Րաֆֆի Յովհաննէսեան Պիտի Դիմէ Սահմանադրական Դատարան` Բողոքարկելու Ընտրութեան Արդիւնքները

18 փետրուարին նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական տուեալներով երկրորդ դիրքը գրաւած նախագահի թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրացուցիչ մանրամասնութիւններ բացայայտեց նախորդ շաբաթ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իր հանդիպման վերաբերեալ:

«Ո՛չ իր կողմէ, ո՛չ իմ կողմէս կար պաշտօն ստանձնելու, համաձայնական կառավարութիւն ստեղծելու առաջարկ: Իր կողմէ կար առաջարկ, որ իբրեւ հանրապետութեան թիւ երկու քաղաքական գործիչ, (ինչ որ ես մերժեցի), ըսաւ, որ դուն պիտի շարունակես 2017-2018 թուականներուն իբրեւ ընդդիմութեան ղեկավար տանիս քու պայքարդ: Ինծի պէտք չէ, արդէն 2017-2018-ին երիտասարդ սերունդը պիտի տիրանայ իր սահմանադրական իրաւունքին», ընդգծեց Յովհաննէսեան:

Անդրադառնալով իրենց յառաջիկայ քայլերուն` Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ այսօրուընէ 5 օր ունին իր խօսքով` «հակասահմանադրական եւ հակաօրինական ընտրութիւններուն արդիւնքները» բողոքարկելու համար:

«Ես չեմ բացառեր, որ մինչեւ 2 մարտ մենք կը դիմենք Սահմանադրական դատարան` թոյլ տալով Սահմանադրական դատարանին վերջին անգամ ըլլալով պաշտպանելու Հայաստանի ժողովուրդին սահմանադրական իրաւունքը», աւելցուց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES