Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-ամեակ. Ցվետանա Փասքալեւայի Վաւերագրական Ժապաւէններու Ցուցադրութիւն Եւ «Խրիմեան Հայրիկ» Շքանշանի Տուչութիւն

 

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ` երկուշաբթի, 25 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ քարոզչական մարմինի կազմակերպած Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի ձեռնարկներու շարքին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւայի Արցախի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի, պետական նախարար Փանոս Մանճեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան:

ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով հանդիսութեան սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Գրիգոր Հաշէօլեան, որ նշեց, թէ Ցվետանա Փասքալեւան առաջին օտար լրագրողն էր, որ ներկայացուց Արցախի մէջ տեղահանութիւնները, ապա անդրադարձաւ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ մղուող պատերազմին: Ան ըսաւ, որ 1993-1994-ին Փասքալեւա իր ժապաւէնները ցուցադրած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին, Քանատայի խորհրդարանին եւ միջազգային այլ կառոյցներու մէջ` օրակարգի վրայ տեղադրելով Արցախի մէջ հայութեան խնդիրը:

Գրիգոր Հաշէօլեան

Գրիգոր Հաշէօլեան յայտնեց, որ Փասքալեւայի ժապաւէնները թարգմանուած են 6 լեզուներու, եւ հիմնականին մէջ կը ներկայացնեն 1991-1995 ժամանակաշրջանը: Ան աւելցուց, որ զինադադարէն ետք, Փասքալեւա հաստատուած է Երեւանի մէջ եւ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, մինչեւ որ հաստատուի Արցախի վերջնական եւ ամբողջական յաղթանակը:

Իր խօսքի աւարտին Հաշէօլեան հաստատեց, որ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի` տարածելու իրականութիւնը եւ հաստատելու արդարութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Ցվետանա Փասքալեւա, որ նշեց, թէ տեղահանութիւններուն պատճառով ինք որոշած է պատրաստել վաւերագրական ժապաւէն մը` ներկայացնելով Արցախի հարցին իսկական էութիւնն ու պատկերները: Ան յայտնեց, որ այնքան ատեն որ կը մնայ Արցախի մէջ, նոյնքան աւելի կը կապուի հողին, ժողովուրդին, մշակոյթին եւ պատմութեան:

Փասքալեւա ըսաւ, որ իր փափաքն է տեսնել Արցախի ամբողջական անկախութիւնն ու միջազգային ճանաչումը: Ան նաեւ հաստատեց, որ պէտք է կատարուի հաւաքական եւ կազմակերպուած աշխատանք քաղաքական եւ դիւանագիտական առումով հետապնդելու Արցախի խնդիրը` գործածելով բոլոր կարելի միջոցները: Ան յոյս յայտնեց, որ Ստեփանակերտի օդակայանը մօտիկ ապագային կը դիմաւորէ սրահին մէջ ներկաները:

Ապա ցուցադրուեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարը ներկայացնող «Արցախեան վէրքեր» ժապաւէնը, Արցախի նահատակներուն նուիրուած «Հայրենիքի զինուորը» ժապաւէնը եւ Արցախի առօրեան ներկայացնող «Արցախը այսօր» ժապաւէնը:

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ մեծ արկածախնդրական աշխատանք է Ցվետանա Փասքալեւային կատարածը եւ այս առնչութեամբ արժանի է համապատասխան գնահատանքի: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Փասքալեւային խիզախութիւնը, արդարամտութիւնն ու գործերը ամբողջական կերպով կատարելու մօտեցումը արդիւնք է ենթակային ընտանեկան առողջ եւ մարդկային դաստիարակութեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ պուլկարացի լրագրողը իր երիտասարդ կեանքը նուիրեց յանուն հայ ժողովուրդի դատին: Առ ի գնահատանք Փասքալեւայի ունեցած մեծ ներդրումին եւ մեծապէս գնահատելով վերջինիս հօր ներդրումը, Գեղամ արք. Խաչերեան Փասքալեւան պարգեւատրեց «Խրիմեան Հայրիկ» շքանշանով: Այս առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան փոխանցեց իր շնորհաւորական ուղերձը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )