Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Միայն Մելինէ Դալուզեան
Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան PanArmenian.Net լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«Հայաստանի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցեցան աւելի քան 33 ծանրաբարձներ, ինչ որ շատ գոհ ձգեց մեզ: Այս տարի անոնք պիտի մասնակցին տարբեր տեսակի բանակումներու եւ ուսումնամարզական հաւաքներու: Յառաջիկայ տարի կը կարծեմ, որ աւելի ընդլայնուած ձեւով կը մասնակցինք Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն: Այս տարի սակայն Եւրոպայի ախոյեանութեան ելոյթ պիտի ունենայ միայն Մելինէ Դալուզեան: Իսկ պատանիներու կազմը յայտնի պիտի դառնայ աւելի ուշ»:
CATEGORIES Մարզական

