Ռայի Պատրիարքը Այսօր Պիտի Մեկնի Ռուսիա
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պաշտօնական ացելութեամբ մը պիտի մեկնի Ռուսիա, ուր ան հանդիպումներ պիտի ունենայ հոգեւոր պետերու եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքը կիրակի երեկոյեան ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շեշտած լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Սինիորա նշեց, որ քննարկուած են նաեւ ընտրական տարբեր օրինագիծեր, որոնց շրջագիծին մէջ ընդգծուած է ազատ կամքի եւ ազգային համերաշխութեան յանձնառու խորհրդարան մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

