Ինթերի Համակիրները «Վիրաւորած Են» Պալոթելին` Իրենց Նետած Փուչիկէ Պանաններով

Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ինթեր Միլան – Ա. Սէ. Միլան Քալչիոյի մրցումին, Ինթերի համակիրները «վիրաւորած են» Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլին` անոր վրայ իրենց նետած փուչիկէ պանաններով:

Իւրաքանչիւր անգամ, որ ան կը փորձէր գնդակը հարուածել, անոնք կը սուլէին եւ բացագանչութիւններով ելոյթ կ՛ունենային:

Ան միայն մէկ անգամ անոնց պատասխանեց, իր ցուցամատը դնելով իր բերանին, այսինքն` հասկցնելով, որ … լռեն:

Շատ հաւանաբար Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ատոր ի տես պատիժներ տնօրինէ Ինթերի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )