Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Բազմամարդ Եւ Հսկայ Ցոյցով Մը Կը Սառեցնէ Մայրաքաղաք Պէյրութը
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երկրորդ շաբաթն ըլլալով շարունակեց իր բաց գործադուլը, որուն զուգահեռ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կեդրոնական դրամատան դիմաց տեղի ունեցաւ ցոյց մը:
Խորհուրդին յայտարարած ցոյցը եղաւ բազմամարդ, իսկ Կեդրոնական դրամատունը պաշարուեցաւ մեծ թիւով ապահովական ուժերով:
Ապահովութեան ուժերը արգիլեցին ցուցարարները հասնելու Կեդրոնական դրամատան մուտքին եւ աւելցուցին, որ իրենք ստացած են հրահանգներ` ցուցարարները դրամատունէն հեռացնելու:
Փոքր բանավէճէ մը ետք Կեդրոնական դրամատան մայր դրան առջեւ կատարուեցաւ ցոյցը:
Խորհուրդը շարունակեց պահանջել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն խորհրդարան փոխանցումը` աւելցնելով, որ այսօր իր նստացոյցը պիտի կատարէ տնտեսութեան նախարարութեան` փտածութեան հիմքերու նախարարութեան դիմաց:
Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ կոչ ուղղեց աշակերտներուն ծնողներուն` զօրակցելու Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին արդար պահանջներուն:
Սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ իրենք բաց դասադուլը պիտի շարունակեն:
Նստացոյցին աւարտէն ետք ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Տնտեսական խորհուրդներու կեդրոն, ներքին գործոց նախարարութիւն, զբօսաշրջութեան նախարարութիւն, Կեդրոնական հաշուեքննիչ խորհուրդի կեդրոն եւ հասան մինչեւ Առեւտուրի եւ ճարատարարուեստի պետական խորհուրդի կեդրոն` սառեցնելով երթեւեկը մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:


