Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Յիշատակին Նուիրուած Պասքեթպոլի Աղջկանց Մրցաշարք. Ռիատի Պէյրութ Տիրացաւ Տիտղոսին` Երկու Կէտի Տարբերութեամբ (44-42) Յաղթելով Հմըմ Անթիլիասի
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի աղջկանց մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ երկրորդ տարին ըլլալով:
Աւարտական մրցումը իրարու դէմ հանեց նախորդ տարուան տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ Ռիատի Պէյրութը:
Ռիատի Պէյրութ տիրացաւ տիտղոսին` երկու կէտի տարբերութեամբ` 44-42 արդիւնքով յաղթելով ՀՄԸՄ Անթիլիասի:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 12-13, 22-21, 33-31 եւ 44-42:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լարա Գրաճեան (15):
Աւարտական այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ տարբեր տեսակի մրցանակներու բաշխում:
ՀՄԸՄ Անթիլիասէն լաւագոյն գնդակներ բաժնողի տիտղոսին տիրացաւ Մեղրի Թորոսեան:
Նշենք, որ աւարտական այս մրցումին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Սաժես Պէյրութի նախկին նախագահ Թալալ Մաքտեսի, Անն – Մարի Ապտել Քարիմի ընտանեկան պարագաները, մարզիչներ` Ժորժ Քըլզի, Ղազի Պուսթանի, Ռըզքալլա Զալղում եւ մեծ թիւով համակիրներ: