Թումանեանական Երեկոյին Ընթացքին Ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի Ժառանգութիւնը

Արին Գալուստեան

Երէկ` երկուշաբթի, 25 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թումանեանական երեկոյ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ սոյն թումանեանական երեկոյին ընթացքին միասնաբար պիտի փոխադրուինք Յովհաննէս Թումանեանի աշխարհը, որ հարուստ է հեքիաթներով, բանաստեղծութիւններով եւ առածներով:

Օրուան համադրողն ու ներկայացնողն էր փոքրիկն Սերուժ Յովսէփեան: Գուրգէն Փափազեան ներկայացուց թումանեանական երկու հեքիաթ: Ներկաներէն կամաւորներ կարդացին թումանեանական քառեակներ: Խումբ մը փոքրիկներ ներկայացուցին «Կիկոսին մահը»:

Այնուհետեւ Արին Գալուստեան կատարեց ասմունքի ընթերցում` «Թմբկաբերդի առումը» ստեղծագործութենէն: Լիբանանահայ երգչուհի Գարմէն Աճեմեան երգեց «Հրաժեշտը»: Ապա տեղի ունեցաւ խմբային ասմունք` «Հին օրհնութիւն» քերթուածին:

Նորա Թաշճեան փրոճեքշընի միջոցով ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի անուան Երեւանի տուն թանգարանի տարբեր մասերը: Բեմադրիչ եւ դերասան Վարդան Մկրտիչեան իբրեւ մենակատար ներկայացուց «Սուտասանը», «Կաթիլ մը մեղր»-ը եւ «Սուտլիկ Ոսկան»-ը:

Աւարտին ներկաները Գարմէն Աճեմեանի ուղեկցութեամբ երգեցին «Հայրենիքիս հետ»-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )