Կռփամարտ. Արտեմ Յարութիւնեան Կրեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Առաջին Պարտութիւնը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արտեմ Յարութիւնեան (59 քկ դասակարգ) չէ յաջողած շարունակել իր անպարտելի հանդիպումներու շարքը` նկատի ունենալով, որ ամերիկացի Ալեխանտրօ Փերեսի դէմ իր կատարած մենամարտին, իրաւարարներուն միաձայն որոշումով անսպասելիօրէն զիջած է իր մրցակիցէն, որ ի միջի այլոց անոր ընկերն է:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ vringe.com կայքէջը, հանդիսատեսները դիտարժան մենամարտ դիտած են բոլոր 10 ռաունտերուն ընթացքին, որոնք աւարտած են ի վնաս Յարութիւնեանի` 96-93, 96-93 եւ 95-94 արդիւնքով:

Նշենք, որ ցարդ Յարութիւնեան արձանագրած է 15 յաղթանակ (8-ը` նաք-աութով) 2 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն, իսկ անոր մրցակիցը` 17 յաղթանակ (11-ը` նաք-աութով), 3 պարտութիւն եւ 2 հաւասարութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )