Պըրրի Ընդունեց Հարպն Ու Քանաանը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ անկախ երեսփոխաններուն պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Պութրոս Հարպի:
Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրինագիծով:
Ան նշեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամներուն հետ արդար ընտրական օրէնքի մը յանգելու իմաստով:
Հարպ նշեց, որ Պըրրիի հետ համաձայնած է շարունակելու խորհրդակցութիւնները` բիւրեղացնելու համար ընտրական օրինագիծը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան, որ շեշտեց, թէ Ուղղափառ հանդիպումին ընտրական օրինագիծը կատարեալ ժողովրդավարութեամբ հասաւ խորհրդարան` աւելցնելով, որ մինչեւ օրս տակաւին չկայ ընտրական օրինագիծի տարբերակ մը, որ նոյնքան հաւասարութիւն կ՛ապահովէ:
Քանաան շեշտեց, որ Պըրրի ճիգ չի խնայեր համախոհութեան յանգելու իմաստով` շեշտելով, որ խորհրդարանը ի վերջոյ պիտի տայ իր որոշումը եւ պիտի մշակէ ընտրական օրէնք մը, որուն շուրջ կը համաձայնին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:
Միւս կողմէ, Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ ինք կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները` յանգելու համար համախոհական ընտրական օրինագիծի մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն իրաւունքները:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն, որ եթէ ընտրական օրինագիծի տարբերակներ ունին, ապա զանոնք ներկայացնեն, սակայն ոչ թէ «տելիվըրիի երեսփոխաններ»-ու դրութիւն մը ստեղծելով:

