Թենիս. Նալպանտեան Կը Մասնակցի Աքափուլքոյի Միջազգային Մրցաշարքին

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 25 փետրուարէն 2 մարտ Մեքսիքայի Աքափուլքօ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան: Ան մրցաշարքին կազմակերպիչներէն յատուկ հրաւէր ստացած է մասնակցելու անոր:

Մրցաշարքին պիտի մասնակցին նաեւ Տաւիտ Ֆերեր, Ռաֆայէլ Նատալ, Նիքոլա Ալմակրօ, Ֆեռնանտօ Վերտասքօ (Սպանիա), Խուան Մոնաքօ (Արժանթին), Սթանիսլաւ Վաւրինքա (Զուիցերիա) եւ ուրիշներ:

Այլ գետնի վրայ, Նալպանտեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է.

«Այս տարի եւս որոշած եմ վերստին նայիլ իմ կատարելիք մրցաշարքերուս ժամանակացոյցին: Ես մտադիր եմ մասնակցիլ միայն այն մրցաշարքերուն, որոնք ինծի համար դիւրին են: Ինծի համար կարեւորը լաւ մրցաշարքի մը մասնակցիլն է եւ բնականաբար անկէ հաճոյք առնելը: Թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ բարձր դիրքերը գրաւելը ինծի համար առաջնահերթ չէ»:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրեսի (Արժանթին) թենիսի միջազգային մրցաշարքի Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին Նալպանտեան պարտուեցաւ սպանացի Տաւիտ Ֆերերէն (6-2, 4-6 եւ 6-0):

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )