Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Խմբային Ախոյեանութիւն. Պարաղեմ Նապաթիէ Եւ Շապապ Ֆաուար Տիրացան Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու խմբային երկսեռ ախոյեանութիւնը, որ նուիրուած էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ռիֆահիի յիշատակին:
Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Պարաղեմ Նապաթիէ, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Անթիլիասի: Երրորդ հանդիսացաւ Սարաֆանտ, որ նոյն արդիւնքով յաղթեց Շարթիէ Տար Նուրի (4-րդ):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, տիտղոսին տիրացաւ Շապապ Ֆաուար, որ բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմային: Երրորդ հանդիսացաւ Շարթիէ Տար Նուր, որ նոյն արդիւնքով յաղթեց Ս. Հոգի խումբին (4-րդ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին անդամներուն:
CATEGORIES Մարզական

