Դահուկարշաւ. Համեստ Արդիւնքներ
«Ա1+» հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Ռումանիոյ Պրաշով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ձմեռնային ողիմպիականի պատանիներու փառատօնին հայրենի դահուկորդները արդէն իսկ աւարտած են իրենց ելոյթները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ կեդրոնը, տղոց դահուկավազքի մրցումներուն (ազատ ոճ) Արայիկ Գրիգորեան 89 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 57-րդ դիրքը, իսկ Սլաւիկ Սիմոնեան` 73-րդ դիրքը: Ինչ կը վերաբերի արագավազքի մրցումներուն, անոնք համապատասխանաբար գրաւեցին 75-րդ եւ 84-րդ հորիզոնականները:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ոլորավայրէջքի մրցումներուն, 67 մասնակցողներուն մէջ Էվա Պապոյեան գրաւեց ամէնէն վերջին դիրքը:
CATEGORIES Մարզական