասին` շեշտելով, որ Շահանդուխտ մեր գրական ու մամլոյ աշխարհին մէջ երեւոյթ մըն է, որուն նմանը դժուար թէ կրկնուի:

Հուսկ, խօսք առաւ իր ամբողջ կեանքը հայ լեզուին, գրականութեան եւ մամուլին նուիրած գրագիտուհին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար եւ ըսաւ, թէ հայերէնին տէր կանգնիլը բոլորիս պարտականութիւնն է: Հայերէնը  կը սորվին հայ դպրոցին մէջ, հայ ուսուցիչներու շունչին տակ: Օտար վարժարանները, որքան ալ հարուստ եւ շքեղ ըլլան, հոգիով աղքատ հայեր միայն կրնան պատրաստել, մինչդեռ հայ դպրոցը հայութեամբ հպարտ տղաք ու աղջիկներ կը հասցնէ մեր կեանքին:

Շահանդուխտ ըսաւ, որ Սոֆիա Յակոբեանը հողագործ, մշակ ու պարզ հայուհի մըն էր, որ կը հաւատար հայ լեզուի եւ մշակոյթի ուժին: Ան իր ունեցածէն մեծ բաժին հանեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի անոր զաւակները հայերէն սորվին, հայ հոգին պահպանեն եւ ազգին յարատեւումը ապահովեն: «Պէտք չէ ամչնալ մեր հայութեամբ, մեր լեզուով, ընդհակառակն` միշտ պէտք է հպարտ ըլլալ, որ հայ ենք, Խորենացի, Շիրակացի, Հերացի եւ Դաւիթ Անյաղթ ունինք», ըսաւ ան եւ մաղթեց, որ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը մեր լեզուին հարստութիւններուն  անդրադառնալու եւ զանոնք պահելու առիթ մը կ’ըլլայ:

Իր պատգամին աւարտին Շահանդուխտ կատարեց քոլեճին հայագիտական մրցանքներուն մրցանակաբաշխումը:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ քոլեճին քայլերգով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )