Հռոմի Նոր Պապը Կրնայ Աւելի Շուտ Ընտրուիլ
Պենետիկտոս ԺԶ. պապը հրապարակեց հրամանագիր մը, որ իրեն յաջորդ մը ընտրելու համար կարտինալներու ժողովը յառաջաձգելու կարելիութիւնը կը նշէ` յիշեցնելով, որ «բնական պայմանաժամը պապական աթոռի դատարկ մնալէն առնուազն 15 կամ առաւելագոյնը 20 օր ետք է»:
Միւս կողմէ, Վատիկան վստահեցուց, որ պապը ընդունած է Սկովտիոյ եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քիթ Օպրայընի հրաժարականը: Երեք վարդապետներ եւ քահանայ մը Վատիկանի մօտ սկովտիացի կարտինալին դէմ բողոք ներկայացուցած էին` 1980-էն ի վեր այլ կրօնաւորներու նկատմամբ «սեռային արգիլեալ վերաբերմունք» ցուցաբերելուն համար:
«Արմենփրես»` վկայակոչելով «Պի.Պի.Սի.»ն, հաղորդած էր, որ Վատիկանի ղեկավարութիւնը կը քննարկէ Հռոմի նոր պապի ընտրութեան համար նախատեսուող կարտինալներու հաւաքը կատարել աւելի կանուխ, քան նախատեսուած էր:
Պենետիկտոս ԺԶ. պապը գահը պիտի լքէ 28 փետրուարին: Վատիկանի ներկայացուցիչ Ֆետերիքօ Լոմպարտի տեղեկացուցած է, որ կը քննարկուի պապ ընտրելու կանոնները փոխելու եւ ընտրութիւնները աւելի կանուխ կատարելու հարցը: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յաջորդ ղեկավարը պիտի ընտրէ 117 կարտինալներէ բաղկացած ժողովը: Գործող կանոններով կարտինալներու հաւաքը պէտք է տեղի ունենայ 15 մարտէն ոչ շուտ` այժմու պապի գահը լքելէն 15-20 օր ետք:
Ըստ Լոմպարտիի, քանի մը կարտինալներ առաջարկած են արագացնել ժողովի գումարումը, որովհետեւ իրենք գիտէին Պենետիկտոս ԺԶ. պապի հրաժարականին մասին եւ բաւական ժամանակ ունէին Վատիկանի մէջ հաւաքուելու համար: «Կարելի է, որ մինչեւ իսկ հրաժարականէն մէկ օր ետք Վատիկանը պատրաստէ կարտինալներու առաջարկի փաստաթուղթը», յայտարարած է Լոմպարտին:
Կարտինալներու հաւաքը պէտք է տեղի ունենայ մինչեւ Ս. Զատկուան կիրակին` 31 մարտը:
Պենետիկտոս ԺԶ. պապը գահէն հրաժարելու յայտարարութիւն կատարեց` պատճառաբանելով առողջական վիճակն ու տարիքը: Ան նշեց, որ ատկէ ետք շատ ժամանակ պիտի յատկացնէ աղօթքներուն, մտորումներուն եւ գիրքեր գրելուն: