Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»-ը Կը Շարունակէ
Կրթական Ժամանակակից Գիտաշխատանոցներով
Համալսարաններու Վերազինման Ծրագիրը
Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը կը շարունակէ կրթական նպաստներ կատարել` զարգացնելով համալսարաններու ռազմավարութիւնը: Արհեստագիտութեամբ յագեցած կրթական գիտաշխատանոցը, համացանցի ընձեռած տեղեկատուական հզօր հիմքը եւ ուսումնական գործընթացներու կազմակերպման ժամանակակից մեթոտը այսուհետեւ հասանելի պիտի ըլլան Հայաստանի Ազգային գիւղատնտեսական համալսարանին մէջ եւս:
Համալսարանը համալրուած է ուսումնական գործընթացներու պահանջներէն բխող արժէքաւոր սարքաւորումներով. «Հոմ-Զոն թիւրպօ» փաթեթի շրջանակին մէջ գործող 3-Ճի երթուղիչով, համացանցի հասանելիութեամբ, 9 համակարգիչով ապահովուած լսարանով, լէյզըրային տպիչով եւ լուսարձակով ապահովուած գրատախտակով: Այս նորութիւնները համալսարանին թոյլ պիտի տան առցանց միանալ Վանաձորի եւ Արցախի մէջ գործող մասնաճիւղերուն եւ արդիւնաւէտ դասընթացքներ կազմակերպել ուսանողներուն յաւելեալ տեղեկութիւններով օժտելու հեռանկարով:
Հայաստանի Ազգային գիւղատնտեսական համալսարանը ունի այս գիտաշխատանոցէն առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտուելու կարելիութիւն: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ համագործակցութեամբ, համալսարանի «Ագրոբիզնես»-ի հետազօտութիւններու եւ կրթութեան միջազգային կեդրոնին մէջ, նախորդ տարի սկսած է գործել տեսախորհրդաժողովներու ժամանակակից դահլիճը, որ համացանցի միջոցով անհատական կատարեալ ուսումնական միջավայր ստեղծած է` այս եւ արտերկրեայ հեղինակաւոր համալսարաններու միջեւ:
«Նոր արհեստագիտութիւնները կ՛ենթադրեն ժամանակի տնտեսում, տեղեկացուածութեան բարձր մակարդակ եւ արագ որոշումներ կայացնելու հմտութիւն: Մենք կը ձգտինք ստեղծելու այնպիսի պայմաններ, որոնք պիտի օժանդակեն, որ ուսանողը անպայման յաջողի: Մասնագիտացման ճանապարհին զանոնք ճիշդ ուղղորդելու առաջին քայլը, թերեւս, եղած տեղեկատուութենէն առաւելագոյնս ճիշդ եւ արդիւնաւէտ օգտուելու հմտութեան ուսուցանումն է», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Տեղեկացնենք, որ համալսարանին հետ սեփական մարզի յաջողած համագործակցութիւնը գնահատելու նպատակով Հայաստանի Ազգային գիւղատնտեսական համալսարանը կազմակերպած է «Ոսկիէ հասկ» մրցանակաբաշխութեան հերթական մրցոյթը, որուն ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մրցանակի արժանացած է` «Համալսարանի լաւագոյն գործընկեր» անուանակարգին մէջ:
Մահացած Է Բանաստեղծ Վահան Վարդանեանը
20 փետրուարին Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, թարգմանիչ, «Նարցիս» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վարդանեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Չորս բանաստեղծական ժողովածուներու հեղինակ Վահան Վարդանեանը միայն 51 տարեկան էր, բայց անոր բանաստեղծական աշխարհը իր ուրոյն տեղը գրաւած է արդի հայ գրականութեան մէջ:
Վարդանեանի մտերիմներէն, բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է. «Այսօրուայ մեր բանաստեղծութեան մէջ իր ձեռագիրն ունեցող մարդ էր: Հազար ափսոս® Ինքնիր ուժերի ծաղկման շրջանում էր, դեռ պէտք էր հիմնական անելիքը նոր անէր: Բայց ես կարծում եմ, որ իր թողածն արդէն արժէք է: Իր գրականութեամբ ինքն արժէք է ստեղծել»:
Մահացած Է Բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանը
Երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութեան պատճառով 7 փետրուարի լուսաբացին մահացած է հայ ժամանակակից ականաւոր գրող Յովհաննէս Գրիգորեանը: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը: Անոր համաձայն, ներկայիս աշխատանք կը տարուի թաղման կառավարական յանձնաժողով ստեղծելու նպատակով:
Յովհաննէս Գրիգորեան ծնած է 1945 թուականի 7 օգոստոսին: Անոր բանաստեղծական սիրուած ժողովածուներն են` «Երգեր առանց երաժշտութեան», «Բոլորովին ուրիշ աշուն», «Անձրեւ` մի տխուր առիթով», «Դանդաղ ժամեր», «Հրեշտակներ մանկութեան երկնքից», «Երկու ջրհեղեղի արանքում», «Կէս ժամանակ», «Գիշերահաւասար», «Երբեք չմեռնես-ահա թէ ինչ կ՛ասեմ քեզ»: Ան ստացած է Աւ. Իսահակեանի անուան գրական մրցանակ, «Մովսէս Խորենացի» մետալ, «Վահագն» մրցանակ եւ Արցախի պետական մրցանակ:
Տաք Հագուստ` Սուրիահայերուն
Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն օգնութեան տարաբնոյթ ծրագիրները կը շարունակուին: Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սուրիահայերու հարցերուն համակարգման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, հասարակական եւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու միջոցով ցուցաբերուող օգնութեան աւելցաւ այլ ծրագիր մը:
Գերմանահայ գործարար Սուրէն Օհանեանի նուիրատուութեամբ, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը «Սուրիահայերու հարցերու համակարգման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան մեծ քանակութեամբ ձմեռնային տաք հագուստեղէն կը տրամադրէ բոլոր տարիքային խումբերուն համար: Հագուստեղէնը սուրիահայերուն պիտի բաժնուի երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, ժամը 11:00-էն մինչեւ ժամը 16:00, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան սուրիահայերու օգնութեան օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կամաւորներուն եւ «Սուրիահայերու հարցերուն համակարգման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան աշխատակիցներուն միջոցով, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Նոր Նորքի Հայորդեաց տան մէջ. հասցէ` Նոր Նորքի 7-րդ միքրոշրջան, Դաւիթ Բէկի 50:
Երեւանի Ոսկերչական Գործարանը Առաջարկներ
Կը Ներկայացնէ Սուրիահայ Ոսկերիչներուն
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երեւանի ոսկերչական գործարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստան գտնուող սուրիահայ ոսկերիչներուն հետ: Հրանուշ Յակոբեան յորդորած է Հայաստան գտնուող սուրիահայերը` շուտով ունենալու իրենց աշխատանքը: Նախարարը կոչ ուղղած է առանց մտավախութիւններու ձեռնարկելու գործնական քայլերու: «Պետութիւնը կանգնած է իւրաքանչիւրիդ կողքին` գործ հիմնելու առաջին քայլէն իսկ: Մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ խորհրդատուութիւն ապահովել եւ աջակցիլ կազմակերպութեան` արձանագրութենէն մինչեւ կայանալը եւ շահոյթ ստանալը», յայտնած է նախարարը:
Յաջողած առեւտուր ունենալու համար նախարարը կարեւոր նկատած է վստահելի գործընկերոջ ընտրութիւնը, պետութեան կողմէ յստակ եւ հաւաստի խորհրդատուութիւն ստանալու գործօնը:
Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Երեւանի ոսկերչական գործարանի գլխաւոր տնօրէն Էմիլ Գրիգորեանը, որ տեղեկացուցած է, թէ գործարանին մէջ ներկայիս կ՛աշխատի հինգ սուրիահայ:
Է. Գրիգորեան սուրիահայ գործարարներուն երկու առաջարկ ներկայացուցած է` կա՛մ իբրեւ ոսկերիչ ընդունուիլ, կամ ալ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին անվճար աշխատանքային տարածք ստանձնել: Այս պարագային անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան օգտուելու նաեւ գործարանի աշխատանքային գործիքներէն, տարատեսակ արտադրամասերէն: Գործարանին ղեկավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ աջակցելու օրէնսդրական եւ շուկայագիտական ոլորտներու խորհրդատուութեամբ: Համագործակցութեան պարագային, գործարանին կողմէ պիտի տրամադրուին արտաքին շուկաներու կարելիութիւնները եւ կապերը:
Հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրուած են արտածման կարելիութիւններով, հարցումներ ուղղած են մաքսային եւ հարկային օրէնսդրութեան որոշ դրոյթներու մասին: Նշուած է, որ տուեալ բնագաւառին վերաբերող հայաստանեան օրէնսդրութիւնը լաւագոյններէն է աշխարհի մէջ: Այսպիսով, մեծ թիւով մասնագէտներ արդէն իսկ ճշդած են իրենց ապագայ ծրագիրները` ընդունելով առաջարկուող տարբերակներէն որեւէ մէկը:
Այնուհետեւ, սուրիահայ ոսկերիչները շրջած են գործարանին մէջ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալով իրենց ապագայ գործընկեր կազմակերպութեան գործունէութեան եւ պարզաբանելով զիրենք յուզող հարցերը:
«Լռութիւն. Հայը Եւ Հայկականը Վրաստանի Մէջ» Խորագրով
Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի կողմէ պատրաստուած «Լռութիւն. հայը եւ հայկականը Վրաստանի մէջ» վաւերագրական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ վերջին 80 տարուան ընթացքին Վրաստանի ցուցաբերած վերաբերմունքը երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ: Հայերը եւ ազրպէյճանցիները Վրաստանի մէջ ապրող համեմատաբար մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնները կը հանդիսանան: 1920-ական թուականներէն վրացական իշխանութիւնները շարունակաբար կ՛ոչնչացնեն երկրի ոչ վրացական պաշտամունքային յուշարձանները:
Այս քաղաքականութեան զոհ գացած են մեծ թիւով յուշարձաններ, մօտաւորապէս 300 հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ` վանքեր, գերեզմանոցներ եւ մզկիթներ:
Նշենք, որ ժապաւէնին բեմադրիչն է Տիրան Կարապետեանը, իսկ երաժշտութիւնը յօրինողը` Այտին Տաւուտիի:
Միջազգային Շարժապատկերի Փառատօն
Հայաստանի Մէջ
Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Հակամարտութիւնը եւ հաշտեցումը կեդրոնական-արեւելեան Եւրոպայի շարժապատկերի մշակոյթին մէջ» խորագրեալ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը` «Գալիցիայի երեք պատմութիւնները» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ:
13 փետրուարէն մինչեւ 10 ապրիլ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու նշանաւոր ժապաւէնի արտադրողներու ինը մրցանակակիր ժապաւէններ, որոնք կ՛անդրադառնան հակամարտութեան, հաշտեցման, մարդկային խիզախութեան, կարեկցանքի զգայուն նիւթերու, պիտի ցուցադրուին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի Կարմիր դահլիճին մէջ:
Փառատօնին նպատակն է` շարժապատկերի արուեստի միջոցով հայաստանեան հասարակութեան եւ մասնաւորապէս երիտասարդներուն ներկայացնել կեդրոնական-արեւելեան Եւրոպայի մէջ հակամարտութիւններէն եւ հաշտեցումէն քաղուած դասերը:
«Արուեստը հզօր գործիք է: Այս ժապաւէններէն շատեր առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին Հայաստանի մէջ, եւ անոնք կը ներկայացնեն մարդկային սրտառուչ պատմութիւններ: Եկէք` ոգեշնչուինք օրինակով այն մարդոց, որոնք ունեցան այլ մարդոց հոգ տանելու քաջութիւն, սովորական մարդիկ, որոնք առին արտասովոր քայլեր` պաշտպանելու մարդկային արժանապատուութիւնը: Անոնց օրինակը կրնայ օգնել մեզի` կառուցելու աւելի լաւ աշխարհ», յայտնած է ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Հենրիէթ Արենսը:
«Մոսկուա» սրահի ղեկավարութեան աջակցութեան շնորհիւ ժապաւէններու ցուցադրութիւնը անվճար է, եւ փառատօնը բաց է բոլորին համար: Փառատօնը իրականացած է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին, Պուլկարիոյ, Չեխիոյ, Գերմանիոյ, Լիթվիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Ուքրանիոյ դեսպանութիւններուն միացեալ ջանքերով:
Բակօ Սահակեան. «Սերունդներին Պէտք Է Թողնել
Առողջ Շրջակայ Միջավայր»
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 փետրուարին գլխաւորած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը` նուիրուած հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ 2012 թուականին իրականացուած աշխատանքներուն եւ 2013 թուականին կատարուելիքներուն: ԼՂՀ-ի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, համապատասխան զեկոյցներով հանդէս եկած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խորհրդական, ակադեմիկոս Գրիգորի Գաբրիէլեանցը, շրջակայ միջավայրի եւ բնական պաշարներու վարչութեան պետ Վազգէն Միքայէլեանը, երկրաբանահետախուզական եւ լեռնահանքային ձեռնարկութիւններու ղեկավարները եւ պատասխանատու աշխատողներ:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառը տնտեսութեան ամէնէն երիտասարդ, բայց ռազմավարական ու հեռանկարային ճիւղերէն է, որ ունի խոստմնալից կարելիութիւններ` դառնալու տնտեսութեան շարժիչ ուժն ու աշխատանքի ապահովման կարեւոր աղբիւրներէն մէկը, մանաւանդ որ արդէն իսկ կ՛ապահովէ արդիւնաբերական արտադրութեան ու պետական պիւտճէի ընդհանուր մուտքերուն մէկ պատկառելի մասը: Ըստ անոր, վերջին տարիներուն բաւական աւելցած են բնագաւառին մէջ կատարուող ներդրումները` պետական եւ սեփական հատուածին հաշուոյն. ան կարեւոր նկատած է բնագաւառին մէջ մենաշնորհային դրսեւորումներու բացակայութիւնը, ինչ որ կը խթանէ առողջ մրցակցութիւնը եւ տնտեսութեան աշխուժ զարգացումը:
Նախագահը շեշտած է. «Հանքարդիւնաբերութեան զարգացումը պէտք է ընթանայ բնօգտագործման եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան կանոնների խստիւ պաշտպանութեամբ»: Ան շեշտած է, որ թէ՛ ընդերքը եւ թէ՛ բնութիւնը Արցախի հարստութիւնն են, եւ մէկուն զարգացումը ի վնաս միւսին պէտք չէ ըլլայ, աւելցնելով, որ «ապագայ սերունդներին պէտք է թողնել առողջ շրջակայ միջավայր եւ ուժականօրէն զարգացող տնտեսութիւն»:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են նաեւ` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, լեռնահանքային ոլորտի ներկայացուցիչներ, նշանաւոր մասնագէտներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
Արամ Խաչատրեանի Ծննդեան 110-ամեակը
Պիտի Նշուի Աշխարհի Տարբեր Քաղաքներու Մէջ
Անուանի եւ սիրուած հայ երգահան, երաժիշտ, 20-րդ դարու երաժշտութեան մեծագոյն ներկայացուցիչ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակը բազմազան ձեռնարկներով պիտի նշուի այս տարի: Յոբելենական տարին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ո՛չ միայն անգամ մը եւս յիշելու, հնչեցնելու խաչատրեանական ժառանգութեան լաւագոյն նմուշները, այլեւ անոր ստեղծագործութիւններուն միջոցով` հանրահռչակելու հայկական մշակոյթ: Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշած է, որ յոբելեանները լաւ առիթներ են ազգովին կեդրոնանալու ոեւէ անհատի ձգած ժառանգութեան վրայ: «Մենք կ՛օգտուինք իւրաքանչիւր առիթէ, կարելիութենէ, որ առաւելագոյն չափով օգտակար է հասարակական, բարոյական եւ հոգեւոր մթնոլորտի ձեւաւորման համար», նշած է նախարարը:
Տարուան ընթացքին Արամ Խաչատրեանի նուիրուած ձեռնարկները պիտի ըլլան բազմաթիւ եւ բազմատեսակ. մշակուած է նաեւ յատուկ ձեւաչափ: Նախատեսուած է երգահանին ծննդեան օրը` յունիս 6-ին, աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ քաղաքներուն մէջ, ուր կարելի է կազմակերպել յոբելենական ձեռնարկներ, հնչեն Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը: Թէեւ Խաչատրեան շատ ճանչցուած է Հայաստանէն դուրս, այնուամենայնիւ, ըստ Յասմիկ Պօղոսեանի, հիմնականօրէն պիտի իրականացուին առանձին պալէներէն հատուածներ, իսկ ահա շատ արժանաւոր համանուագները եւ քոնչերթոները պիտի մնան շուքի տակ:
Թանգարանին մէջ տարուան ընթացքին տարբեր երաժշտական երեկոներ պիտի իրականացուին` յոբելենական տարուան առնչութեամբ: Հրաւիրուած տեսաբաններու մասնակցութեամբ պիտի կայացուի գիտաժողով: Լոյս պիտի տեսնէ պատկերագիրք` թանգարանի արխիւային նիւթերէն: Պիտի տպագրուի «Խաչատրեանը ժամանակակիցներու յուշերուն մէջ» առաջին հատորը: «Նախատեսած ենք նաեւ հետաքրքրական նախագիծ մը, որուն ընթացքին միաժամանակ նուագահանդէսի մը ընթացքին պիտի հնչեն խաչատրեանական երեք քոնչերթոները` դաշնակային, ջութակի եւ թաւջութակի», յայտնած է Արմինէ Գրիգորեանը:
Տուն-թանգարանը 2012 թուականի ընթացքին ունեցած է մօտաւորապէս 14 հազար այցելու: Յոբելենական տարին կը նախատեսուի այցելուներու թիւի աճ: Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը հիմնադրուած է 1978-ին, այն առանձնատան հիման վրայ, որ 1947-ին Հայաստանի կառավարութիւնը նուիրած է երգահանին: Թանգարանին հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 1984-ի յունուարին, երբ աշխարհի երաժշտասէր հասարակայնութիւնը կը նշէր աշխարհահռչակ երգահանին ծննդեան 80-ամեակը: Իր գոյութեան 30 տարիներու ընթացքին թանգարանին մէջ հաւաքուած են աւելի քան 18 հազար արժէքաւոր առարկաներ` լուսանկարներ, նամակներ, գիրքեր, նոթային ձեռագրեր, ստեղծագործութիւններու տարբեր հրատարակութիւններ, ժապաւէններ, ձայնագրութիւններ, անձնական իրեր, փաստաթուղթեր, ազդագրեր, պուքլեթներ: Յուշատան եւ 10 ցուցասրահներու մէջ ներկայացուած բազմազան եւ բազմաբովանդակ ցուցանմուշները այցելուներուն ծանօթացուցած են Խաչատրեանի հետաքրքիր իրադարձութիւններով լի կեանքի եւ ստեղծագործական ժառանգութեան հետ, որ իր ուրոյն տեղը ունի համաշխարհային երաժշտական գանձարանին մէջ:
«Արտաւազդ» Մրցանակաբաշխութիւնը Այս Տարի
Պիտի Նուիրուի Վահրամ Փափազեանի
Ծննդեան 125-ամեակին
«Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի պիտի կայանայ Թատրոնի միջազգային օրը` մարտ 27-ին, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական սրահին մէջ: Մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպած է Հայաստանի թատերական գործիչներու միութիւնը եւ այս տարի նուիրուած պիտի ըլլայ հռչակաւոր դերասան Վահրամ Փափազեանի ծննդեան 125-ամեակին:
Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան մամուլի քարտուղար Վլադ Մուրատեան նշեց, որ մասնակցութեան դիմումնագրերը թատրոններէն եւ թատերախումբերէն պիտի ընդունուին մինչեւ մարտ 1: «Արտաւազդ» ամէնամեայ մրցանակները կը շնորհուին մրցանակաբաշխութեան նախորդ տարուան մարտ 1-էն մինչեւ մրցանակաբաշխութեան տարուան մարտ 1-ը` ուշագրաւ թատերական աշխատանքներուն», տեղեկացուց Վլադ Մուրատեան:
«Արտաւազդ» մրցանակ պիտի տրուի հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ` թատերական արուեստին արժանապատիւ ծառայութեան համար, լաւագոյն կին եւ տղամարդ դերակատար, երկրորդ կարգի լաւագոյն կին եւ տղամարդ դերակատար, լաւագոյն բեմադրութիւն, լաւագոյն գրող, երաժշտական լաւագոյն ձեւաւորման հեղինակ, լաւագոյն ներկայացում, լաւագոյն երիտասարդ դերասան-դերասանուհի, լաւագոյն երիտասարդ բեմադրիչ, լաւագոյն երիտասարդական ներկայացում եւ լաւագոյն ներկայացում: Դատական կազմի անդամ են թատերական ոլորտի գործիչներ` Դաւիթ Մուրատեան, Սուրէն Յասմիկեան, Հրաչեայ Գասպարեան, Լեւոն Մութաֆեան, Ռուզաննա Առաքելեան, Նուարդ Ասատրեան, Նարինէ Գրիգորեան: Բոլոր անուանակարգերուն մէջ դատական կազմի անդամներէն իւրաքանչիւրը կրնայ քուէարկել մինչեւ երկու մասնակիցի կամ աշխատանքի: Մրցանակ կը շահի 5 կամ աւելի ձայն հաւաքողը: Մրցանակակիրները «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութիւնը խորհրդանշող դիմակներով զարդարուած թագէն բացի, պիտի ստանան նաեւ դրամական պարգեւներ:
Հաղորդենք, որ «Արտաւազդ» թատերական մրցանակաբաշխութիւնը հիմնադրուած է 1996-ին: Սկզբնական շրջանին ունեցած է միայն մէկ անուանակարգ` «Թատերական արուեստին արժանապատիւ ծառայութեան համար»: 1999-էն ի վեր տարուէ տարի աւելցած է անուանակարգերուն թիւը: Մրցանակաբաշխութիւնը սկիզբը կայացած է թատերական գործիչներու նեղ շրջանակի մէջ եւ միայն անցեալ տարուընէ սկսեալ է, որ կը նշուի մեծ շուքով:


