Միքաթի. «Կը Մաղթենք Սուրիոյ Արիւնահեղութեան Վերջ Տալ Եւ Մենք Զմեզ Քաղաքական Կերպով Անջատած Ենք Անկէ»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը վերջ գտնէ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան ինքզինք քաղաքականապէս անջատած է Սուրիոյ տագնապէն, «սակայն ոչ մարդասիրականէն», աւելցուց ան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք ստիպուած են բոլոր հետեւանքներուն մասին մտածել եւ բոլոր հետեւանքները նկատի ունենալ Լիբանանի պարագային:

Անդրադառնալով Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն հարցին` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան հասած են աւելի քան հարիւր հազար գաղթականներ, որոնք պաշտօնապէս արձանագրուած են: Ան նշեց, որ իրենք կը նախատեսեն գաղթականներու թիւին բարձրացումը:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը ազդուած են սուրիական տագնապէն:

«Սակայն միաժամանակ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզը օգտուած է այդ տագնապէն` իր արտադրութիւնները դէպի Սուրիա փոխադրելու առումով», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES