Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այնթուրա – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 53 – 109

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Քահրապայի դաշտին վրայ (Ժունիէ) տեղի ունեցաւ Այնթուրա – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:

ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը կը մնար անպարտելի` Բ. խմբակին մէջ, արձանագրեց իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը` 109-53 արդիւնքով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 20-33, 11-25, 8-23 եւ 14-28:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (23 կէտ), ապա յաջորդաբար Հրակ Մերտինեան (13 կէտ) եւ Հայկ Խաչերեան (10 կէտ):

4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Անուար – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:

Share this Article
CATEGORIES