Անգարայի Մէջ Յարձակում Գործած Են Խոջալուի Վահանակներու Վրայ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ խումբ մը երիտասարդներ յարձակում գործած են 1992-ին տեղի ունեցած Խոջալուի իրադարձութիւններու ազրպէյճանական մեկնաբանութիւնը ներկայացնող վահանակներու վրայ, զորս կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրած էր համաթրքական «Հէյքպերիու» ընկերութիւնը:

Յիշեալ ընկերութեան անդամներուն եւ յարձակողներուն միջեւ սկսած է ծեծկռտուք մը, որուն պատճառով «Հէյքպերիու»-ի 7 ներկայացուցիչներ վիրաւորուած են:

Ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւններու փոխանցումով, Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունէն հաստատած են յարձակման փաստը եւ ենթադրութիւն յայտնած, որ ատոր ետին կրնայ ըլլալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութեան մօտիկ արմատական երիտասարդութիւնը:

Ըստ դեսպանատան ներկայացուցիչին, Անգարայի ոստիկանութիւնը միջադէպին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ: Նոյն աղբիւրին վկայութեամբ, վիրաւորներու շարքին Ազրպէյճանի քաղաքացի չկայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )