Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ժողով

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական ժողովը Անսար ակումբին մէջ (Պէյրութ)` գլխաւորութեամբ փոխնախագահ Ռոլան Ախրասի եւ անդամներուն մեծամասնութեան: Նիստէն կը բացակայէր նախագահ Նեպիլ Պատր:

Իր այս ժողովին ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, որոնցմէ առաջինը եղաւ կազմել տարբեր տեսակի յանձնախումբեր, որոնք են.

1.- Ելեւմտական յանձնախումբ` նախագահ Նեպիլ Պատր:
2.- Ազգային խումբերու յանձնախումբ` նախագահ Նեպիլ Պատր, փոխնախագահ Ալի Շահրուր:
3.- Վարժարաններու մէջ ճատրակի յանձնախումբ` նախագահ Ռոլան Ախրաս, փոխնախագահ Ռապիտ Ռապպահ:
4.- Մրցաշարքերու յանձնախումբ` նախագահ Շըհատէ Ապու Նըմրի:
5.- Մամլոյ յանձնախումբ` նախագահ Հիւսէյն Համմուտ:
6.- Ակումբներու հետ գործակցող յանձնախումբ` Հիւսէյն Համմուտ:
7.- Իրաւարարներու յանձնախումբ` նախագահ Շըհատէ Ապու Նըմրի, փոխնախագահ Հանի Միքաթի:

Ֆետերասիոնը բոլոր ակումբներուն վերջին պայմանաժամ տուաւ մինչեւ 18 մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 18:00, ամբողջացնելու իրենց խումբերու մաս կազմող մարզիկներուն անուանացանկերը եւ զանոնք փոխանցելու իրեն:

Տարիքային դասակարգերու ճատրակ խաղացողներու մարզիչ նշանակուեցաւ Ֆատի Իտ:

Յայտարարուեցան, որ ֆետերասիոնին նախագահը 8000 ամերիկեան տոլարով օժանդակած է ֆետերասիոնին:

Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի անհատական ախոյեանութեան:

Փոխանցուեցաւ, որ հանդիպում մը տեղի ունեցած է ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին եւ ՀՄԸՄ-ի ճատրակի յանձնախումբին միջեւ` ճատրակի գծով հարցեր քննարկելու համար:

Քննարկուեցաւ աշխարհի պուլկարացի նախկին ախոյեան Վեսելին Թոփալովը հիւրընկալելու հարցը, որպէսզի ան վարժարաններուն մէջ ճատրակին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ եւ տեղեկութիւններ տայ:

Որոշուեցաւ, որ Ֆրեր-Ֆըրն Շըպպեք ակումբը հիւրընկալէ Պէյրութի ճատրակի 6-րդ միջազգային մրցաշարքը:

Վերջապէս, Լիբանանի մէջ բոլոր քաղաքապետութիւններուն փոխանցուեցաւ ֆետերասիոնին այն առաջարկը, որ կարելի ըլլայ այս մարզաձեւին յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել եւ դիւրացնել ֆետերասիոնին աշխատանքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES