«Ազգային Ժողովը Դուրսը Ընթացող Շարժումէն Մէկ Կողմ Չի Կրնար Կենալ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Ժառանգութիւն եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն խմբակցութիւններու ղեկավարները երէկ խորհրդակցութիւն կատարեցին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ յետընտրական իրավիճակը քննարկելու համար առանձին նիստ հրաւիրելու վերաբերեալ:

Խորհրդակցութենէն ետք Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց, որ դրական կը գնահատէ Ազգային ժողովի նախագահին մօտեցումը: Ան նաեւ նշեց, որ ընդդիմութիւնը առաջարկած է արտակարգ նիստ հրաւիրել, եւ որ Ազգային Ժողովը իր յստակ դերակատարութիւնը ունենայ ստեղծուած խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

«Պարզ է, որ երկրին մէջ առկայ է շատ լուրջ դժգոհութիւն, եւ եթէ այդ դժգոհութեան լուծումները միասին չգտնենք, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք մեր դերը չենք կատարեր: Ազգային Ժողովը դուրսը ընթացող շարժումէն չի կրնար մէկ կողմ կենալ», յայտարարեց Ռուստամեան:

Ան նշեց, որ հաւանական արտակարգ նիստին ընթացքին որոշում մը պիտի տրուի եւ ատիկա կրնայ ըլլալ յայտարարութեան տեսքով, կրնայ նախանշել այն քայլերուն յաջորդականութիւնը, երբ կարելի կ՛ըլլայ միացեալ ուժերով երկիրը դուրս բերել այս վիճակէն: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ բոլորը, որոնց շարքին նաեւ մեծամասնութիւնը, կ՛ընդունին, որ երկրին մէջ դժգոհութիւն կայ, ատիկա փաստ է, եւ եթէ կ՛ընդունին, ապա որեւէ քայլ չառնելը, որպէսզի այդ դժգոհութիւնը գոնէ թեթեւնայ, կը նշանակէ ջայլամի քաղաքականութեամբ զբաղիլ եւ կուտակել խնդիրները, որոնք հետագային պիտի յանգեցնեն աւելի մեծ պայթումներու:

Ռուստամեան լրագրողներուն նաեւ յայտնեց, որ խորհրդարանական քննարկումները չեն փոխարիներ ժողովրդական շարժումը: Ըստ անոր, ժողովրդական շարժումը պէտք է տրամաբանական ուղղուածութիւն ունենայ, որպէսզի աստիճանաբար հասնի ժողովուրդի իշխանութեան եւ ատիկա պէտք է տեղի ունենայ խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ այնտեղ, ուր ժողովուրդը իշխանութիւն կ՛ընտրէ:

Զուգահեռ գծելով 2008-ի համաժողովրդական շարժումին հետ, Ռուստամեան նշեց, որ այն ժամանակ ընդդիմութիւնը անզիջում դիրքորոշում որդեգրած էր, իսկ հիմա Րաֆֆի Յովհաննէսեան պատրաստ է քննարկելու իրավիճակը եւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու միացեալ ելք գտնելու: Ան ամփոփեց, որ ճիշդ չէ այդ կարելիութենէն չօգտուիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )