Պետական Երեսփոխան Տէր Եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան Կը Ստանձնեն Պիքֆայայի Վանքին Նահատակաց Խորանին Բարերարութիւնը
Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին ընդառաջելով` պետական երեսփոխան եւ նախկին նախարար տէր եւ տիկին Արթիւր Նազարեան ստանձնեցին բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք Նահատակաց խորանին: Սոյն խորանը պիտի կառուցուի հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Նահատակաց յուշարձանին մօտ` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Յիշեալ ծրագիրի իրագործումին համար տէր եւ տիկին Արթիւր Նազարեան տրամադրած են երկու հարիւր յիսուն հազար ամ. տոլար:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնած է տէր եւ տիկին Արթիւր Նազարեանին, որոնց ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ` «Մեզի համար հոգեկան խոր գոհունակութիւն է այս առիթով անդրադառնալ ձեր ազնուական ծնողքին` տէր եւ տիկին Կարպիս Նազարեանի բերած կարեւոր նպաստին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, յատկապէս ՀԲԸ Միութեան ճամբով: Արդարեւ, դուք ձեր ծնողքէն ժառանգած էք ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած սէրն ու նախանձախնդրութիւնը: Ահաւասիկ այդ ոգիին արտայայտութիւնն է, որ կրկին անգամ կը մարմնաւորուի ձեր այս նուիրատուութեամբ»:

