«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Գամիշլիի Եւ Տերպեսիէի Հայ Համայնքները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գամիշլիի հայոց Սուրբ Յակոբ եկեղեցին

Հիւսիսային Ճեզիրէի հայկական համայնքներուն մէջէն ամէնէն մեծն ու կազմակերպուածը դարձաւ Գամիշլիի համայնքը: 1930-1940-ական տարիներուն տնտեսապէս բարգաւաճեցաւ, բացուեցաւ Ազգային վարժարանը, իսկ Օգնութեան խաչը լայն գործունէութիւն ծաւալեց: «Ազդակ», 26 սեպտեմբեր 1950-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Գամիշլիի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

«Ազգային փոխանորդարանը, ամբողջ Ճեզիրէի շրջանին համար, Առաջնորդարանի դերը կը կատարէ որպէս ազգային վերին իշխանութիւն, Առաջնորդական փոխանորդը, գեր. Տաճատ վարդապետ Ուրֆալեան, ո՛չ միայն կազմակերպած է հայկական այս գաղութը, այլ նաեւ իր անձնական ճիգերով կրթական մշակութային մարզի յառաջդիմութեան մղում տուած է: Ան սերտ յարաբերութիւն մշակած է օտար կրօնական պետերուն եւ կառավարական շրջանակներուն հետ, որպէսզի հայերու կողմէ եղած որեւէ առաջարկի, կարելիութեան սահմանին մէջ, գոհացում տրուի:

Թաղական խորհուրդը կը բաղկանայ 7 անդամներէ. այս տարի նոր հոգաբարձութիւն չէ նշանակուած տակաւին:

Տեղւոյս Ազգային երկսեռ վարժարանը սեպտեմբեր 11-ին բացուեցաւ այս տարի: Անցած տարի, մանկապարտէզի բաժինին հետ միասին ունէր 482 սան-սանուհիներ, որպէս կրթական մշակ ունենալով չորս ուսուցչուհիներ, տնօրէն մը եւ 7 ուսուցիչներ: Ասկէ զատ, կրթական նախարարութիւնը ամէն տարի կը տրամադրէ ուսուցիչ մը արաբերէնի ուսուցման համար: Տրուած ըլլալով որ արաբերէն լեզուն շատ մեծ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ այս երկիրներուն համար, տեղւոյն ազգային մարմինը արաբագէտ հայ ուսուցիչ մը եւս վարձած է, որպէսզի հայ ուսանողներ կարենան այդ լեզուն սորվիլ: Այս տարի, յաւելեալ երկու ուսուցիչներ ե՛ւս պիտի վարձուին:

Սուրիահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ծրագրած Ուսանողական Տան շինութիւնը տակաւին չէ իրագործուած. յոյս կը ներշնչուի, որ մօտիկ ապագային ան եւս կառուցուի, դիւրութիւններ ընծայելու համար, մօտակայ գիւղերէն այս դպրոցը յաճախող բազմաթիւ հայ աշակերտներուն:

Դպրոցի պիւտճէն ամէն տարի կը հաւասարակշռուի աշակերտական կրթաթոշակներով, Ուսումնական խորհուրդի եւ Օգնութեան խաչի տուած նպաստներով: Իսկ որպէս ձեռնարկ, դպրոցը կ՛ունենայ իր ամավերջի հանդէսը:

Օտար վարժարաններ.- Կրթական նախարարութիւնը ունի երեք դպրոցներ, որոնցմէ մէկը միայն աղջիկներու յատկացուած է, մանչերու բաժինները 350 աշակերտ ունի, աղջիկները` 120: Սուրիանի օրթոտոքսները ունին դպրոց 800 երկսեռ աշակերտներով: Այս դպրոցը ունի նաեւ երկրորդական երկու կարգեր, պետական սերթիֆիքայի պատրաստելով աւարտական աշակերտները: Սուրիան կաթոլիկները ունին 160 աշակերտ, մինչեւ Ե. դասարան: Հայ կաթոլիկներու դպրոցը  250 երկսեռ աշակերտութիւն ունի, այս դպրոցը անցեալի մէջ լաւագոյնն էր այս շրջանին մէջ. վերակացուներու տկար կազմը պատճառ եղաւ, որ դպրոցին մակարդակը չմնայ իր նախկին բարձրութեան վրայ:  Հակառակ ասոր սակայն դպրոցին վարկը կը մնայ, գերապայծառ Կիւրեղ Զոհրապեանի թափած անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ: Ունի երեք երկրորդական կարգեր եւ կը հետեւի պետական կրթական ծրագրին: Բողոքականներու դպրոցը ունի 180 աշակերտ. լաւ կազմակերպուած է. աւարտական դասարանները կրնան պետական սերթիֆիքայի տիրանալ: Քիլտանիներու դպրոցը ունի 110 երկսեռ աշակերտ. շրջանի տկար վարժարաններէն մէկն է, որովհետեւ դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու սահմանուած նիւթականը չապահովուիր: Որով, Գամիշլիի մէջ միայն կան 9 դպրոցներ, 2452 աշակերտներով եւ 88 կրթական մշակներով. այս իսկ կ՛ապացուցանէ որ ուսման եւ կրթութեան մեծ կարեւորութիւն կը տրուի հեռաւոր այս շրջանին մէջ:

Պատանեկան միութիւն. տեղւոյս Զաւարեան Պատանեկան միութիւնը ունի 30 անդամներէ բաղկացած հոյլ մը գաղափարական պատանիներ, որոնք իրենց պատասխանատու վարիչ Յովսէփ Գալուստեանի շունչին տակ կը ստանան ազգային դաստիարակութիւն, բարձր պահելով իրենց կոչումին վեհութիւնը: Երկու շաբաթը անգամ մը, դասախօսական ձեւով, հերթական ժողով կը կատարեն, որու ընթացքին հայոց պատմութենէն եւ վերջին դարու ազատագրական շարժումներէն լաւագոյն դրուագներ կ՛ոգեկոչուին: Կը կազմակերպեն երեկոյթներ եւ վիճաբանական ասուլիսներ: Կը կատարեն արշաւներ: Ամէն տարի պատանեկան միութիւնն է, որ կը կազմակերպէ բոլոր ազգային տօներու հրապարակային հանդիսութիւնները, մեծապէս գնահատուելով ներկայ բազմութիւններէն:

Զաւարեան գրադարանը ունի մօտաւորապէս 200 ընտիր հատորներ, ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» ամսագրի, «Հայ բոյժ»-ի եւ «Նայիրի»-ի հաւաքածոներ: Գրադարանի վարչութիւնը ջանք չի խնայեր ճոխացնելու իր գրադարանը: Հոս պարտք կը զգանք կոչ ուղղելու սփիւռքի հայ գրողներուն, որպէսզի քիչ մը զոհողութիւն յանձն առնելով, իրենց հեղինակած գրքերէն մէյ մէկ օրինակ նուիրեն նաեւ մշակութապէս անտեսուած այս վայրերու գրադարաններուն, յաւիտենապէս յիշուելու համար ազգային իտէալի հաւատարիմ սպասարկու նոր սերունդի անձնազոհ բոլոր երիտասարդներու կողմէ անխտիր:

ՀՄԸՄ ունի 180-է աւելի անդամներ, 100 սկաուտ եւ 40 գայլիկ: Ֆութպոլի Բ. կարգի խումբը այս տարի երկրորդական կարգի բաժակը շահեցաւ, Հալէպ կատարուած միջմասնաճիւղային մրցումներու ընթացքին: Ունի նաեւ ֆութպոլի ուրիշ երեք խումբեր, ասոնք տեւական շփման մէջ են տեղացի խումբերուն հետ. մրցումներ կազմակերպած են, սուրիանի, ասորի եւ S.G.P.-ի խումբերուն դէմ: Ունի իր սեփական ակումբը, մօտ օրէն պիտի ունենայ նաեւ սեփական մարզադաշտը: 18 հոգիէ բաղկացած ֆանֆառի խումբը օր ըստ օրէ կը յառաջդիմէ, շրջանի պէտքերուն գոհացում տալու ատակ դառնալով հետզհետէ:

Տեղւոյս երիտասարդութիւնը մեծ սէր կը տածէ դէպի մարզական խաղերը. այս իսկ պատճառաւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը գնած է փինկ-փոնկի սեղան եւ յղկած պասքեթպոլի յատուկ խաղավայր մը: Տարուան մէջ, բազմաթիւ անգամներ պասքեթպոլի խաղեր կազմակերպելէ զատ, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով փինկ-փոնկի թուռնուայ մըն ալ կազմակերպած է, ակումբին բակին մէջ:

Օգնութեան խաչ.- Քաղաքիս ամենալաւ կազմակերպուած` կուռ միութիւնն է այս. կը հաշուէ 200-է աւելի անդամ եւ անդամուհիներ, մեծամասնութեամբ անդամուհիներ: Վարչութիւնն ալ կը բաղկանայ երկսեռ անդամներէ: Գոյութիւն ունի արծուիկներու յատուկ խորհուրդ մը նուիրուած 40 արծուիկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին: Ասոնք ամէն տարի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ գայլիկներու կողքին, կը մասնակցին կատարուող բոլոր տողանցքներուն: Կը կազմակերպեն պտոյտներ, շրջանի գեղեցիկ վայրերուն մէջ բնութեան ազատ ու մաքուր օդը շնչելով կազդուրուելու համար:

Գամիշլիի հայ կաթողիկէ եկեղեցին

Վարչութիւնը Ազգային վարժարանին մէջ կը պահէ 40 չքաւոր սան-սանուհիներ, ոչ միայն անոնց կրթաթոշակները, այլ նաեւ գրենական պիտոյքներն ալ կը հոգայ, այսպիսով ունեցած տարեկան պիւտճէին 50 առ հարիւրը յատկացնելով կրթական գործին: Մնացած պիւտճէին 80 առ հարիւր տոկոսը առողջապահական յատկացումներու կը վերապահէ, միանգամայն օգնութեան հասնելով չքաւոր ընտանիքներու այլազան կարիքներուն: Վերջին վիճակագրութեան համաձայն, 1950 ս. ո. կրթական գործին, 518 ս. ո. առողջապահական եւ 692 ս. ո. ալ այլեւայլ կարիքներու յատկացուցած է, իր ունեցած 3389 ս. ո. մուտքին 3188 ոսկին ծախսած է, գանձանակին մէջ ունենալով միայն 231 ս. ոսկիի գումար մը:

Այս բոլորը ժրաջան տիկիններու զոհողութեան արդիւնքն է, որոնք լքելով իրենց առտնին գործերը, որպէս գերագոյն իտէալ ընտրած են ազգին ծառայելը եւ ատոր մէջ գտնելու սրտի եւ հոգիի անհուն գոհունակութիւն պատճառող բոլոր հետապնդուած բաղձանքները: Այսպէսով ոչ միայն ծառայած կ՛ըլլան իրենց սիրելի ազգին, այլ նաեւ մեծագոյն ազդակները կը հանդիսանան հայ լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման, այս հիւրընկալ հորիզոններու տակ:

Կազմակերպութեան եկամուտներն են անդամներու ցենզերը, կազմակերպուած Կաղանդի երեկոները եւ ազգային անձնաւորութիւններու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւնները:

* * *

Մեծ եղեռնէն ետք, գլխաւորաբար Մարտինէն, Միտիաթէն եւ շրջակայ Թուր Ապտինի գիւղերէն բռնագաղթուած ասորիներ եւ հայեր հիւսիսային Ճեզիրէի մէջ, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, Թուր Ապտինի լեռներուն հանդիպակաց կողմը, Մարտին քաղաքին գրեթէ դիմացը, լայնատարած դաշտագետինի մը վրայ հիմը դրին Տերպեսիէի: Աւանը արագօրէն բարգաւաճեցաւ եւ առեւտրական կարեւոր կեդրոն դարձաւ: «Ազդակ» 30 սեպտեմբեր 1950-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Տերպեսիէի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ մը անդրադարձած է շրջանի հայ կեանքին:

«Տերպեսիէն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ առեւտրական կարեւոր կեդրոն մը հանդիսացաւ այս վերջին տարիներու ընթացքին: Ռաս ուլ Այնէն 60 քիլոմեթր հեռուն երկարող երկաթուղագծին մօտը կառուցուած այս աւանը կը գտնուի թրքական սահմանին կից դաշտագետինի մը վրայ, ուր անհուն տարածութեամբ արտեր կը տարածուին, երբեմնի խոպան ժայռերու ամայութիւնը ատոք հասկերով փոխարինելով:

Հայերու կողմէ հիմնուած փոքրիկ աւանի մը հանգամանքը երբեք արգելք չէ եղած որ ան տարիներու ընթացքին անհամեմատ զարգանայ դառնալով շէն գիւղաքաղաք մը:

Տերպեսիէն չունի վազող ջուրի ակեր. ամէն տուն ունի իր սեփական հորը: Ժողովուրդը կը խմէ հորերու մաքուր ջուրը եւ զայն կը գործածէ նաեւ իր ընթացիկ պահանջներուն: Օդն ու ջուրը առողջապահական բոլոր պայմանները լրացուցած ըլլալուն, միւս վայրերուն նման (Թէլ-Ապիատ, Ռաս ուլ Այն եւայլն) չի տառապիր տարափոխիկ հիւանդութիւններէ:

Ներկայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը գրեթէ գաղթած է Մարտին քաղաքէն, որը կը գտնուի Տերպեսիէի մօտը երկարող լեռնաշղթային բարձունքներէն մէկուն վրայ, որուն տուներն ու բերդի պարիսպները պարզ աչքով իսկ տեսանելի են, սուրիական սահմանի որ մէկ կէտէն ալ դիտուած ըլլայ ան:

Ա

Ճեզիրէի արտօնավայրերը

յս վերջին տարիներուն մանաւանդ, երկրագործութիւնը չափազանց զարգացած է, գրեթէ հողատէրերէն շատեր գնած են թրաքթէօրներ եւ բաթոսներ, արդիւնաւորելու համար իրենց աշխատանքը: Շրջանի խոպան բոլոր վայրերը հերկուած արտերու վերածուած են, կրկնապատկելով արմտիքի արտադրութիւնը. ահա ասոր հետեւանքով է, որ ցորենը չափազանց աժանցած է, պարկ մը լեցուն ցորենը արժելով 18-20 ս. ոսկի (120-125 քիլոն): Երբ կայարան այցելելու բախտը ունենաս, չորս կողմէն կը տեսնես միայն հսկայ անհատնում կոյտեր, որոնք բեռնատար ինքնաշարժներով կամ վակոններով կը փոխադրուին դէպի առեւտրական մեծ կեդրոններ:

Երբ ցանքերը հասուննան եւ քաղը վերջանայ, գիւղացիները ձմերուկ եւ կանաչեղէն կը ցանեն, ատոր համար է, որ կանաչեղէնը առատ է, եւ ձմերուկ մը, որքան ալ մեծ ըլլայ 5-էն մինչեւ 15 ս. դահեկան կ՛արժէ հոդ:

Շրջանի քիւրտ բնակչութիւնը խաշնարածութեամբ կը զբաղի: Իւղը, մածունն ու պանիրը որքան առատ, նոյնքան ալ աժան են, բացի տեղւոյն վրայ արտադրուած մեղրէն, մեծ քանակութեամբ ալ Թուրքիայէն կը ներածուի գարնան եւ աշնան եղանակին:

Միակ անպատեհութիւնը որ գոյութիւն ունի այս վայրին մէջ, այն է թէ, նմանը չտեսնուած այլազան մեծութեամբ թունաւոր կարիճներ կը գտնուին հոս. քանի՜-քանի՜ երեխաներ մահացած են անոնց թունաւոր խայթոցէն: Ճէզիրէի այս բոլոր շրջաններուն վրայ, մէջն ըլլալով նաեւ Տէր Զօրը, խայտաբղէտ կարիճներու բոյնն ըլլալով հանդերձ, ներկայ բնակչութեան այնքան մեծ սարսափ չէ առթած որքան Տերպեսիէն:

Ներկայիս 80 հայ լուսաւորչական ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են հոս. արաբախօս կաթոլիկները կը հաշուեն մօտ 200 տուն, սուրիանի օրթոտոքսներ` 300 տուն, սուրիանի կաթոլիկներ 200 տուն, քիլտանիներ` 75 տուն, քիւրտեր 300 տուն, իսկ եկուոր մահմետականներ 150 տուն:

Ազգային իշխանութեան ենթակայ Ազգային երկսեռ վարժարանը ունէր անցած տարի 38 սան-սանուհիներ, որպէս կրթական մշակ ունենալով փորձառու ուսուցիչ պր. Եդուարդ Զաքարեանը, որը մեծապէս օգտակար եղած է հայեցի կրթութիւն մը տալով հայ մանուկներուն: Այս վարժարանը ունի իր սեփական շէնքը յայարակից ընդարձակ բակով մը:

Սուրիոյ բարեխնամ կառավարութիւնը կը տրամադրէ ուսուցիչ մը արաբերէնի ուսուցման համար:

Թաղականութիւնը կը բաղկանայ երեք անդամներէ, որոնք առաւելաբար կը զբաղին դպրոցով եւ ազգային գործերով: Յիշատակութեան արժանի են Անդրանիկ Շահինեանի, Ղազարի, Գէորգ եւ Յակոբ  Յակոբեաններու եւ Սարգիս Պարսումեանի տարած տքնաջան աշխատանքները ազգային մարզին մէջ: Յիշեալ ազգայինները ամէն զոհողութիւն յանձն առած են բարելաւելու համար տեղւոյն ազգային կեանքն ու վարժարանի կրթական մակարդակը, նոյնիսկ նիւթական լայն  յատկացումներ ալ կատարելով, որպէսզի պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը ապահովուի: Այս տարի,  Սարգիս  Պարսումեան խոստացած է դպրոցին տալ 5 պարկ ցորեն, ասոր նման շատեր պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց կարելի միջոցներով օգնել դպրոցին, նիւթական անձուկ վիճակէն փրկելու համար:

Կրթական մարզին մէջ օտար վարժարանները աւելի բախտաւոր են, կաթոլիկներու դպրոցը ունի 300 երկսեռ աշակերտ. սուրիան-օրթոտոքսներունը` 400, սուրիան-կաթոլիկներունը` 250: Քիլտանիներունը` 100, իսկ պետական դպրոցներունը` 300 (աղջկանց եւ մանչերու դպրոցներով):

Տերպեսիէ եկեղեցի գոյութիւն չունի, 60 քիլոմեթր ճամբայ կտրելով, Գամիշլիի քահանաներէն մէկը պարբերական այցելութիւն մը կու տայ, հոգեկան մխիթարութիւն տալու համար ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդին: Հիւսիսային Սուրիոյ ընդարձակ դաշտագետիններուն վրայ հաստատուած այս բազմաթիւ աւաններն ու քաղաքները մէջն ըլլալով Տէր Զօրը եւ սահմանը եզերող երկաթուղագծի ամբողջ ընթացքին, միայն չորս քահանաներ կան. մէկ հատ Արաբ Փունար, մէկ հատ Տէր Զօր եւ երկու հատ Գամիշլի: Պէտք է անվերապահօրէն յայտնել, որ սոյն հոգեւոր հովիւները ջանք չեն խնայեր գոհացում տալու ժողովուրդի յարաճուն կարիքներուն:

ՀՄԸՄ-ը ունի 11 անդամ եւ 13 գայլիկներ, 8 հոգիէ բաղկացած Գ. կարգի ֆութպոլի խումբ մըն ալ ունի:

Օգնութեան խաչի մասնաճիւղը ունի 26 անդամուհի եւ 11 անդամներ: Իր տարեկան պիւտճէին 50 առ հարիւրը կը յատկացնէ դպրոցին:

Երթեւեկի ճամբաները կը մնան իրենց նախնական ձեւին մէջ եւ նախկին կառուցուած շէնքերը հողակերտ աղիւսներէ շինուած են, սակայն վերջերս սկսած են քարէ շէնքեր եւս բարձրացնել: Տեղական կառավարութիւնը զայն օժտած է նաեւ ելեկտրականութեամբ, որպէսզի ժողովուրդը չզրկուի հանգստաւէտ կեանքէ: Եթէ ճամբաներն ալ շինուին մօտիկ ապագայի մէջ, մեծ հաւանականութիւն կը ներկայացնէ արդիական քաղաքի մը վերածուելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES