Ժեմայէլ . «Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Ընտրութիւններուն Հիմնական Հարցը Պէտք Չէ Նկատել»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարութեան ընթացիկ նիստին, որմէ ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը նկատել հարցին հիմքը:

Ան նշեց, որ իրենք համաձայն են երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու սկզբունքին, ինչպէս նաեւ ապահովելու երկրին ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքական համագործակցութիւնը:

«Հետեւաբար, հարցը Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը չէ, այլ այն, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը դժուարութիւն ունին համաձայնութիւն գոյացնելու», ըսաւ Ժեմայէլ:

Share this Article
CATEGORIES