Վարդանանց Խորհուրդը` Ազգապահպանումի Ծիրին Մէջ*

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Կողք կողքի կանգնած, ուս ուսի տալով, մէկս միւսը հրելով, քրքջալով ու անհանդարտ` վերջապէս կը շարուինք: Վերջին փորձն է. փախուստ չկայ: Տիկին Զարուկը գլուխը թեթեւ մը դէպի վար կը շարժէ` նշան տալով, որ սկսինք. ու բոլորս`

– Հայ եմ ես, հայ եմ ես…

– Կեցէ՛ք, չեղա՜ւ. միասին, աւելի զօրաւոր, ուսերը լա՜յն, հպարտութեամբ:

Հա՛յ եմ ես, հա՛յ եմ ես,
Սարսափեցէք իմ ձեռքէս,
Հայաստանը ազատող,
Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես:

Ոտքերը գետին զարնելով, բռունցքները ճօճելով, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի թոթովախօս աշակերտներս յաջողած էինք օրդ. Մաքոն ու տիկին Զարուկը գոհ պահել այդ պահուն:

Յանկարծ Քաջն Վարդանի թոռը ըլլալու անխառն զգացում մը կը պատէ զիս. Մամիկոնեաններէն սերած ըլլալու զօրաւոր հաւանականութիւն մը… չէ՞ որ Մամիկոնեաններն ալ Տարօն աշխարհէն էին…

Բազմաթիւ տարիներ անցած են մանկապարտէզի օրերէս. ինչո՞ւ վերյիշել ու վերապրիլ Քաջն Վարդանի ոտանաւորը:

15 դարէն աւելի անցած է Աւարայրի ճակատամարտէն. ինչո՞ւ խօսիլ Վարդան Մամիկոնեանին մասին, ինչո՞ւ խօսիլ Աւարայրի ճակատամարտին մասին, ինչո՞ւ յիշատակել Սրբոց Վարդանանց տօնը: Ասոնք հարցումներէն են, որոնք ձեր ալ մտքէն թերեւս անցած են:

Այո՛, այսօր, երբ մեր առօրեան ծանրաբեռնուած է այս ու այն ապազգային մտահոգութիւններով, այս ու այն տաղտկալի գործերով, ի հարկէ դիւրին է մտքէ հանել, կամայ թէ ակամայ արհամարհել մեր պատմութեան փառահեղ էջերը: Սակայն եթէ մեր մէջ ազգային արժանապատուութիւնը, որպէս ազգ գոյատեւելու կարեւորութիւնը տեղ գտած են, մենք ինքնաբերաբար պիտի կարենանք գնահատել Սրբոց Վարդանանց տօնին կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ:

Պատմութեան կարծեմ եւ յուսամ բոլորս ծանօթ ենք: Պիտի փորձենք անկէ քայլ մը անդին անցնիլ եւ խօսիլ Աւարայրի ճակատամարտին խորհուրդին մասին, այն, ինչ որ կ՛առնչուի մեր առօրեային հետ այսօր: Ներկայացումս երեք գլխաւոր հատուածներու բաժնած եմ. առաջին կէտը, որուն պիտի անդրադառնամ, հետեւեալն է:

Վարդանանքը Որպէս Խորհրդանիշ`
Մեր
Բոլոր Պատերազմներուն

Կարծեմ բոլորս կը գիտակցինք ասոր. Աւարայրի ճակատամարտը ապացուցեց, որ հայը հոգեւոր արժէք ունեցող, ազգային արժանապատուութիւն ունեցող ժողովուրդ է, որ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց պայքարող ու ի հարկին ապստամբող ժողովուրդ է:

Պետրոս Յովհաննիսեան անունով հայ պատմաբան մը կ՛ըսէ հետեւեալը. «Աւարայրը դա հայկական պետականութեան, դա թագաւորութեան վերականգնման, ժողովրդի ինքնութիւնը պաշտպանելու մի երեւոյթ էր.  երեւոյթ էր, որովհետեւ առանց կռուելու` հնարաւոր չէր դա պաշտպանելը»:

Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ պայքարներ մղած է ի խնդիր ազատութեան, ի սէր  հայրենիքին, ի պահպանումն իր ազգային արժէքներուն: Թէեւ թշնամիները երբեմն տարբեր եղած են, ժամանակահատուածները տարբեր եղած, պարագաները տարբեր եղած են, սակայն նոյն պայքարն է, որ կը մղուէր. ազգապահպանումի պայքարը: Վարդաններու խիզախութիւնն է, անձնուրաց եւ ազգանուէր ոգին է, որ հայը դրսեւորեց Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, Սարդարապատի ճակատամարտին, Արցախի ազատագրութեան օրերուն եւ բոլոր այն օրհասական պահերուն, երբ հայուն գոյատեւումը վտանգուած էր:

Ուրեմն, կրնանք հետեւցնել, որ Վարդանանց պատերազմը մեր պատմութեան էջերը բարեզարդող պատմութիւն չէ միայն. այլ քալող ու շնչող զօրակիցն է հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար զայն յիշատակելը չի բաւեր, անոր խորհուրդին գիտակցիլն է պէտք: Անդրադառնալ, թէ Վարդաններու ոգին էր Արամներուն, Անդրանիկներուն, Սասունիներուն մէջ. ազատատենչ հայու աննկուն ոգին էր, որ Աւարայրի դաշտէն բարձրացաւ դէպի մեր լեռները ու բոյն դրաւ մեր ամէն մէկ մարտիկի կուրծքին տակ եւ հոն նոյն ոգին անգամ մը եւս մռնչաց` «Մեր արիութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք»:

Բայց Աւարայրի դաշտէն անդին, Արցախի լեռներէն անդին, հայ ժողովուրդին համար պայքարի այլ դաշտ մը գոյութիւն ունի, որուն երբեմն չենք անդրադառնար. կամ եթէ անդրադառնանք նոյնիսկ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ յաճախ լուսանցքի մէջ կը հրենք: Այդ դաշտը ներքին դաշտ մըն է. այդ դաշտը մեր դաշտն է. այդ դաշտը կ՛առնչուի մեր երիտասարդութեան հետ. այդ դաշտը կ՛առնչուի մեր փոքրիկներուն ու պատանիներուն հետ: Շօշափելի զէնքերով մեր վրայ քալող թշնամիի մասին չէ խօսքը, այլ մեր միջեւ ու մեր շուրջը անընդհատ ուրուականի պէս պտտող, շատերու կողմէ «ճերմակ ջարդ» որակեալ ապազգայնացման հոսանքի մը: Այդ հոսանքը, առաւելաբար` մեր կամքէն անկախ, արտաքին ուժերէ մղուած, սակայն ներքին ուժերով հարստացած հոսանք մըն է, որուն համար բոլորս պէտք է լրջօրէն մտածենք եւ մեր անկարելին կարելի ընենք, որպէսզի առնուազն մեղմացնենք զայն:

Օրինակ մը. մեր առօրեային մէջ կը զգանք ու կը տեսնենք յաճախ մեր դարաւոր լեզուին, մեր ոսկեղինիկին հետզհետէ այլակերպումն ու շիջումը: Արդեօք ե՞րբ պիտի գիտակցինք, որ եթէ մենք օր մը բոլորովին կորսնցնենք մեր լեզուն, այլափոխած պիտի ըլլանք նաեւ մեր դիմագիծը որպէս հայ եւ շատ աւելի հաւանական դարձնենք այդ դիմագիծին բոլորովին ոչնչացումը: Եւ այդ ժամանակ մեր թշնամին մեր մէջ պէտք է փնտռենք: Յաճախ կը լսենք.

– Անգլերէնի թարգմանենք, որ մեր երիտասարդներուն համար դիւրին ըլլայ…

Բայց հազիւ թէ լսենք.

– Միջոց մը գտնենք, որ մեր երիտասարդները իրենց մայրենին չմոռնան:

Ու կը շարունակենք լսել.

– Հայրը օտար է, ի՛նչ ընենք…

– Մայրը օտար է, ի՛նչ ընենք…

– Մեծ մայրը անգլերէն պէտք է սորվի, ի՛նչ ընենք… եւ դեռ այլ նորութիւն մը, որ ուղղակի շշմեցուց զիս վերջերս.

– Հայկական դպրոց չ՛երթար մեր պզտիկը because վաղը accent-ով անգլերէն չենք ուզեր խօսի. գիտես` գործի համար լաւ չէ:

Accent-ով անգլերէն խօսելու վրայ է մտահոգութիւնը…

Աբովեանի խօսքերը միտքս կու գան… արեւմտահայերէնի վերածուած ձեւին մէջ ան կ՛ըսէ. «Ա՜խ լեզուն, լեզուն, որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ կը նմանի. ազգ մը պահողը իրարու միացնողը լեզուն է ու հաւատքը… ձեզի կ՛ըսեմ, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւին ղուրպան. տասը լեզու սորվեցէք, ձեր լեզուն ձեր հաւատքը ամուր պահեցէք»: Լեզուի հարցը օրինակ մըն էր… հապա՞ մեր բարքերն ու սովորութիւնները, հապա՞ մեր տօներն ու տաղաւարները, հապա՞ մեր երաժշտութիւնը…

Եկէք` ընդունինք, որ դիւրին չէ որպէս հայ գոյատեւելը. չեմ ըսեր` միայն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, որովհետեւ կը տեսնեմ եւ կը լսեմ, որ այս հոսանքը ամէնուր է: Որպէս 85 տարեկան «Համազգային»-ի ծառաներէն մին` կը զգամ ու կը գիտակցիմ այս կէտին, նաեւ կը խոստովանիմ, որ երբեմն ես ալ այս ծուղակին մէջ իյնալու փորձուած եմ, սակայն շնորհիւ ծնողքիս` կրցած եմ սթափիլ: Այսօր յոյսս դրած եմ այն սակաւաթիւ երիտասարդներուն վրայ, որոնք ունին այդ կիրքը, ազգային արժանապատուութեան զգացումը, արիութիւնը` որպէս հայ ապրելու եւ գործելու: Կը հաւատամ, որ յարգելի բացառութիւններէ անդին, սակայն, շատերու մէջ բոյն դրած է անձնատուր ըլլալու հոգեբանութիւն մը, ինչ որ առաւել եւս կը վտանգէ մեր մշակոյթի, մեր ազգի գոյատեւումը: Վարդանի ազգանուէր խիզախ ոգին մեզ կը մղէ այսօր, անգամ մը եւս, որ պայքարի՛նք բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ հոսանքներուն դէմ, որոնք մեր ազգին գոյատեւումը կը վտանգեն. եւ այդ պայքարը պէտք է սկսի մեր տուներէն. հո՛ն է, որ պէտք է խարսխենք մեր մեկնակէտը:

Վարդանանքը Որպէս Խորհրդանիշ`
Միասնականութեան

Ըստ մեր պատմիչներէն, գլխաւորաբար Եղիշէի, նա՛եւ Ղազար Փարպեցիի գրութիւններէն մեզի հասած Աւարայրի հերոսամարտութեան էջերուն, ապստամբութեան մասնակցեցան ոչ միայն հեծելազօրն ու հետեւակները, այլ` ժողովուրդը, հոգեւորականները, Ղեւոնդ Երէցն ու Յովսէփ կաթողիկոսը, շինականները, տարիքաւորներն ու երիտասարդները, ազնուականներն ու գիւղացիները. ո՛չ միայն տղամարդիկ, այլ` հայ ազգի փափկասուն տիկինները:

Պատմաբան Վրէժ Վարդանեան կ՛ըսէ. «Աւարայրի ճակատամարտը լիցք է հաղորդել մեր ժողովրդին գոյամաքառումներում դիմանալու. այն ցոյց տուեց, որ այն ժողովուրդը, որը իր հողի եւ հաւատի համար ոտքի է ելնում ազգովին ու մարտնչում է, նա չի մեռնի. նա յարատեւելու է` ինչպէս իր հողը,  ինչպէս հայրենի երկինքը, ինչպէս հայրենի լեռները, մեր խորհրդանիշ Արարատ լեռը»:

Այսօր, երբ հայ ժողովուրդը պայքար կը մղէ բազմաթիւ ճակատներու վրայ, եւ այդ ճակատները օր ըստ օրէ կ՛աւելնան` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, Իրաքի պատերազմը ու հիմա Սուրիոյ հայութեան ճգնաժամային օրերը… հայրենիքը ամրակուռ հիմերու վրայ դնելու համար, Ջաւախքի հայութեան օգնութեան փութալու համար, Արեւմտահայաստանի մէջ թաքուն ու ծպտուած հայերու օգնութեան փութալու համար, Արցախի պաշտպանութիւնը ապահովելու համար, Մեծ եղեռնի ճանաչումին հասնելու համար, մեր պապենական հողերը ազատագրելու համար, հայ մշակոյթը անմար պահելու, հայ ազգը անսասան պահելու համար Աւարայրի ճակատամարտին ընթացքին ծառացած` նո՛յն միասնականութեան ոգին է մեզի հարկաւոր: 1930-ական թուականներուն թաքուն կերպով գրեց Չարենցը. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է». Շիրազը տարիներ յետոյ արձագանգեց. «Բա՜ւ է, հայեր, ցրուած մնաք մատներիս պէս, բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստանի»:

Միասնականութեան կարեւորութեան մասին բոլորս տեղեակ ենք. սակայն երբեմն կը մոռնանք այն կարեւոր մարտերուն մասին,  որոնք մենք միասի՛ն պէտք է տանինք: Ուրեմն դարձեալ, ա՛յս գետնի վրայ ալ, մենք կը վերադառնանք Աւարայրի օրինակին, որ հազար հինգ հարիւր վաթսուներկու տարիներ յետոյ տակաւին նոյն ուժգնութիւնն ու կարեւորութիւնը ունի, եթէ ոչ աւելի: Մշակոյթի պահպանման հարցը մեր բոլորին մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ. մեր լեզուին գոյատեւումի հարցը մեր բոլորին մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ. մեր հոգեւոր արժէքները, մեր հաւատքը ամրակուռ հիմերու վրայ պահելու հարցը, մեր ազգային գիտակցութիւնը ամրապնդելու հարցը, մեր բոլորին մտահոգութիւնը պէտք է ըլլան… եւ մտահոգութենէ անդի՛ն պէտք է անցնին ու գործնական ռազմավարութեան վերածուին:

Ազգային Հերոսի Կերպարի Կարեւորութիւնը
Մեր
Ազգային Գիտակցութեան Զարգացման Մէջ

Հերոսի կարեւորութիւնը ընտրեցի իբրեւ վերջին կէտը այս ներկայացումին` մեկնելով երկու պարզ միտքերէ:

Առաջին` այսօր, ազգային արժէքները հետզհետէ տեղի տալու սկսած են համաշխարհային, ապազգային արժէքներու դիմաց: Այսօր համաշխարհային հարցերով է, որ կը տագնապինք. համամարդկային հերոսներն են առաւելաբար մեր երիտասարդը հետաքրքրողը: Համաշխարհայնացումը կամ ապազգայնացումը ազգերը այսպէս կոչուած «անդէմ ամբոխ»-ի վերածելու վրայ է: Ազգային հերոսին, ազգային արժէքներուն կարեւորութիւնը, ի դէմս այս հոսանքին,  հետզհետէ պակսած է:

Այսօր մեր մանուկներէն մեծամասնութեան առօրեային մաս կը կազմեն «Dora»-ն եւ «tinker bell»-ը … այլեւս չկան «Մկոն ու Չալօ»-ն, «Պետիկն ու գայլը», «Քաջ Նազար»-ը ու նմանները: Բախտաւոր պարագային` Թալինն ու Հոյ Լարին կը դրուին մեր մանուկներուն առջեւ, բայց շեշտեմ` բախտաւոր պարագային: Այսօր մեր պատանիները կը ներշնչուին, կ՛ոգեւորուին «Justin Bieber»-ի նման հերոսացուած կերպարներով: Այսօրուան հայ երիտասարդին համար շատ աւելի հետաքրքրաշարժ են, շատ աւելի սրտագրաւ են Apple-ն ու Google-ը հնարողներուն նման համամարդկային կերպարները, քան` մեր ազգին գիր տուող Մեսրոպ Մաշտոցը: Համեմատաբար քիչ է թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք ծանօթ են Կոմիտասի երաժշտութեան: Համեմատաբար քիչերն են, որ ծանօթ են մեր Վարուժանին ու Սեւակին, Տէրեանին, Դուրեանին: Արդէն Վալընթայնի կը պատրաստուին… ո՞վ յիշեց Սուրբ Սարգիսը:

Անշուշտ վերոյիշեալ բոլոր պարագաներուն մէջ գերյարգելի են բացառութիւնները: Եւ նպատակս այս համաշխարհային դէմքերը նսեմացնել չէ. օտար գրողներն ու երաժիշտները նսեմացնել չէ. ես օտար գրականութիւն ալ կը սերտեմ, ես օտար երաժշտութիւն ալ մտիկ կ՛ընեմ: Այլ` անոնց կողքին ջատագովե՛լ, շեշտել կարեւորութիւնը մեր հայրենիին ու մայրենիին: Այս բոլորին մէջ անշուշտ մեծ դեր ունին առաջին հերթին հայ ծնողքը եւ անշուշտ` հայ դպրոցը, հայ կազմակերպութիւնները, հայ եկեղեցին, բոլո՛րս անխտիր:

Երկրորդ միտքը, որը հիմերէն մէկը կը կազմէ ազգային հերոսի կարեւորութեան այս կէտին, այն է, թէ մեր մէջ ընդհանրապէս, հայ ազգը որպէս նահատակ տեսնելու մտածելակերպը երբեմն աւելի գերիշխող է, քան` որպէս հերոս տեսնելը…

Հայ երիտասարդը այսօր հայ հերոսի կերպարին ներկայութիւնը պէտք է զգայ իր կեանքին մէջ. այդ կերպարն է, որ իրեն ուժ պիտի ներշնչէ որպէս հայ գոյատեւելու: Այո՛,  մենք նահատակներ ունեցող ժողովուրդ ենք, մենք մարտիրոսներ ունեցող ժողովուրդ ենք, սակայն մենք նաեւ հերոսնե՛ր ծնող ժողովուրդ ենք, մենք նաեւ վերապրո՛ղ ժողովուրդ ենք եւ մեզի այսօր վստահուած է հսկայական կտակ մը, որուն պահապանները մե՛նք պէտք է ըլլանք,  որպէս երիտասարդներ, որպէս պատանիներ,  որպէս ծնողք, եւ երբ ժամը գայ, մենք մեր կարգին հպարտութեամբ փոխանցենք մեր յաջորդ սերունդին:

Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը` որպէս հերոս, որպէս քաջ, տակաւին ամուր դրոշմուած է իմ ուղեղիս մէջ, մանկապարտէզի օրերէս: Վարդան Մամիկոնեաններու կերպարն է, ոչ միայն որպէս խիզախ, այլ` որպէս առաջնորդ, շեշտեմ` առաջնորդ, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ, զօրութիւն կը ներշնչէ ինծի այսօր:

Փոխան Վերջաբանի

«Ժողովուրդը պէտք է կարենայ նուաճել իր ապրելու իրաւունքը». ասիկա Եղիշէ պատմիչին խօսքն է, որուն խորհուրդը, որուն իմաստը այսօր աւելի քան երբեք կը յուզէ եւ պէ՛տք է յուզէ մեզ:

Պատշաճ կը գտնեմ նաեւ ձեզի հետ բաժնել «Համազգային»-ի հիմնադիրներէն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանին խօսքը. «… մեր փոքրիկներուն պէտք է սորվեցնել, թէ դուք հայրենիք ունիք, յափշտակուած հայրենիք. անոնց ամէն բան պէտք է սորվեցնել. գիտութիւն, լեզու, նկարչութիւն, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէնէն վեր մէկ բան սորվեցնել` հայութիւն…»:

Աւարայրը ամրապնդեց հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական ոգին եւ այդ ամրապինդ ոգիին պահպանումն ու փոխանցումը մե՛ր ձեռքն է այսօր որպէս հաւաքականութիւն:

 

* Վարդանանցի նուիրուած ժողովրդային հանդիսութեան առիթով Թորոնթոյի մէջ 7 փետրուարին արտասանուած խօսք:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES