«Ազդակ»-ի Թղթակիցը Կը Հաղորդէ. Ուժգին Պայթում` Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ կէս գիշերին հաղորդեց, որ երկուշաբթի երեկոյեան հզօր պայթում մը ցնցեց Դամասկոս մայրաքաղաքը, որմէ ետք հրացանաձգութեան ձայներ լսուեցան Ապպասիին, Ժոպար եւ այլ շրջաններու մէջ:
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, պայթումը արդիւնք էր Քապուն շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը, կան զոհեր եւ նիւթական վնասներ: Նշենք, որ Քապունի շրջանը կը գտնուի Դամասկոսի արեւելեան մուտքին, որ կը հասնի Ապպասիին հրապարակ, ուր տեղակայուած են անվտանգութեան կեդրոններ: Ըստ որոշ աղբիւրներու, թիրախ ընտրուած էր Քապունի «Ոստիկանութեան քոլեճ»-ը:
Պայթումէն ետք թեթեւ եւ միջին զէնքերով բուռն բախումներ տեղի ունեցան սուրիական բանակին եւ զինեալ խմբակներուն միջեւ Դամասկոսի արեւելեան կողմի Հարասթա, Ժոպար եւ այլ շրջաններուն մէջ, նաեւ զանազան թաղամասերու վրայ հրասանդի հրթիռներու հարուածներ արձանագրուեցան: Անվտանգութեան միջոցառումները ուժեղացան նշուած շրջաններուն շուրջ:
Աղբիւրներ հաղորդեցին, որ իսլամական «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորումը ստանձնած է պայթումին պատասխանատուութիւնը:
Նշենք, որ կիրակի երեկոյեան հրասանդի հրթիռներ ինկան Հին Դամասկոսի տարբեր թաղամասերուն վրայ, Պապ Թումա շրջանին Ղշլա փողոցին վրայ գտնուող Քաղդէական եկեղեցւոյ վրայ, ինչպէս նաեւ Սուֆանիէ եւ Քասաա բնակելի շէնքերուն վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

