50 Տարի Առաջ (27 Փետրուար 1963)
Հայաստան
Ամբողջական Գործեր`
Պարոնեանի Եւ Գամառ–Քաթիպայի
Յակոբ Պարոնեան
Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառը ձեռնամուխ եղած է Յակոբ Պարոնեանի երկերուն հրատարակութեան` տասը հատորով: Արդէն լոյս տեսած է առաջին հատորը, որ կը բովանդակէ մեծ երգիծաբանին թատրերգութիւնները: Հատորին բնագիրը պատրաստած եւ ծանօթագրած է գրականագէտ Ա. Մանութեան:
Առաջին հատորէն իսկ կը զգացուի հրատարակիչ մարմինին (Գ. Յովնան, Գ. Ստեփանեան, Ա. Ինճիկեան, Ա. Մանուկեան` Ա. Կոթիկեան) բարեխղճութիւնը` անմահ երգիծաբանին հարուստ ժառանգութիւնը անթերի կերպով հասարակութեան ներկայացնելու գործին մէջ: Շատ ծանօթ «Պաղտասար աղբար»-ը եւ «Ատամնաբուժն արեւելեան» կատակերգութիւնները խնամքով համեմատուած են հեղինակին ձեռքով սրբագրուած առաջին հրատարակութիւններուն հետ, «Երկու տէրով ծառայ մը» եւ «Շողոքորթը»` Երեւանի թանգարանին մէջ գտնուող Պարոնեանի ինքնագիր ձեռագիրներուն հետ, իսկ «Պռոյզ» անաւարտ գործին համար հիմք ծառայած է Հրանտ Ասատուրի 1911-ին Պոլսոյ մէջ կատարուած հրատարակութիւնը: Այս բոլորին շնորհիւ հատորին մէջ վերացուած են լեզուական եւ ոճական բոլոր թերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունէին նախկին բոլոր հրատարակութիւններուն մէջ:
1932-ին «Հայպետհրատ»-ը Եղիշէ Չարենցի խմբագրութեամբ սկսաւ Պարոնեանի գործերուն լիակատար հաւաքածոյին հրատարակութիւնը: Նկատի առնելով գործին լրջութիւնը` խմբագրական աշխատանքներուն մասնակից դարձան հայ գրականութեան մեծ մասնագէտներէն ոմանք` Մանուկ Աբեղեան, Գարեգին Լեւոնեան, Թադէոս Աւդալբեկեան, Ցոլակ Խանզադեան, Սիմոն Յակոբեան, Արսէն Տէրտէրեան, հետագային նաեւ` փրոֆ. Ս. Մանուկեան: Ճիշդ է, այդ հաւաքածոյին 11 հատորներուն հրատարակութիւնը ձգձգուեցաւ մինչեւ 1948 եւ ունեցաւ անխուսափելի թերութիւններ, բայց մեծ դեր խաղաց երգիծաբանին ժառանգութիւնը համախմբելու գործին մէջ: Այդ հրատարակութեան շնորհիւ գտնուեցան 200-է աւելի մանր գործեր:
2.- Գամառ–Քաթիպա
1963-1967 լոյս պիտի տեսնեն ութ հատորներ` Գամառ-Քաթիպայի (Ռաֆայէլ Պատկանեան) գործերուն նուիրուած:
Հատորները պիտի բովանդակեն Ռ. Պատկանեանի գրական ամբողջ ժառանգութիւնը, որոնց մէջ նաեւ` գրագէտին շատ հարուստ նամականին, որ բացառիկ է իր արժէքով` ըլլա՛յ փաստագրական առումով, ըլլա՛յ իր շօշափած գրական, մշակութային, մանկավարժական, քաղաքական եւ ընկերային խնդիրներով:
Գրագէտին գործերը հատորներուն մէջ հետեւեալ ձեւով պիտի հրատարակուին. առաջին հատոր` բանաստեղծութիւններ, ձօներգներ, ուրուագծեր եւ այլն: Երկրորդ հատոր` բանաստեղծութիւններ, աւանդութիւններ, առակներ, հեքիաթներ, «Նոր Նախիջեւանի քնար», մանկական բանաստեղծութիւններ, թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ: Երրորդ հատոր` գեղարուեստական արձակ, թատերական գործեր: Չորրորդ հատոր` գեղարուեստական արձակ (Նոր Նախիջեւանի բարբառով): Հինգերորդ հատոր` ուղեգրութիւններ, յուշեր, յօդուածներ, ճառեր: Վեցերորդ, եօթներորդ հատորներ եւ ութերորդը` նամակներ:
Իրական Դրուագ Մը
Յովհ. Թումանեանի Կեանքէն
Ողբացեալ Աւետիք Իսահակեանն էր պատմողը, երբ Փարիզ կը գտնուէր.-
Ամառուան արեւոտ օր մը Ղազարոս Աղայեան, Աւետիք Իսահակեան, նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեան եւ Յովհաննէս Թումանեան պտոյտի մը կ՛ելլեն դէպի Լոռիի սարերը:
Երկար շրջագայութենէ մը ետք, յոգնած ու մանաւանդ ծարաւցած, կը հասնին ագարակի մը առջեւ, որուն մուտքին կը նշմարեն գետինը նստած եօթէն ութ տարեկան աղջնակ մը:
– Աղջիկս,- կ՛ըսէ Յովհաննէս Թումանեան մօտենալով երեխային,- ծարաւ ենք, կարո՞ղ ես մի քիչ ջուր բերել մեզ:
Աղջնակը, իսկոյն ցատկելով, հայկական հիւրասիրութեան աւանդական ոգիին հաւատարիմ` կ՛ըսէ.
– Աչքի՛ս վրայ…
Ու վազելով ագարակէն ներս, քիչ յետոյ կը վերադառնայ, ձեռքին մեծկակ հողէ ամանով մը, ոչ թէ ջուրով, այլ անմահական թանով լեցուն:
Յովհաննէս Թումանեան կ՛առնէ ամանը ու կու տայ ընկերներուն, որոնք իւրաքանչիւրը իր կարգին խմելով թանը` կը պարպեն ամանը…
Մեծանուն քերթողին բան չէր մնացած:
Թումանեան դառնալով աղջնակին` կը յարէ.
– Աղջիկս, կարո՞ղ ես մի քիչ եւս բերել:
– Աչքի՛ս վրայ,- կ՛ըլլայ դարձեալ պատասխանը:
Ու նորէն, քանի մը վայրկեանէն, աղջնակը կը վերադառնայ բերնէ բերան թանով լեցուած ամանովը:
Յովհաննէս Թումանեան, կուշտ ու կուռ խմելէ ետք, պահ մը կը հեռացնէ ամանը բերնէն ու դառնալով երեխային` կ՛ըսէ.
– Ա՜յ բալաս, էսքան առատութեամբ որ թանը բերում ես, տատդ չի՞ նեղանայ…
Աղջնակը, որուն չարաճճի դէմքին վրայ ժպիտ մը կը ցոլայ, համարձակօրէն կը պատասխանէ.
– Ինչի՞ պիտի նեղանայ, արդէն թանի կարասին մէջ մուկ էր ընկել, պիտի թափէինք…
Այս յայտարարութիւնը խորապէս կը ցնցէ մեր քերթողը, որ «բօթ»-ին յանկարծական ազդեցութեան տակ, ձեռքէն կը ձգէ հողէ ամանը, որ բնականաբար ջարդուփշուր կ՛ըլլայ:
Աղջկան դէմքէն կ՛անյայտանայ ժպիտը, ցաւի ու վախի ամպեր կը կուտակուին հոն, ու կը սկսի աղեկտուր հեծկլտալ:
– Ի՞նչ պատահեցաւ քեզ բալաս,- կը հարցնէ Թումանեան խղճահար:
– Ի՞նչ պիտի պատահի, տատս ինձ կը սպաննի, որովհետեւ դա նրա միզամանն էր:
Ա. Գ.