Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ նախարարութիւնը իսկոյն ընդառաջած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պահանջին:
ՌԱՄԼԵԹ Պայտայի մէջ առեւանգուած 12-ամեայ պատանի Մոհամետ Աուատա երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին վերադարձուեցաւ իր ընտանիքին` 130 հազար տոլարի փրկագինի փոխարէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մտահոգութիւն յայտնեց Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ ներքին տագնապին միջամուխ ըլլալուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ այս իմաստով կառավարութիւնը պէտք է դիմէ որոշ քայլերու:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Սուրի եւ Թըպնինի վերեւ` կեղծ յարձակումներ կատարելով այդ շրջաններուն վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի լիբանանեան պետութենէն պահանջեց լիբանանեան բանակը դիրքաւորել Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ապահովական իրավիճակը կ՛արտացոլէ երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կ՛աշխատին վաւերացնելու խառն ընտրական օրինագիծը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը մերժող քաղաքական կողմերը կը մերժեն իրենց համայնքին մէջ քաղաքական ներկայացուցչութիւնը բազմազան դարձնելու գաղափարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել փափաքող կողմերը Հըզպալլան եւ անոր շուրջիններն են:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները հաստատ պիտի յետաձգուին` աւելցնելով, որ անոնց յետաձգումը կրնայ թեքնիք ըլլալ, ինչպէս նաեւ կրնայ երկու տարի տեւել:
ԻՐԱՆՑԻ պատասխանատուի մը համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ արձակուած «Այուպ» օդանաւը կրցած է աւելի քան 400 քիլոմեթր տարածութեամբ շրջիլ պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն վերեւ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ոմանք կը փափաքին Լիբանանը համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններու եւ սադրանքներու ենթարկել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ խորհրդակցութիւնները այս շաբթուան ընթացքին պիտի շարունակուին` յանգելու համար ընտրական համախոհական օրէնքի մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը վերջնականացնելու աշխատանքը դժուարացնող պարագան ընտրաշրջաններու բաժանումն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ընտրական որեւէ օրէնք, որ համախոհութեան չի յանգիր, լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումը կը խորացնէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանին վնաս պիտի հասցնեն:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ըպպէ շրջանին մէջ երէկ «Իներկա» տիպի նռնականետ մը պայթած է, իսկ Պաքքարի շրջանին մէջ «Իներկա» տիպի նռնականետ մը ինկած է հոգեւոր քոյրերու պատկանող դպրոցի մը վրայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրինագիծը Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական զանազան տագնապներուն ցուցափեղկը կը կազմէ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Հըզպալլայի կողմէ ներկայացուած պահանջ մըն է` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աշխատանքին դէմ թակարդներ լարելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ապազինման հարցը կարելի է յաջողցնել լիբանանեան ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն. ան աւելցուց, որ տակաւին կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին ընթացքին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ապահովական պատճառներով մերժած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ իրեն յղուած Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէրը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի Լիբանանը շատ վտանգաւոր հարցի մը մէջ միջամուխ դարձնել` Սուրիոյ տագնապին միջամտելով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը առաւելագոյն զոհողութիւնները մատուցած է` յանգելու համար համախոհական ընտրական օրէնքի մը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի ղեկավարութիւնները օր մը օրանց համախոհական ընտրական օրինագիծի մը դէմ չեն եղած:

