Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Մերժեց Յովհաննէսեանի Ներկայացուցիչին Դիմումը

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը մերժեց Հայաստանի նախագահի թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի լիազօր ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեանի դիմումը` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրանցումը անվաւեր ճանչնալու պահանջով դատարան դիմելու մասին: Դիմումը քննուեցաւ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի արտակարգ նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը փոխանցեց, որ դիմումին մէջ նշուած է, որ Սերժ Սարգսեան իր քարոզարշաւը իրականացնելու համար 1600 ընտրական գրասենեակ բացած է, անոնց տարածքները վարձած է եւ այդ ընտրական գրասենեակներու վրայ աւելի քան 1600 քարոզչական պաստառ փակցուած է` նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեանի անունով եւ կարգախօսով: Արմէն Մարտիրոսեան յայտնեց, որ տարածքներու վարձակալութեան եւ այդ քարոզչական պաստառներու տպագրման ծախսերը ներառուած չեն Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուած յայտարարագիրներուն մէջ: Ըստ անոր, ծախսերը աւելի քան 10 տոկոսով կը գերազանցեն նախընտրական հիմնադրամի սահմանած առաւելագոյն չափը` 100 միլիոն դրամ: Դիմումին մէջ նշուած է, որ ատիկա ազդեցութիւն ունեցած է ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան նշեց, որ դիմումը պէտք է ներկայացուէր

մինչեւ քուէարկութեան օրը, քանի որ իրավիճակը կարելի էր պարզել նոյնիսկ առաջին յայտարարագիրի ներկայացման ժամանակ: Յանձնախումբի հիմնաւորման համաձայն, ներկայացուած ծախսերը քարոզչական չեն նկատուիր: Այսինքն` օրէնսդրութեամբ գրասենեակներու վրայ փակցուած պաստառները քարոզչական նիւթեր չեն նկատուիր:

Որոշումը կարելի է բողոքարկել Հայաստանի վարչական դատարանին մէջ օրացուցային երեք օրերուն ընթացքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )