Հալէպի Տխուր Օրերը

ՄԻՆԱՍ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Այդքան հարց կայ, այդքան վէրք
Ո՞ր մէկուն ճար գտնենք մենք
Երբ լացուկոծները կը սկսին
Ու նոյն վէրքերը կը նորոգուին
Կանչելով մահը
Անդին` համբերելով
Թէ ինչպէ՞ս առանց լոյսի
Վառենք մեր սրտերը յոյսի
Երբ կը ստիպուինք  սպասելու
Չարչարուելու  համար ապրելու
Սակայն ահռելին պաղը չէ
Ոչ ալ խեղդահար փոթորիկն
Երբ մարդիկ այնտեղ կը կռուին
Գտնելու համար  հացն ու տաքուկ բոյն
Այդքան անլուծում կը հարուին
Այդքան բարդ հանգոյց ու ծանր վէրք
Ո՞ր մէկուն գտնեմ ես լուծումն ու ելք
Տե՛ս մելամաղձոտ աչքերով թռչունը կը նայի ձեզ
Վիզը ծռած իր բոյնին մէջ հեզ
Մենք կ՛ուզենք ապրիլ, զուարճանալ, խաղաղ ըլլալ
Կը հաւատանք եւ չենք վարանիր
Չէ՛, ո՛չ ճշմարտութիւնները չեն
Այս ճգնաժամերը անվերջ չեն
Հո՛ն է այնտեղ կանգնած
Վառվռուն գարունը կը հետեւի մեզ
Ու իր ժպիտովը  կը կանչէ մեզ
Չէ, չի կրնար որեւէ բան
Սիրտս փոթորկել այդքան
Խնդալու փափաքը միշտ կայ
Ապրելու` երբ յոյս կայ…

***

Ա՜խ, այս անգութ մութին
Որ թողուց ինձ մոմին հետ դողահար
Փոթորիկին ահռելի ձայնին
Ուր գազաններ կը կծկուին
Կը սարսռամ թէ ինչպէ՞ս մենք ապրեցանք օրն ի բուն
Թառանչներով լեցուն անցեալին
Մութ ժամերը տրտմագին
Աստուած իմ տո՛ւր ինծի
Աղբիւր մը վառող յոյսի
Խելագարուած այս միտքիս
Պուրակ մը ծաղկող բոյսի
Ես չեմ կրնար դիմանալ յաւերժ
Խանգարուած, տկարացած եմ այսպէս
Տո՛ւր ինծի խաղաղութիւն
Այս սեւով  ներկուած աչքիս
Լոյս ու անմեղութիւն
Այս դաւադիր  ճակատագրիս
Յաղթելու ուժ ու զօրութիւն
Տո՛ւր ինծի քո յաւերժ սրբազան փրկութիւնը:

***

Ա՜խ,  այս սարսափելի  անակնկալը
Որ չթողուց զիս մինակ կրկին
Այս մութ թաղին խորշերուն
Քաշեց իր ոտքին տակ տագնապալի
Զարմանալով թէ ինչպէ՞ս խաբեց անգամ մը եւս ամօթալի
Ահա՛, տես այս խորունկ ծովուն մէջ
Կը նետեմ ես խօսքս անվերջ
Որ լսես դուն հասկնալով յաւերժ
Թէ չես կրնար դաժան իրականութիւնը հեգնել
Հեգնել իմ ճամբուս ուղիղ գիծին
Ես պիտի շարունակեմ  շա՜տ ընդհատուած
Շա՜տ  խանգարուած   ճամբուս ուղին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )